Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունուար 17, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՀՅԴ «Արտակ Իշխանեան» Պատանեկան Միութիւն` Ֆրանսայի Մէջ

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական, ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական (Ֆրանսա) եւ ՀՅԴ Ֆրանսայի պատանեկան միութիւնները յայտարարութեամբ մը տեղեկացուցին, որ Փարիզի Իսի Լէ Մուլինօ շրջանին մէջ կազմուած է ՀՅԴ «Արտակ Իշխանեան» պատանեկան միութիւնը:

Նահատակ Արտակ Իշխանեան անդամ էր ՀՅԴ ԱԵՄ-ին, ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութեան:

Արտակ Իշխանեան նահատակուեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին` 31 հոկտեմբեր 2020-ին, Արցախի Մարտունի քաղաքի մօտակայքը: Յետմահու պարգեւատրուեցաւ Մարտական խաչ 2-րդ աստիճանի շքանշանով:

Արտակ Իշխանեանին մարմինը ամփոփուած է Եռաբլուրի զինուորական պանթէոնին մէջ: Ամուսնացած է, ունի մէկ որդի:

Ան իր ծննդավայր Աշան գիւղին մէջ դպրոցական տարիքէն եղած է ՀՅԴ պատանեկան շարքերուն մէջ գործունեայ անդամ:

Դաւիթ Իշխանեան իր եղբօրորդի Արտակին մասին կը վկայէ. «Ես կ՛ուրախանամ` տեսնելով, որ մեր զաւակները մեր գործը շարունակողն են: Հաւանաբար քիչ մը զգացական ստացուի, բայց ընդհանրութեան մէջ ճանապարհը, որ մենք որդեգրած ենք, շատ երկար ու դժուարին պիտի ըլլայ, եւ այս պէտք է գիտակցի իւրաքանչիւրը:

«Երբ որ խօսինք ծիներու մասին, կը տեսնենք Արտակի որդի Ռուբէնը, մեր միւս նահատակներուն զաւակները, որոնք մեր շարքերուն մաս կը կազմեն` իրենց արժանի ծնողները փոխարինելու»:

Արցախէն Տեղահանուածներուն Պէտք Է Ապահով Եւ Արժանապատիւ Վերադարձի Կարելիութիւն Տրուի. Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնակատար

Եւրոպական խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միյատովիչ, իր դիտարկումները հրապարակելով` 16-23 հոկտեմբեր 2023-ին Հայաստան եւ Ազրպէյճան, ներառեալ Արցախ կատարած իր այցելութիւններէն ետք, յայտարարութեան մը միջոցաւ յայտնեց, որ Արցախէն տեղահանուածներուն պէտք է կարելիութիւն տրուի ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի:

«Մինչ կարելի վերադարձը` պէտք է անյապաղ ուղիներ գտնել, որոնց կարգին` ապահովական երաշխիքներ հաստատելով, որպէսզի ղարաբաղցի հայերը ժամանակաւորապէս մուտք գործեն իրենց տուները կամ սովորական բնակութեան վայրերը եւ այցելեն գերեզմաններ, ուր թաղուած են իրենց հարազատները: Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է` ապահովել, որ ղարաբաղցի հայերուն ձգած ունեցուածքը պաշտպանուած ըլլայ գողութենէն կամ տիրանալէն: Այն սակաւաթիւ բնիկ հայերը, որոնք մնացած են Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ, նոյնպէս պէտք է օգտուին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութենէն, նաեւ պէտք է ապահովուի ապահովելով անոնց ազատ տեղաշարժը», յայտարարեց Միյատովիչ:

Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ բոլոր տեղահանուածները, որոնք կ՛ուզեն վերադառնալ, կարենան կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնալ:

«Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրները պէտք է կեդրոնանան նիւթական աջակցութեան վրայ` ապահովելու համար, որ տեղահանուած անձերը եւ զանոնք ընդունող բնակչութեան մարդասիրական կարիքները բոլորովին բաւարարուին: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է իրենց խաղաղ բանակցութիւններուն ընթացքին կեդրոնանան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ եւ հաստատեն մարդու իրաւունքներու ուժեղ երաշխիքներ` հակամարտութենէն տուժած բոլոր անձերուն համար», ըսաւ Միյատովիչ` աւելցնելով. «Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտման եւ հակամարտութեան գծով մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներու մասին բոլոր մեղադրանքները պէտք է արդիւնաւէտ եւ անյապաղ հետաքննուին, յանցաւորները պատասխանատուութեան ենթարկուին եւ արդար, անկախ ու անաչառ դատավարութիւններէ ետք յանցաւոր ճանչցուին, դատապարտուին եւ պատժուին»:

Միյատովիչի դիտարկումներուն մէջ արծարծուած մարդու իրաւունքներու այլ հարցերը կը ներառեն մարդիկ ականներէ պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը, բանտարկուած անձերուն վիճակը, ներառեալ` անոնց կալանքի պայմանները եւ իրենց ընտանիքներուն հետ կապ հաստատելու մակարդակը, տարածաշրջանին մէջ անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրներուն յստակացումը եւ անոնց ընտանիքներուն պատասխաններ տալու կարեւորութիւնը:

Միյատովիչ երկու երկիրներու իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` պայքարելու ատելութեան խօսքին դէմ եւ խթանելու փոխըմբռնումն ու վստահութիւնը:

Մարտակերտի Մէջ Խաչքար Մը Անհետացած Է

Ըստ Արցախի Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութեան հաղորդած տեղեկութեան, Ազրպէյճան պատերազմ կը մղէ հայկական խաչքարերու դէմ` այս անգամ քանդելով Մարտակերտի մէջ գտնուող խաչքար մը:

«Արցախի մէջ իրականացուած ցեղասպանական գործողութիւններէ, ցեղային զտումներէ, տարածքը բնիկ հայերէն մաքրելէ ետք, Ազրպէյճան պատերազմ յայտարարած է հայկական արժէքներուն դէմ: Ազրպէյճանցիները այս անգամ քանդած են Մարտակերտ քաղաքի «Դանիէլ Վարուժան» փողոցին վրայ գտնուող Յարութ Բաբայեանի եւ Գարիկ Մնացականեանի յիշատակը յաւերժացնող խաչքար-յուշաղբիւրը», նշուած է Արցախի Պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:

«Սերգէյ Փարաջանով. Չընդհատուած Թռիչք»-ի Ցուցադրութիւն Եւ Արուեստագէտին Նուիրուած Արձան

Նշելու համար Սերգէյ Փարաջանովի 100-ամեակը, Երեւանի քոնեաքի գործարանի «Արարատ» թանգարանը իր ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ բացումը կատարեց «Սերգէյ Փարաջանով. չընդհատուած թռիչք» ցուցադրութեան, որ կը ներկայացնէ մեծն վարպետ Փարաջանովի ընկեր, աշակերտ, լուսանկարիչ Եուրի Մեչիտովի լուսանկարները, որոնց կարգին` յայտնի «Թռիչք» լուսանկարը:

Վարպետին կեանքին եւ ստեղծագործութիւններու ընկալման առումով,  այս լուսանկարը առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ եւ ունի ստեղծման հետաքրքրական պատմութիւն: Լուսանկարը ստեղծագործուած է 15 մայիս 1981-ին եւ կը ներկայացնէ ո՛չ միայն Փարաջանովի դիմագծային կերպարը, այլ նաեւ` անոր ստեղծագործական միտքը, որովհետեւ Եուրի Մեչիտովի կողմէ առնուած լուսանկարին ստեղծագործ հեղինակը հանդիսացած է նոյնինքն Փարաջանովը:

«Դժուար, գրեթէ անհնար է Մեծն Փարաջանովի փառաւոր ժառանգութիւնը համակողմանի վերլուծելը: Անոր ստեղծագործական աշխարհին հետ յարաբերելու առաջին իսկ փորձառութիւնը կը վերափոխէ պատկերային ընկալումներու մեր հայեացքները եւ կը վերածուի մտագրաւ առեղծուածի մը: Կեանքի վառ պահերու, առատաձեռնութեան եւ վարպետութեան մարգարէ Փարաջանովի ողջ կեանքը գեղեցիկի ու ներդաշնակի որոնման անկեղծ փորձ է, որուն քանի մը դրուագները տեղ գրաւած են այս ցուցադրութեան մէջ: Ուրախ ենք, որ «Արարատ» թանգարանի տասնեակ հազարաւոր այցելուներ թէ՛ Հայաստանէն, թէ՛ արտերկրէն յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն պիտի կարողանան բացայայտել վարպետութեան, առատաձեռնութեան, ստեղծագործական մտքի եւ նուիրուածութեան նոր եզրեր», յայտնեց Երեւանի քոնեաքի գործարանի հասարակութեան հետ կապերու ղեկավար Զարուհի Սարիբէկեանը:

Նշենք, որ ցուցադրութեան անդրանիկ ներկայացումը կայացաւ 2023 թուականի յուլիսին եւ հանդիսացաւ Rambalkoshe ժամանակակից արուեստի թանգարանի museum նախագիծի մաս:

«Սերգէյ Փարաջանով. չընդհատուած թռիչք» ցուցադրութիւնը պիտի գործէ մինչեւ 1 մայիս 2024:

Բեմադրիչ, բեմագիր Սերգէյ Փարաջանովի 100-ամեակի ծիրին մէջ նաեւ մեկնարկեց անոր նուիրուած ձեռնարկներու շարքը: Հանրութեան ներկայացուեցաւ Փարաջանովի արձանը, որ յառաջիկային իր տեղը պիտի գտնէ Կինոյի տան յարակից հրապարակին մէջ եւ պիտի կրէ «Նռան գոյնը» անուանումը:

Քանդակագործ Արա Ալեքեանի հեղինակած գործը ներկայացնելու` Հայաստանի Շարժանկարիչներու միութեան նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան ընդգծեց, որ արձանի գաղափարը երջանկայիշատակ Զաւէն Սարգսեանինն էր: «Ան տարիներ շարունակ կ՛երազէր, որ քաղաքի որեւէ հատուածի մէջ կանգնեցուի Փարաջանովին արձանը», ըսաւ Խաչատրեան ու կարեւոր նկատեց այն, որ հայկական շարժանկարը այնքան ալ ետ չէ մնացած Փարաջանովի երազած շարժանկարէն, որովհետեւ անիկա կը ներկայացուի ամբողջ աշխարհին մէջ եւ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան ըսաւ, որ հայկական շարժանկարի 100-ամեակի ամփոփումն ու Փարաջանովի յոբելեանով տարուան ձեռնարկներու մեկնարկը ցոյց կու տան շարժանկարի ոլորտին զարգացումը, որ ոգեւորող է:

Անդրադառնալով Սերգէյ Փարաջանովի արձանին`  նախարարը ըսաւ, որ անիկա շատ լաւ կը բնութագրէ արուեստագէտը, եւ ինքը յոյս ունի, որ Կինոյի տան դիմաց պիտի ըլլայ աստղային պուրակ, ու այդ պուրակին մէջ ալ պիտի տեղադրուի արձանը:

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Սերգէյ Փարաջանովի ընկերները, որոնք զինք շատ լաւ կը ճանչնան, աշխատած են բեմադրիչին հետ ու բարձր գնահատած` անոր արուեստը: Այդ մարդոցմէ է վրացահայ լուսանկարիչ Սերգէյ Մեչիտովը, որ 12 տարի եղած է բեմադրիչին կողքին եւ լուսանկարած` այն ամէնը, որ առնչուած է Փարաջանովին:

Արդարեւ, անոր յայտնի լուսանկարին հիման վրայ Թիֆլիսի մէջ տեղադրուած է Սերգէյ Փարաջանովի յուշարձանը: «Փարաջանով էութեամբ քիչ մը «խենթ» էր, եւ այդ արձանը շատ կը համապատասխանէ անոր բնոյթին, որովհետեւ կ՛արտայայտէ անոր «խենթութիւն»-ը, որ երբեմն դժուար կ՛ընդունին: Ան մարդ էր, որ դուրս էր օրէնքէ, կարգ ու կանոնէ, շրջանակներէ: Այս քանդակը ինծի հաճելի կը թուի, ու ես կը կարծեմ, որ անիկա իր տեղը կը զբաղեցնէ քաղաքին մէջ: Կարելի չէ իրարու նման յուշարձաններ կերտել, անոնք պէտք է տարբերին, եւ այս քանդակը իւրայատուկ է», շեշտեց ան:

Սերգէյ Փարաջանով Մեչիտովին յաճախ ըսած է. «Լուսանկարիր ինձ եւ հեռուն կը գնաս»: «Փարաջանովին կա՛մ կը հասկնայիր ու անոր կողքին կը մնայիր, կա՛մ կը վիրաւորուէիր եւ կը հեռանայիր, իսկ Փարաջանով դիւրութեամբ կը վիրաւորուէր: Ան կը սիրէր իր կեանքի իւրաքանչիւր օրը, կը սիրէր գեղեցիկն ու հրաշալին: Այսպիսի մարդիկ չեն ծնիր, զանոնք կը բերէ ժամանակը: Կը դժուարանամ ըսելու, որ կը կարօտնամ Փարաջանովը, որովհետեւ ան միշտ ինծի հետ է», նշեց Մեչիտով:

Լուսանկարիչին համաձայն, Փարաջանով ինքնաքննադատ էր, սակայն  կը հասկնար իր հանճարեղութիւնն ու կ՛ըսէր այդ մասին: «Փարաջանով վաստակած է իր անունն ու ամէնէն կարեւոր բանը, որ ան մարդկութեան քարոզած է, թէ ազատ ըլլալն է ազատութիւնը», եզրափակեց Մեչիտով:

Հայաստանի Մէջ Անցեալ Տարի Դիւանագիտական Նոր Ներկայացուցչութիւններ Բացած Են 3 Երկիրներ

Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու ամրապնդման նպատակով 2023 թուականին հիմնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ նոր նստավայրով դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Կայացուեցան որոշումներ բանալու Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը Ուրուկուէի Արեւելեան Հանրապետութեան մէջ, գրասենեակ` Լուքսեմպուրկի Մեծ դքսութեան մէջ` Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կից:

Նշեալ ներկայացուցչութիւններու պաշտօնական բացման արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան 2024 թուականին:

Հայաստանի մէջ նոր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ հիմնած են` Քանատան, Պելճիքայի Թագաւորութիւնը, Քաթարի պետութիւնը:

Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ GIZ հայաստանեան գրասենեակին եւ KFW ներկայացուցչութեան եւս:

UCOM Ընկերութեան Գլխաւոր Տնօրէն Ռալֆ Երիկեան Ամանորեայ Նուէրներով Շնորհաւորած Է Տաւուշի Եւ Վայոց Ձորի Մէջ Բնակող Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Փոքրիկները

Արցախէն բռնի տեղահանուած 2-14 տարեկան աւելի քան 1000 երեխայ Տաւուշի մարզի Դիլիջան, Իջեւան, Բերդ, Նոյեմբերեան, Ազատամուտ համայնքներու եւ Վայոց Ձորի մարզի Ջերմուկ, Վայք, Եղէգնաձոր համայնքներու մէջ Ամանորի նուէրներ ստացան Հայաստանի ազգային կապի ընկերութենէն` Ucom-էն: Նուէրները Կաղանդ պապայի կառքեռով հասցուեցան մարզեր: Ucom ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան եւ Ucom-ի աշխատակիցները Եղէգնաձորի եւ Իջեւանի մշակոյթի տուներուն մէջ անձամբ յանձնեցին նուէրները:

«Ամանորեայ հրաշքը մենք պէտք է ապահովենք մեր արցախցի հայրենակիցներուն համար: Անոնք անոր կարիքը շատ ունին: Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն սատար կանգնիլը մեզի համար կարեւոր յանձնառութիւն է, որ մենք կ՛իրականացնենք մեծ սիրով ու հոգատարութեամբ: Ամանորը հրաշքներու սպասում է եւ անոնց իրականացման մեկնակէտը: Ucom-ը հետեւողականօրէն առաւելագոյնս կ՛իրականացնէ մեր երեխաներուն ու, ինչո՞ւ չէ, նաեւ օգնութեան կարիք ունեցող մեր հայրենակիցներուն երազներուն գոնէ մէկ փոքր մասը», նշեց Ucom ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:

Ucom ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան հանդիպած է երկու մարզերու մարզպետներուն` Վայոց Ձորի մարզպետ Կոլեա Միքայէլեանին, զոր շնորհաւորած է նշանակման առիթով, եւ Տաւուշի մարզպետ Հայկ Ղալումեանին: Մարզպետներուն հետ քննարկման ժամանակ շնորհակալութիւն Ռ. Երիկեան յայտնեց օգնութիւններու տրամադրման հարցերուն մէջ աջակցութեան համար եւ նշեց, որ ոլորտային աջակցութիւնները շարունակաբար պիտի ըլլան այդ մարզերուն մէջ:

Հանդիպումներէն ետք Ucom ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան Վայոց Ձորի մարզպետ Կոլեա Միքայէլեանին, իսկ Տաւուշի` Իջեւանի համայնքապետ Արթուր Ճաղարեանին հետ նուէրները յանձնեցին Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած փոքրիկներուն:

Լուվրի Բիւզանդական Արուեստին  Եւ Արեւելեան Քրիստոնէութեան Նուիրուած Բաժանմունքը Պիտի Ներառէ Նաեւ Հայաստանը

Լուվր թանգարանը կը պատրաստուի հիմնելու բիւզանդական արուեստին եւ արեւելեան քրիստոնէութեան նուիրուած բաժանմունք մը, որ պիտի ներառէ նաեւ Հայաստանը: Այս մասին «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինիյի:

«Տարեկան 9,6 միլիոն այցելու ունեցող Լուվրը առաջինն է աշխարհի մէջ: Լուվրի մէջ կը նախապատրաստուին հիմնումին բիւզանդական արուեստին եւ արեւելեան քրիստոնէութեան նուիրուած բաժանմունքի  մը, որ պիտի ներառէ նաեւ Հայաստանը: Իսկ Հայաստանի մէջ Լուվրը կ՛աջակցի Էրեբունի թանգարանի վերանախագծման», գրած է դեսպան Տըքոթինիյի:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ծանօթացման Հանդիպում-Ընդունելութիւն` ՀՅԴ «Աղբալեան» Կոմիտէին Նախաձեռնութեամբ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 13, 2025
Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին
Հայրենի Կեանք

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին

Յուլիս 31, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?