Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՊԱՍԵԼՈՎ ՓԻԼԱՒԸ ԵՓՈՂ ԿՐԱԿԻՆ

April 6, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան առաջարկեց ստեղծել ծերակոյտ մը, որուն մաս պիտի կազմեն նաեւ սփիւռքահայեր: Գաղափարին նկատմամբ առայժմ կ՛արտայայտուին ընդհանրական տեսակէտներ, որոնց շուրջ բնականաբար գոյութիւն ունի համախոհութեան մթնոլորտ մը, սակայն, ինչպէս անգլերէն ասացուածքը կը նշէ` «Սատանան մանրամասնութիւններուն մէջ է»:

Հայաստանի մէջ խորհրդարանական երկպալատ դրութեան հաստատման ողջունելի գաղափարը այդ առումով բազմաթիւ հարցականներ կը ստեղծէ. օրինակ` սփիւռքահայ ծերակուտականները Հայաստանի քաղաքացինե՞ր պէտք է ըլլան, ի՞նչ պէտք է ըլլան անոնց լիազօրութիւնները, ո՞վ պիտի ճշդէ զանոնք, ծերակուտականները ընտրովի՞ պիտի ըլլան, թէ՞ նշանակովի, ի՞նչ են այն երաշխիքները, թէ Թուրքիոյ մէջ ընտրուած ծերակուտականները իրենց համայնքի անկաշկանդ ու անկեղծ կեցուածքներու արտայայտի՞չը պիտի ըլլան, թէ՞ թրքական իշխանութեանց խօսափողն ու կամակատարը:

Առայժմ այդ առաջարկը կը մնայ խօսքի սահմաններուն մէջ, սակայն ծանօթ է, որ «խօսքով փիլաւ չ՛եփիր»: Աւելի՛ն. փիլաւը խօսքով եփելու փորձն իսկ վտանգուած կը թուի ըլլալ: Հայաստանի մէջ մայիս 2012-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ազդանշանը կը թուի տրուած ըլլալ: Այդ ընտրութիւններէն ետք Հայաստան պիտի նախապատրաստուի նաեւ փետրուար 2013-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան: Տիրող եռամեայ ընտրական մթնոլորտին մէջ իշխանութիւններն ու ընդդիմութիւնը բնականաբար «կողմնակի» նիւթերով պիտի չզբաղին, եւ երկպալատ դրութեան հաստատման օրակարգը, որուն շուրջ գործնական նպատակներ հետապնդող լուրջ քննարկումները արդէն իսկ կը թուին չգոյութենէ տառապիլ, պիտի առկախուի: Կը մնայ տեսնել, թէ փետրուար 2013-էն ետք այդ փիլաւը խօսքով եփել փորձելը պիտի շարունակուի՞, թէ՞ փիլաւը ի վերջոյ բոցավառ կրակի վրայ պիտի դրուի:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Նախորդը

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐՈՎ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ Կ’ՈՒԶԷ ՎԵՐԱՆՈՒԱՃԵԼ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.