Փարիզի կողմէ Երեւանին «մահաբեր զէնքի մատակարարումը կ՛ապակայունացնէ եւ կը խաթարէ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ անվտանգութիւնը»:
Այս մասին «Լը Մոնտ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով:
«Ատիկա կը հրահրէ նոր զինուորական տագնապներ, սպառազինութիւններու անիմաստ մրցավազք եւ արհեստականօրէն կը ձգձգէ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու հեռանկարները», ըսած է ան: