Պատերազմէն ետք Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան պատմական կարելիութիւն ստեղծուած է: ԱՓԱ լրատու գործակալութեան թղթակիցը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Հարաւային Կովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի ընդհանուր վարչութեան ղեկավար Մեհմեթ Սամսարը` Եւրասիական տնտեսական 27-րդ վեհաժողովին ընթացքին արտասանած խօսքին ընթացքին:
Ան նշած է, որ այս կարելիութենէն օգտուիլը մեր շրջանին համար նոր դարաշրջանի սկիզբ պիտի ըլլայ:
«Այս ծիրին մէջ մենք կ՛ակնկալենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուտափոյթ ստորագրում: Մենք կը կարծենք, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի աւարտով ոչ մէկ խոչընդոտ պիտի ըլլայ մեր երկրի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար», ընդգծած է ան:


