Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր` յոյս յայտնելով, որ կողմերը կը ստորագրեն կայուն խաղաղութեան համաձայնագիր, որ պիտի ճանչնայ մէկզմէկու գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:
«Եւ որքան շուտ, այնքան լաւ», ըսած է Միլլըր` շեշտելով, որ կողմերը անցեալ տարուան ընթացքին զգալի յառաջընթաց արձանագրած են:
Ուաշինկթըն Երեւանին ու Պաքուին կոչ ուղղած է պահպանելու այդ թափն ու, հիմնուելով նախորդ բանակցութիւններուն վրայ, համաձայնագիր կնքել:
«Մենք կ՛աջակցինք երկու երկիրներու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Յոյսով ենք, որ անոնք պիտի ստորագրեն կայուն խաղաղութեան համաձայնագիր, որ պիտի ճանչնայ նման գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, որքան շուտ, այնքան լաւ:
«Մենք կը խրախուսենք զանոնք պահպանելու թափը` հիմնուելով նախորդ բանակցութիւններուն վրայ եւ համաձայնագիր կնքել», ըսած է Միլլըր:


