Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐԸ

April 6, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Խորհուրդ խորին…»

«Հայ եկեղեցական շարական»-ի դասապահն էր, երբ յոտնկայս, շարակնոցին շուրջ զինուորներու պէս շարուած, կ՛երգէինք մեր հնամեայ շարականները: Այնքա՜ն կ՛երգէի այդ շարականները, ինչո՞ւ ստեմ, այլեւս պարզ հայկական երգի պէս կը հնչէին: Երբ կանգ առինք, սրբազան ուսուցիչը հանդարտ եւ զգացական ձայնով մը ըսաւ.«Մեր հայ եկեղեցւոյ շարականները հրեշտակային ծնունդ են…»:

Պահ մը այս խօսքին մասին մտածելէ ետք խոստովանիմ, որ չհաւատացի, ըսելով. «Ամէն մարդ իր ունեցածը կը գովէ»:

Բայց այդ խօսքերը չհեռացան մտքէս…Ու միշտ կը մտածէի այդ մասին:

Քանի մը շաբաթներ անց Անթլիասի մայր տաճարին մէջ միջեկեղեցական ներկայացում ունէինք, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր եկեղեցի իր շարականներով աղօթք պիտի բարձրացնէր մեր եկեղեցւոյ սրբատաշ սիւներուն տակ: Արաբական եկեղեցիներու երգչախումբերէն ետք, կարգը հասաւ մեզի: Ուրախ եւ հպարտ կը զգայի, քանի որ օտարներ պիտի լսէին մեր հայկական շարականները: Շունչ մը քաշելէ ետք, ձգեցինք մեր ձայնները մեղմութեամբ` թռիչք ու ազատութիւն տալով հայկական շարականներուն, իրենց սրբազան տան մէջ: Մթնոլորտը փոխուեցաւ: Ներկաներուն (որոնց մեծ մասը տեղացի էր) հայեացքը խորհրդաւորութիւն եւ երկիւղ արտայայտել սկսաւ, կարծէք պիտի ջրոտէին: Շատ զգալի էր խորհրդաւորութեան ստեղծումը: Ու շուտով նետարձակի մը արագութեամբ յիշեցի ուսուցիչիս հանդարտ խօսքերը, երբ ըսաւ. «Մեր հայ եկեղեցւոյ Շարականները հրեշտակային ծնունդ են…»: Այո՛, հիմա հաւատացի այդ խօսքերուն, եւ հրճուանք մը ծնաւ սրտիս մէջ: Այդ վարկեանին ուզեցի կրկին անգամ երգել, ապրիլ այդ խորհրդաւորութիւնը, հպարտանալ…

Կ՛ուզէի խոնարհելով համբուրել այն ձեռքերը, որոնք ականջ տուած հրեշտակներու ձայնին` գրի առած էին կանթեղի լոյսին տակ: Այո՛, հոն կը տեսնեմ կանթեղի լոյսը, որ թէեւ մեղմ ու խղճալի կրակով կը տարածէ իր լոյսը, բայց կը նուաճէ ծանօթ թէ անծանօթ աչքերը եւ կը խոնարհեցնէ հպարտ թէ համեստ հոգիները:

Շրթներուս վրայ կը զգամ աստուածապարգեւ լեզուն ու մեղեդիները, որոնք հոգւոյս թեթեւութիւն մը կու տան: Որքա՜ն քաղցր կը հնչէին, ինչպէս` աղբիւրի ջուրին ձայնը, որ ունկնդրողին կը թուի, թէ զեփիւռ մը փչած է լեռներէն, իրեն հետ գրկած` բիւրաւոր ծաղիկներու բուրմունքներ: Աղբիւրը, եթէ կը փնտռէք, այդ անյաղթ լեռներուն վրայ գտնուող վանքերն են, որ երկինքէն հոսող զուլալ ջուրը մատակարարեցին:

Այդ շարականները որքա՜ն քարքարոտ ճամբաներէ, ալեկոծ ծովերէ ու անմագլցելի լեռներէ անցած են, չարչարանքներ ու տառապանքներ կրած են, բայց պահած` իրենց զօրութիւնն ու ինքնութիւնը: Արդեօք տակաւին ունի՞ ն իրենց դիմաց այդպիսի ճամբաններ…

«Երկինք եւ երկիր հանապազ ըզքեզ գովեն, Թագաւոր փառաց, սերովբէք եւ քերովբէք ի խոնարհ ունելով ըզդէմս իւրեանց. եւ միաձայն բարբառովն աղաղակեն եւ ասեն. սուրբ, սուրբ, սուրբ Տէր զօրութեանց»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍՐԿ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

Նախորդը

ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

Յաջորդը

ՍՊԱՍԵԼՈՎ ՓԻԼԱՒԸ ԵՓՈՂ ԿՐԱԿԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.