Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաճիեւ. «Ուաշինկթըն Պէտք Է Դիրքորոշումը Փոխէ, Որպէսզի Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Խաղաղութեան Հոլովոյթին Միջնորդէ»

Դեկտեմբեր 21, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթըն պէտք է Պաքուի նկատմամբ դիրքորոշումը փոխէ, որպէսզի Միացեալ Նահանգները կարենան միջնորդել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ: Այս մասին «Նիուզուիք» ամերիկեան ամսագիրին հետ հարցազրոյցին մէջ ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան վարչութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ:

Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայընի մեկնաբանութիւնները` «Ղարաբաղի մէջ այս տարուան սեպտեմբերին կատարուած հակաահաբեկչական քայլերուն վերաբերեալ, հաւասարակշռուած չէին»:

Օ՛Պրայըն քննադատած էր ազրպէյճանական կողմին նախաձեռնած զինուորական յարձակումը, որ ի վերջոյ յանգեցուցած է Արցախի Հանրապետութեան լուծարման եւ Արցախի հայաթափման:

«Ատիկա միակողմանի մօտեցում էր, որ Ազրպէյճանի մէջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է», ըսած է Հաճիեւ:

Անոր համաձայն, Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիրի 907 ուղղումը կը շարունակէ հիասթափութիւն յառաջացնել Պաքուի մէջ: Հաճիեւ զայն «անհասկնալի» եւ «ամերիկեան Քոնկրեսի պատմութեան մէջ ամէնէն անարդար լրամշակումներէն մէկը» կոչած է:

«Ազրպէյճանը օտարերկրեայ օգնութեան կամ աջակցութեան կարիք չունի: Ազրպէյճանը ինքնաբաւ երկիր է: Սակայն այստեղ շատ կարեւոր է հոգեբանական հանգամանքը, քաղաքական հանգամանքը, որովհետեւ Ազրպէյճանի նկատմամբ նման վերաբերմունքը արդար չէ», ըսած է Հաճիեւ:

Ան պնդած է, թէ այդ լրամշակումը կը խոչընդոտէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի խաղաղութեան համաձայնագիրի կայացման նպաստելու համար Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ կատարելու ամերիկեան ջանքերը:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութեան կողմէ կրնայ այլ վերաբերմունք ըլլալ, անմիջապէս որ ըլլայ` Ուաշինկթընի մէջ կրնանք շարունակել (հայ-ազրպէյճանական) քննարկումները», նշած է Հիքմեթ Հաճիեւ:

«Մենք Հայաստանի կողմէ կեղծ տագնապ եւ ջղագարութիւն կը տեսնենք: Ազրպէյճանը այլեւս զինուորական նպատակներ չունի: Մեզի համար պատերազմն ու դիմակայութիւնը աւարտած են: Մենք հասանք անոր, ինչին արժանի էինք», ըսած է Հաճիեւ:

Խօսելով Պաքուի եւ Երեւանի բանակցութիւններուն մասին` Հաճիեւ նշած է, որ տակաւին կը մնան «հարցեր, որոնք պէտք է քննարկուին»` միեւնոյն ժամանակ նկատելով. «Շատ աւելի մօտ ենք խաղաղութեան, այլեւս լուրջ խնդրայարոյց հարցեր չենք տեսներ»:

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Զեկուցողը Պաքուին Յայտնած Է Արցախի Մէջ Հայկական Ժառանգութեան Ոչնչացման Առնչութեամբ Իր Մտահոգութիւնը

Յաջորդը

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Այսօր Պիտի Այցելէ Երեւան

RelatedPosts

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարական Աշխատանքները Կը Մօտենան Աւարտին»  Կ՛ըսէ Հաճիեւ
Հայկական

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարական Աշխատանքները Կը Մօտենան Աւարտին» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

Նոյեմբեր 1, 2025
Անի Զալինեան` Նետերլանտներու  Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը
Հայկական

Անի Զալինեան` Նետերլանտներու Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?