«Մենք պիտի պաշտպանենք մեր քաղաքացին. հիմա մեր հիւպատոսը Քամիլ Զէյնալլիի կողքին է»: Այս մասին ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն ըսած է Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլուն` մեկնաբանելով Հայաստանի դիմումին հիմամբ ազրպէյճանցի յայտնի ֆիզիքական պատրաստութեան մարզիչ Քամիլ Զէյնալլիի Մոսկուայի մէջ ձերբակալման մասին տեղեկութիւնը:
Ազրպէյճանի դեսպանին համաձայն, Զէյնալլին ձերբակալուած է ԱՊՀ-ի միջպետական համաձայնագիրի ծիրին մէջ Հայաստանի դիմումին հիման վրայ: Անոր մեղադրանք առաջադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի քանի մը յօդուածներով:
«Դեսպանութիւնը արդէն կը զբաղի անոր հարցով: Այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին Մոսկուայի Տոմոտետովոյի շրջանի դատախազը պիտի որոշէ` գործը ուղարկել դատարան, թէ ոչ: Ամենայն հաւանականութեամբ, գործը պիտի ուղարկուի դատարան, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ զայն անմիջապէս պիտի նստեցնեն օդանաւ եւ ուղարկեն Հայաստան: Ասիկա երկար հոլովոյթ է», ըսած է Պիւլպիւլօղլու:
Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, Զէյնալլին 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ Արցախի մէջ «Ալլա Աքպար» բացագանչելով դանակով կտրած է հայ ծերունիի մը կոկորդը:
«Իտէյլի» կայքը կը հաղորդէ, որ Զէյնալլին «Ինսթակրամ»-ի մէջ հրապարակած է տեսանիւթ` պատմելով, որ Պաքու վերադառնալու ատեն` Մոսկուայի «Տոմոտետովօ» օդակայանին մէջ ոստիկանները զինք բերման ենթարկած են եւ տարած ոստիկանական բաժանմունք:
«Ըսին, որ Հայաստանը իմ նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարած է», ըսած է ազրպէյճանցին` աւելցնելով, որ մէկ օր ետք պիտի կանգնի դատարանի առջեւ:
Անոր համաձայն, ինք հետախուզման մէջ էր անցեալ տարուան մայիսէն:
Ազրպէյճանցին աջակցութիւն խնդրած է իր երկրի պետական կառոյցներէն:
Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ Ազրպէյճանի քաղաքացի Քամիլ Զէյնալլիի նկատմամբ սպանութեան մեղադրանքով յայտարարուած միջպետական հետախուզում կայ:


