Ռուսիան չի կրնար անտեսել Հայաստանի` Միջազգային քրէական դատարանի կանոնադրութեան միանալը, ուստի այս հարցին շուրջ երկկողմանի բանակցութիւններ պէտք է ըլլան: Ռուսական «Լայֆ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` պատասխանելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Երեւան հաւանական այցելութեան մասին հարցումին:
«Հայաստանի միջազգային այս կանոնադրութեան միանալու առնչուած նոր իրողութիւնը, ի հարկէ, չի կրնար բացասաբար չանդրադառնալ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ: Ի հարկէ, շատ կարեւոր է հայ գործընկերներէն ստանալ որոշակի հաւաստումներ, այս հարցը տակաւին պէտք է լուծուի երկկողմանի երկխօսութեան ծիրին մէջ: Մենք վճռական ենք ատիկա ընելու», բացատրած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան 1 փետրուար 2024-ին պաշտօնապէս դարձած է Միջազգային քրէական դատարանի անդամ: Դատարանը մարտ 2023-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէմ ձերբակալման գիր հրատարակած էր:


