Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի նախագահեց ելեւմտական հարցերու կապուած նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Սելիմ Շահին եւ Միքաթիի խորհրդական Նիքոլա Նահհաս:
Նիստին ընթացքին ընդհանուր արժեւորում մը կատարուեցաւ երկրին ելեւմտական իրավիճակին մասին:
Միքաթի նախագահեց նաեւ երկրորդ նիստի մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ եւ ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Մաարաուի:
Նիստէն ետք Ապիատ հաստատեց, որ քննարկուած են քաղցկեղի եւ մահացու այլ հիւանդութիւններու յատուկ դեղորայք ապահովելու կարելիութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ համաձայնութիւն գոյացած է ապահովելու լուծումներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն այդ դեղորայքին ապահովումը:
Ապիատ ընդգծեց, որ որդեգրուած նոր գործիքակազմը մնայուն կերպով պիտի երաշխաւորէ դեղորայքի ապահովումը:


