Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուն Կը Հեռացնէ Վկաները, Կարգը Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին Է

Փետրուար 7, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտարարած են Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Ստեփանակերտի առաքելութեան փակման մասին: Այս մասին հաղորդեց «Նիուզ»-ը:

Մանրամասն ու յստակ պատուիրուած յօդուածի մէջ մանրամասն նկարագրուած են բոլոր մեղադրանքները, թէ՛ Ստեփանակերտի առաքելութեան, թէ՛ ամբողջ կազմակերպութեան հասցէին:

Կը պարզուի, թէ «Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գործունէութիւնը միշտ ալ որոշակի կասկածներ եւ հարցեր յառաջացուցած է», եւ «Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ Հայաստանի անպատասխանատու եւ ոչ թափանցիկ գործունէութեան պատճառով ղարաբաղեան տագնապին ժամանակ գերեվարուած ու պատանդ վերցուած շուրջ 4000 ազրպէյճանցիներու ճակատագիրը տակաւին անյայտ է»:

Աւելի՛ն, «Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն այն կազմակերպութիւններէն էր, որ այս ամբողջ ընթացքին հաշուի չառաւ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը եւ, ոտնահարելով մեր երկրի գերիշխանութիւնը, գաղտնաբար համագործակցեցաւ Ղարաբաղի անջատողականներուն հետ»: Հակառակ ազրպէյճանական կողմի յամառ պահանջներուն, «գաղտնիութեան» պատրուակով, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն Ազրպէյճանին չէ ծանօթացուցած Ստեփանակերտի մէջ առաքելութիւն բանալու համաձայնագիրի բնագիրին, որովհետեւ «ինքնավստահ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն, առաջնորդուելով «մենք անկախ, անաչառ, չէզոք կազմակերպութիւն ենք» թեզով, խուսափած է Ազրպէյճանի այս օրինական պահանջին կատարումէն»:

«Իրականութեան մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) երբեք չի կրնար անկախ կազմակերպութիւն ըլլալ: ԿԽՄԿ-ն զուիցերիական ոչ կառավարական կազմակերպութիւն է», կը կարծեն յօդուածի հեղինակներն ու պատուիրատուները` աւելցնելով, որ «այն փաստը, որ սեպտեմբերեան գործողութիւններէն ետք ԿԽՄԿ-ն գրասենեակ պահած է Խանքենդիի (Ստեփանակերտ, «Ա.») մէջ կը վկայէ անոր չարամտութեան մասին, որ այդ կազմակերպութիւնը դարձած է Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական խորհրդարանի եւ ԵԽԽՎ-ի հակաազրպէյճանական քաղաքականութեան կատարողը:

«ԿԽՄԿ-ին յանձնարարուած է չփակել գրասենեակը, եւ ըսած են, որ անջատողականները պիտի վերադառնան Ղարաբաղ եւ դարձեալ պիտի զբաղին անօրինական գործունէութեամբ, եւ նման պայմաններու մէջ ԿԽՄԿ-ն պիտի շարունակէ «աշխատիլ», ինչպէս աշխատած է մինչեւ 2023 թուականը: Ներկայիս Խանքենդիի (Ստեփանակերտ, «Ա.») գրասենեակը Ղարաբաղի մէջ կը խաղայ Արեւմուտքի «աչքի եւ ականջի» դերը»:

Յօդուածի հեղինակները կու գան այն եզրակացութեան, որ «Ազրպէյճանի Կարմիր մահիկի ընկերութիւնը կրնայ ամբողջութեամբ վերացնել ԿԽՄԿ-ի Խանքենդիի գրասենեակի անհրաժեշտութիւնը: Եկած է Խանքենդիի ԿԽՄԿ-ի գրասենեակը փակելու ժամանակը: ԿԽՄԿ-ի Խանքենդիի գրասենեակը Ազրպէյճանի գերիշխանութեան նկատմամբ անարգալից վերաբերմունքի մաս է»:

Նախորդը

Պաքուի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Անդրադարձած Է Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դէտերու Հասցէին Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներու Մեղադրանքներուն

Յաջորդը

Իրանի Դեսպան. «Իրանը Իր Վարքագիծով Ու Ռազմաքաղաքական Քայլերով Ցոյց Տուած Է, Որ Սահմաններու Փոփոխութիւններ Պիտի Չհանդուրժէ»

RelatedPosts

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?