Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Մարտ 7, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Քանատա

Քանատայի Դեսպան Էնտրու Թըրնըր Այցելեց Մոնրէալի Եւ Լաւալի Հայ Կեդրոնները

Երկուշաբթի, 26 փետրուար 2024-ին Հայաստանի մէջ Քանատայի դեսպան Էնտրու Թըրնըր այցելեց Մոնրէալի եւ Լաւալի հայ կեդրոնները` մօտէն ծանօթանալու տասնամեակներէ ի վեր հիմնուած հայ կեդրոններուն եւ անոնց հովանիին ներքեւ գործող միութեանց համայնքային եւ համաքանատական գործունէութեանց: Նոյն ծիրին մէջ փետրուար 22-ին դեսպանը այցելած էր նաեւ Թորոնթոյի Հայ կեդրոն եւ հանդիպում ունեցած էր Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ:

Դեսպանը նախ առանձնաբար հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ, որուն աւելի ուշ միացան` ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պէլեանը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանը, Մոնրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Գաթարոյեանը, Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Սարօ Տէր Պետրոսեանը, ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Մոսիկ Արզումանեանը, ՀՄԸՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մանուէլ Քէօսէեանը, Համազգայինի Քանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Թամար Շահինեանը եւ տուեալ կառոյցներու անդամներ:

Դեսպանը այցելեց` Սուրբ Յակոբ եկեղեցի, «Հորիզոն»-ի խմբագրատուն, ուր ծանօթացաւ 45-ամեայ շաբաթաթերթի աշխատանքներուն, ՔԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ» երիտասարդականի հաւաքավայր, Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» գրադարան, ՀՄԸՄ «Կամք»-ի «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահ եւ տեղեկացաւ Հայ կեդրոնի յարկին տակ տարուող բազմաբնոյթ գործունէութեանց:

Ապա ան այցելեց Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարան, ուր իրազեկ դարձաւ վարժարանին մէջ դասաւանդութեան ոճին, տարուած արտադասարանային աշխատանքներուն եւ աշակերտներուն ստեղծագործական գործունէութեան:

Այս բոլորէն ետք ան ուղղուեցաւ Լաւալի Հայ կեդրոն, այցելեց Սուրբ Գէորգ եկեղեցի եւ ծանօթացաւ կեդրոնի հովանիին տակ գործող միութեանց տարած աշխատանքներուն:

Իրաք

ՀՀ Նախագահի Այցելութիւնը Իրաք

26 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Իրաք:

Նոյն օրը երեկոյեան նախագահը իր կեցութեան վայրի հիւրասրահին մէջ ընդունեց` իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը, հոգեւորականաց դասը, իրաքահայ թեմի Ազգային իշխանութիւնը, առաջնորդարանին առընթեր գործող յանձնախումբերու պատասխանատուները եւ հայ միութենական հաստատութիւններու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ` հայ կաթողիկէ համայնքի քահանայ հայրն ու ներկայացուցիչները:

Իր ողջոյնի խօսքէն ետք առաջնորդ սրբազանը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց իրաքահայ համայնքին պատմութիւնը, նաեւ համայնքի զաւակներուն անունով երախտագիտութիւն յայտնեց նախագահին` Իրաք պատմական այցելութեան համար, ապա, որպէս յուշանուէր, Իրաքի մշակոյթը խորհրդանշող արմաւենիի նմուշ մը յանձնեց անոր:

Իր հերթին, նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ իրաքահայ համայնքին, ապա անդրադարձաւ Հայաստանի իրավիճակին` պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն:

Նոր Ջուղա

 Արցախի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութեան Ղեկավար Արթուր Մոսիեանի Այցելութիւնը

Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով Հայաստանէն Իրան ժամանած Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան 19-20 փետրուարին այցելեց Նոր Ջուղա` տեղւոյն Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով:

Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Մոսիեան հանդիպումներ ունեցաւ Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի եւ Թեմական խորհուրդի անդամներուն հետ, որոնց ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան ընկերային-տնտեսական ներկայ կացութեան ու Հայաստանի մէջ անոնց իրաւական կարգավիճակին:

Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Արցախի հայութեան` կարեւորութեամբ ընդգծեցին առկայ ճգնաժամը յաղթահարելու նպատակին շուրջ համահայկական ամբողջ ներուժի համախմբումին անհրաժեշտութիւնը եւ խոստացան բոլոր կարելիութիւններով նեցուկ կանգնիլ արցախահայութեան:

Եգիպտոս

Ալեքսանտր Սարուխանի Դիմանկարներու Ցուցահանդէս

Եգիպտացի հայազգի երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի  ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, 25 փետրուարին Մանսուրայի համալսարանի համաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դիմանկարներու ցուցահանդէս` նուիրուած Սարուխանի: Ներկայ էին`  Մանսուրայի համալսարանի գեղարուեստի բաժանմունքի նախագահ դոկտ. Շերիֆ Շաթա, Գահիրէի հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ դոկտ. Ճորճ Նուպար, նաեւ հետազօտող, գրագէտ եւ եգիպտական երգիծանկարներու ժառանգութեան պահպանման հիմնադրամի հոգաբարձութեան խորհուրդի նախագահ Ապտալլա Ալ-Սաուի:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին աւելի քան 50 դիմանկարներու երգիծանկարներ, որոնք ցուցադրուած էին 1927 թուականին Սարուխանի առաջին ցուցահանդէսին, որ ներառած էր աւելի քան 100 դիմանկարներու երգիծանկարներ` 20-րդ դարու կէսերուն Աղեքսանդրիոյ մէջ ապրած անձնաւորութիւններու:

Դոկտ. Շերիֆ Շաթա ողջունեց ներկաները` բարձր գնահատելով Մանսուրայի համալսարանին տարած մեծ ջանքերը` տաղանդաւոր եւ վաստակաշատ ուսանողներուն տարբեր բնագաւառներու մէջ: Ան նաեւ ընդգծեց Սարուխանի ունեցած մեծ արժէքը` որպէս արդի դարաշրջանի եգիպտացի եւ արաբ նշանաւոր երգիծանկարիչներէն մէկը եւ գնահատեց վերջին հինգ տարիներուն Սարուխանի ընտանիքին տարած աշխատանքը` պահպանելու եգիպտական երգիծանկարչական ժառանգութիւնը եւ Սարուխանի գեղարուեստական ժառանգութիւնը: Իր ելոյթի աւարտին դոկտ. Շերիֆ Շաթա համալսարանի նախագահին անունով յարգեց հանգուցեալ արուեստագէտ Սարուխանի անունը Գահիրէի հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ հետազօտող հեղինակ Ապալլա Ալ-Սաուին` անոնց շնորհելով յիշատակի վահան:

Դոկտ. Ճորճ Նուպար իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Եգիպտոսի մէջ հայերու ներկայութեան պատմական արմատներուն` ընդգծելով Եգիպտոսի ցուցաբերած աջակցութիւնը եւ նեցուկը հայ ժողովուրդի նկատմամբ, որոնք Ցեղասպանութենէն ետք գաղթական էին եւ եկած էին Եգիպտոս, ուր արտօնուեցաւ հայութեան հիմնել  իրենց սեփական դպրոցները, եկեղեցիները եւ ակումբները:

Իր կարգին, Ապտալլա Ալ-Սաուի մատնանշեց, որ Եգիպտոսի առաջին քաղաքը, որ Սարուխան ճանչցաւ, Մանսուրա քաղաքն էր: Ան 1924 թուականին Վիեննայի  մէջ հանդիպեցաւ Մանսուրա ծնած Ապտլ Քատեր Ալ-Շաննաուիի,  որ պատճառ եղաւ Սարուխանի Եգիպտոս հաստատուելուն եւ իր  ամսագիրին մէջ երգիծանկարներ գծելուն:

Միացեալ Նահանգներ

Սումկայիթի Եւ Պաքուի Ջարդերը Դատապարտող Բողոքի Ցոյց

 Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հայ երիտասարդական միութեան «Անի» մասնաճիւղին, 25 փետրուարին Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` ի յիշատակ 1988-ին Ազրպէյճանի կողմէ Սումկայիթի, Կիրովապատի, Պաքուի եւ այլ շրջաններու մէջ  կազմակերպուած ջարդերուն:

Ցուցարարները անդրադարձան անցեալ տարի Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան` նշելով, որ այս բոլոր իրադարձութիւնները Ազրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուող հակահայ քաղաքականութեան դրսեւորումներ են: Անոնք կոչ ուղղեցին համայնքի բոլոր ներկայացուցիչներուն` քայլեր առնելու եւ աջակցելու Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակին կողմէ քաջալերուող` ի նպաստ Արցախի եւ Հայաստանի որոշումներուն:

Ելոյթ ունեցողներուն շարքին էր ՀԵԴ-ի  «Անի» ուխտի անդամներէն Յովսէփ Սէֆէրեան, որ ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ Պաքուի ջարդերէն վերապրած իր ընտանիքի անդամներուն ահաւոր փորձառութիւնները:

«Արարատ–Էսքիճեան» Թանգարանը Սկսած Է Վահագն Տատրեանի Արխիւներու Թուայնացման

Վերջերս «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարան-հետազօտական կեդրոնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան հետազօտման կեդրոնը միասնաբար նախաձեռնեցին թուայնացնել փրոֆ. Վահագն Տատրեանի արխիւը:

Փրոֆ. Վահագն Տատրեան (1926-2019) եղած է Հայոց ցեղասպանութեան աշխարհահռչակ ուսումնասիրող, որ միաժամանակ ցեղասպանութեան հետազօտութիւնը բարձրացուցած է ակադեմական մակարդակի: Ան իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին շատ հարուստ արխիւային նիւթեր հաւաքած է: Անոր արխիւները կը ներառեն բազմահազար էջեր` ամերիկեան, բրիտանական, գերմանական, ֆրանսական, հայկական եւ օսմանեան արխիւներէն,  ինչպէս նաեւ` ցարդ անտիպ նիւթեր եւ զանազան լեզուներով մամլոյ հրատարակութիւններ: Իր մահէն առաջ ան այս արխիւը փոխանցած է «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին,  իսկ անոր գիրքերու մեծ հաւաքածոն այժմ կը գտնուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Էտուըրտ Տոհըն Կրտսերի անունը կրող գրադարանին մէջ:

2009 թուականին Տատրեանի արխիւը Պոսթընէն փոխադրելու երկարատեւ աշխատանքներէն ետք, «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանը նախաձեռնեց զանոնք թուայնացնելու աշխատանքին` զանոնք մասնագէտներու հասանելի դարձնելու համար: Արխիւներու փոխադրութեան եւ նախնական թուայնացման աշխատանքները կազմակերպեց եւ իրականացուց թանգարանի տնօրէն Մակի Գոշին Մանկասարեան, իսկ հետազօտողներուն դիւրութիւն ընծայելու նպատակով թուայնացուած նիւթերը բանալի բառերով փնտռելու համակարգի աշխատանքին մասնակից դարձաւ Քլարք համալսարանէն դոկտ. Աննա Ալեքսանեան, իսկ ծրագիրը ղեկավարեց փրոֆ. Թաներ Աքչամ: Կը նախատեսուի աշխատանքը աւարտել դեկտեմբեր 2025-ին, որմէ ետք արխիւը կը տրամադրուի համացանցով:

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Չարենց Կեղծանունի Ծագումը

Յաջորդը

Եւրոպահայութեան Քաղաքական Զօրաշարժը` Յանուն Արցախի Իրաւունքների

RelatedPosts

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?