Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն եւ Արեւմուտքի միջնորդութեան:
«Մենք տեսանք, թէ Եւրոպական Միութիւնը ինչպէ՛ս լրամշակեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատարի 17 դեկտեմբերին հրապարակած յայտարարութիւնը` Եւրոպական Միութեան այսպէս կոչուած իրաւամարդկային պատժամիջոցներուն շարք մը երրորդ երկիրներու միանալու մասին: Ատոր սկզբնական տարբերակին մէջ երրորդ երկիրներու ցանկին մէջ յայտնուած էին Ազրպէյճանն ու Հայաստանը, սակայն որոշ ժամանակ ետք անոնք այնտեղէն հրաշքով անհետացան:
Պրիւքսելը իր հակառուսական սահմանափակումներուն միջազգային իրաւական արժեչափերու համապատասխանութեան տեսք հաղորդելու համար երրորդ երկիրները խաբէութեամբ կը ներքաշէ իր գործառութային քայլերուն մէջ: Սակայն այդ բոլոր փորձերը ապակառուցողական են եւ անհեռանկար: Եւրոպական Միութեան միակողմանի սահմանափակող քայլերը, որոնք ձեռնարկուած են` շրջանցելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտում են», նշած է Զախարովա:
«Արեւմուտքի նպատակը ոչ մէկ կապ ունի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կամ երկարատեւ ճգնաժամի հետեւանքներու կարգաւորման հետ: Ասիկա պարզապէս հակառուսական յաւելեալ քայլ մըն է», աւելցուցած է ան:


