Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրները կը շարունակեն կեդրոնացած մնալ Հայաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման վրայ, Երեւանը կը մնայ դաշնակից եւ կը շարունակէ աշխատիլ կազմակերպութեան մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթովի «Ինթըրնեշընըլ ԸՖերզ» ամսագիրին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ:
«Կազմակերպութիւնը պատրաստ էր խաղաղապահ առաքելութիւն ուղարկելու` վերահսկելու հայ-ազրպէյճանական սահմանին կացութիւնը, սակայն այս աշխատանքի վերջին մասին Երեւանը խնդրեց օրակարգէն վերցնել համապատասխան փաստաթուղթը` Պաքուի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման առնչուած:
«Նոյն ատեն, Հայաստանի կազմակերպութեան մէջ աշխատանքը կը շարունակուի, Երեւանի` ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ բազմակողմ հաղորդակցութիւնները կ՛ընթանան աշխատանքային դրութեամբ: Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ դաշնակից:
«ՀԱՊԿ-ի երկիրները իրենց կարգին կեդրոնացած կը մնան Հայաստանի Հանրապետութեան հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման վրայ», նշած է Թասմաղամպեթով:


