ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Դաշնակցութեան շունչն էր, որ յեղաշրջեց հայ գրականութիւնը, մաքրեց մեր ոճն ու լեզուն, բովանդակութիւն եւ պայծառութիւն մտցուց մեր գիրերուն եւ գիրքերուն մէջ: Դաշնակցութիւնը նոր ակօսներ բացաւ հայ մշակոյթին համար:
ՀԱՅԿ ՊԱԼԵԱՆ
Հարցադրում մը ինքնին, սապէս, ուղղուած բոլոր անոնց, որոնք տիւ եւ գիշեր կը ճգնին մեղադրանքներու տարափով ներկայանալ հայ իրականութեան, արժէ գիտնալ անոնց վերաբերումը կամ հակազդեցութիւնը` երբ դէմ յանդիման կը գտնուին նոյնանման տժգոյն մօտեցումներու: Փաստօրէն, եթէ երբեք իրենք ունենային ծառայական նման կենսագրութիւն, արդեօք պիտի ընդունէի՞ն այլոց մեղադրանք-բարբաջանքները, աժան վերագրումները, սին խօսքերն ու ապաշնորհ մօտեցումները:
Բարեբախտութիւն է, որ վաղուց անտի դաշնակցական իրերայաջորդ մարմիններ որոշում են կայացուցեր չներքաշուիլ որոգայթներու, սադրանքներու, որոնք կրնան վնասել նոյնինքն կուսակցութեան վարկն ու հեղինակութիւնը` հակաճառելով կամ պատասխանելով զրպարտութիւններու թէ մեղադրանքներու:
Խօսքը կը վերաբերի, այսպէս ըսած, «բազմագոյն» ընդդիմադիրներու, հակառակորդ անհատներու, որոնք առիթ չեն փախցներ լուտանքներու, լպիրշ մտածումներու եւ տխեղծ խօսքերու տարափ տեղացնել այս կամ այն դաշնակցական անհատին թէ գրողին հասցէին:
Ի դէպ, հետաքրքրական երեւոյթը այն է, որ նման անհատներու գոյութիւնը կը զուգադիպի Հայաստանի իշխանութեան գլուխին անցած մարդոց, որոնք վերջին տարիներուն «լաւագոյնս» ապացուցեցին իրենց քաղաքական մտքին տարողութիւնը, պետականութիւն կառուցելու «ունակութիւնը», ազգ ղեկավարելու «յանձնառութիւնը», հայրենիք ու ազգային արժանապատուութիւն պահպանելու «գիտակցութիւնը» եւ այլն:
Միւս կողմէ հարկ է ընդունիլ, ընդգծել, որ ներկայ հայրենի իշխանութիւնը ընտրուած է հայրենի ժողովուրդին կողմէ եւ ցարդ «կը վայելէ» անոր աջակցութիւնը: Ճիշդ է նաեւ այն, որ հայրենիքի երկնակամարին տակ առկայ է քաղաքական ու ժողովրդական ընդդիմութիւն, որ իր կարգին կը փորձէ ստեղծուած անել գոյավիճակին լուծում մը ապահովել:
ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ ամէն պարսաւանք, խորքին մէջ ցուցանիշ է երկու հիմնական երեւոյթի. մէկ կողմէ կոյր ատելութիւն եւ միւս կողմէ` խելագար թշնամանք: Ա՛լ չենք խօսիր այն ահռելի կացութեան մասին, որ կը վերաբերի Արցախի կորուստին եւ հայութեան իր օրրանէն բռնագաղթի:
Ընդունուած է ըսել, որ քննական միտքը, մտածողութիւնը, ինչպէս անցեալին, նաեւ մեր օրերուն, յառաջադէմ ազգերու, պետութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ տարբեր կառոյցներու զարգացման ու ինքնաբարեկարգման ամէնէն ապահով ու լաւագոյն արժեչափն է, այսինքն` արժեհամակարգը, որով կարելի է յաղթահարել ամէն դժուարութիւն, տգիտութիւն, խոտոր վարքագիծ, տհասութիւն:
Գաղտնի՞ք մը յայտնած կ՛ըլլանք, որ աշխարհով մէկ ստեղծուած, տարածուած ու գիտական նուաճումներ արձանագրած հետազօտական կեդրոններ ծառայած են, կը ծառայեն տուեալ ազգի, պետութեան ու ժողովուրդի առաւել յառաջդիմութեան, հզօրացման ու գիտական նուաճումներու կենսագործման:
Այլ խօսքով, որքա՜ն ուրախ եւ շնորհակալ պիտի ըլլային բոլոր անոնք, որոնք թիրախ են ու «կ՛արժանանան» այս կամ այն անհատի քննադատութեան, երբ այդ մօտեցումը ըլլար շինիչ, առարկայական, հոգեփոխիչ, շատ անգամ ցնցող, հարցերը էապէս վերլուծելու ընդունակ, աւելի լաւին ձգտելու գոհունակութեամբ լիացած, մեծ դէմքերն ու պատմակշիռ դէպքերը խորազնին քննութեան ենթարկելու համարձակ կեցուածքով օժտուած, վաւերական, խոհուն եւ այլընտրանքային ճանապարհներ ցոյց տալու պատրաստակամութեամբ յագեցած:
Փաստօրէն, այսօր, հայ իրականութիւնը ականատես է վերոնշեալ մտածումին հակոտնեայ պատկերին, որ աւերներ կը գործէ, կ՛անդամալուծէ` առիթ տալով ազգի թշնամիներուն օգտուելու նման ողբերգական վիճակէ ու անխոհեմ վարքագիծերէ:
Այլապէս ալ, մենք` «թիրախաւորեալներս», որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլայինք, երբ տեսնէինք, որ, փոխանակ դաշնակցական հրապարակագրութիւնը հարուածելու, մեր ընդդիմադիրները խորապէս ուսումնասիրէին թրքութեան առօրեան, քաղաքական թէ զինուորական կացութիւնը եւ մեզ լուսաւորէին իրենց վերլուծութեամբ:
Կարծես, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 133 տարիներու կենսափորձը սոսկ մէկ էջի վրայ արձանագրուած պատում մը ըլլար, անցողակի ու մոռացութեան տրուած հեքիաթային աշխարհ մը, որով «անտեղի» կը հպարտանանք մենք ու «կը նեղանան» թշնամիները: