Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմարներ

Դեկտեմբեր 20, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

ՆՇՄԱՐ 1

Դիմատետրեան հարթակներու վրայ եւ մամուլի սիւնակներուն մէջ յաճախ կը հանդիպիմ գրութիւններու, որոնք կ՛ահազանգեն, որ ամէն առումով սփիւռքահայութեան նահանջը հասած է այն աստիճանին, ուրկէ կը սկսի ձուլումի սպառնալիքը…

Չգիտցող չկայ, որ երկար ժամանակէ ի վեր սփիւռքը դարձած է անհոգ ու անտարբեր` ինքզինքին հանդէպ: Անտարբերութիւն մը, որ աւելի ահարկու է, քան` ամէնէն ահեղ թշնամին, քանի որ անզգալաբար կը կրծէ ու կը հիւծէ ան սեփական ուժականութիւնը, դիմադրողականութիւնը եւ առ ոչինչի կը վերածէ ազգային ինքնութեան էատարրերը: Սփիւռքեան նորահաս սերունդը արդէն իսկ ուծացման ճամբուն մէջ է, եւ առաջին ու մեծ զոհը լեզուն է` հայերէնը եւ այլն, եւ այլն:

Այսքանը գիտենք: Բայց դժուար է հասկնալ, թէ ինչի՞ կը ծառայեն բազմիցս կրկնուող ահազանգերը, վտանգը մատնանշող հաստատումները, երբ անոնց չեն ընկերանար գործնական առաջարկներ, որոնց իրագործումով քիչ-շատ թերեւս հեռացնեն վտանգը:

Կը կարծեմ, թէ վտանգաւոր է ամէն առիթի կամ անառիթ վտանգի մասին խօսիլն ու գրելը, եթէ անոնք պիտի չյանգին կացութիւնը գէթ մեղմելու փնտռտուքին: Յաճախակի կատարուած ձուլումի խօսքերը կրնան անուղղակի նպաստել, որ ընդհանրական մտայնութեան վերածուի ան,  եւ ձուլումի գաղափարին հետ հաշտ գոյակցիլը եւ անոր ընկալումը դիւրանայ անտարբերութեան ախտէն վարակուած սփիւռքահայու մտածողութեան մէջ:

Փաստ է, որ սփիւռքացած Կիլիկիոյ, Պոլսոյ, Պարսկաստանի, թերեւս նաեւ այլ վայրերու մէջ հայութիւնը երկար դարեր դիմացաւ` հակառակ իր դիմագրաւած տառապանքին ու տարատեսակ դժուարութիւններուն: Կը գիտակցիմ, որ այդ վայրերուն մէջ կը նպաստէին կրօնական տարբերութեան եւ այլ, միով բանիւ` մշակոյթի ազդակը, ինչպէս նաեւ համախումբ կեանքը: Բայց ի վերջոյ փաստ է, որ դիմացաւ:

Ուրեմն, փոխանակ ծունկ ծեծելու` մտածենք, թէ սփիւռքեան միջավայրին մէջ ինչպիսի՞ ազդակներ կը տոկացնեն մեզ. ահա առաջարկուած փնտռտուքը…

Ըստ ինծի, վտանգաւոր է ամէն առիթի ու անառիթ վտանգի մասին խօսիլ-գրելը:

ՆՇՄԱՐ 2

Նախորդ հրապարակումիս մէջ կը նշէի, որ վտանգաւոր է ամէն առիթի ու անառիթ ահազանգել, որ սփիւռքը կը մաշի, կ՛ուծանայ, կը ձուլուի եւ այլն, եթէ այդ ահազանգին պիտի չընկերանայ վտանգին առաջքն առնելու կամ զայն քիչ մը հեռացնելու գործնական առաջարկ կամ գէթ փնտռտուքի մը նախաձեռնութիւն:

Ահա այս տեսակ փնտռտուքի մը նախաձեռնած էր Տուպայէն Շաքէ Մանկասարեան (անձնապէս ինծի անծանօթ), որուն ջանքերով հատորի մը մէջ մէկտեղուեցան տեսակէտներ` սփիւռքի գրողներէ: Նախաձեռնող տիկինը ջանացած էր, որ առաջարկները ըլլան գործնական` իրենց բովանդակութեամբ եւ մանաւանդ ներկայացուած տեսքով… Իմ գրութիւնս, օրինակ, երկու-երեք անգամ ուղարկուեցաւ-ետ դարձաւ, քանի որ ան իր տեսքով չէր համապատասխաներ տիկին Շաքէի կամ խմբագրական յանձնախումբի պատկերացումին: Իմ օրինակս տուի ընդգծելու համար բծախնդրութիւնը հրատարակող անձ(եր)ին:

Հոս պիտի խուսափիմ դատելէ, որ գործնականութեան առումով եւ ընդհանրութեան մէջ ուշագրաւ առաջարկներ կայի՞ն, թէ ոչ, բայց հարց է, թէ քանի՞ հոգի, յատկապէս մեր կառոյցներէն եւ սփիւռքի վերակազմակերպման կոչուած մարմիններէն քանի անդամներ, պարզ հետաքրքրութեան համար, աչք մը նետած ըլլան այդ գրքին վրայ… Կռահելի է, որ շատ աննշան թիւ մը: Խէրն անիծած` մեր ամբողջ օրը կը կլանեն Դիմատետրն ու համացանցը:

Իմ կարծիքով, այդ հատորին մէջէն կ՛առանձնանայ եւ իր բովանդակութեամբ յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւէ տոքթ. Արա Սայեղի (այս անունին առաջին անգամ այդ հատորին մէջ կը հանդիպէի) գրութիւնը, որ համապարփակ ուսումնասիրութիւն մըն է` խորքային առաջարկներով: Բովանդակութեամբ եւ առաջարկներով յագեցած այդ ծանրակշիռ ուսումնասիրութիւնը կրնայ դրուիլ որեւէ պետութեան մը նախարարական սեղանին` ի քննութիւն ու գործադրութիւն, բայց խոստովանինք, որ մեր ուսերուն համար շատ ծանր է ան, նոյնիսկ` մասամբ իրականացնելու տեսակէտէն: Տարտամ պատկերացում իսկ չունինք տակաւին, թէ մեր ղեկավարած համայնքին գիտական-մասնագիտական միտքը, իբրեւ օգտագործելի ատաղձ, ի՛նչ պատկեր կը ներկայացնէ, տրամադրելի մարդուժով ի՛նչ կրնանք կամ չենք կրնար ընել եւ այլն, եւ այլն: Գիտենք ու կը ճանչնանք մեր շրջապատի մարդիկը եւ կ՛օգտագործենք անոնց կարելիութիւնները միայն:

Ուզենք, թէ չուզենք, այս է սփիւռքեան չոր իրականութիւնը:

Ուրեմն, ի՞նչ ընել: Ահա գլխաւոր հարցը, դժուար մարտահրաւէրը:

Երկու-երեք տարիէ ի վեր կախարդուած «սփիւռքը վերակազմակերպելու» կարգախօսէն` յամեցանք անոր հմայիչ բառերուն վրայ եւ անտեսեցինք հրամայական ու անյետաձգելի շեշտը հայրապետական պատգամին, որուն համար հայագաղութէ հայագաղութ կը շրջագայի Արամ Ա. կաթողիկոսը, իսկ մենք նուազագոյն ճիգը չփորձեցինք կատարել այդ ուղղութեամբ:

Անդրադառնանք, որ սերունդը կորսուելու վտանգին մէջն է արդէն, եւ ժամանակը մեզի դէմ կը գործէ: Մտածենք, թէ ներկայ մեր տրամադրելի կարելիութիւններով ի՛նչ կրնանք ընել` նորահաս սերունդին մէջ մշակելու համար ազգային ինքնութիւն:

ՆՇՄԱՐ 3

«Լեզուն ազգն իսկ է, եւ` ինքնութիւն»

Այս վերնագիրի` իբրեւ անբեկանելի ճշմարտութեան հաւատացողները եւ զայն ինքնութիւն մշակելու համար իբրեւ վճռական ուղեցոյց դաւանողները կը մոռնան, որ մօտ անցեալին Ցեղասպանութեան պատճառով Սուրիա-Լիբանան եւ այլուր ցիրուցան Կիլիկիոյ թրքախօս, հայերէն չգիտցող, թրքական երգ-շարքիներուն սիրահար հայ մարդիկն էին, որ գաղթականի առօրեայ հացէն բաժին հանեցին, որպէսզի սերունդին հայակրթութեան համար իրենց բնակած վայրերը դպրոց-եկեղեցիներու ցանցով օժտեն, համայնք կազմակերպեն` յարակից գործօններով: Կը մոռնան նաեւ, որ հայկական սփիւռքի մէջ հարիւրաւոր հազարներով, թերեւս միլիոնը գերազանցող թիւերով պատանի-երիտասարդներ հայերէն չեն գիտեր, չեն խօսիր, անոնց շրթներուն չի ծաղկիր մեր մայրենին: Քանի այդպէս է, գի՞ծ քաշել ուրեմն անոնց վրայ եւ զանոնք «հալա՞լ» ընել օտարութեան: Չի՞ բաւեր մեր կորսնցուցած քանակը: «Լեզուն ազգն իսկ է» դաւանողներուն համար արդեօ՞ք կը նշանակէ, թէ հայ ըլլալու չափանիշը հայերէն խօսի՞լն է միայն: Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիրներէն Իւսթիւկեան հրապարակային զրոյցի մը ընթացքին վկայեց, որ Համշէնի մէջ բարբառային հայերէնով խօսող շրջանակներ կան, բայց անոնց բոլորն ալ իրենք զիրենք համշէնցի կը դաւանին…

Մատնուած ենք դժխեմ կացութեան մը, որուն պայմաններու մէջ մեր նորահաս սերունդին նկատառելի մեծամասնութիւնը հայերէն չի խօսիր, հայերէն չի գիտեր, պիտի յանդգնիմ ըսելու նաեւ, որ հայերէն գիտցող փոքր փոքրամասնութիւնն ալ հայերէնը իբրեւ ամէնօրեայ խօսակցական լեզու չի գործածեր, բայց… ՏԱԿԱՒԻՆ ԳԻՏԱԿԻՑ Են ԱՆՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ԵՐԿԱԿԵՆՑԱՂ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔԻՆ, այսինքն գիտեն, որ իրենք հայ են ու ֆրանսացի, հայ ու ամերիկացի, հայ եւ յունաստանցի, եւ այլն:

Ամէն դրական երեւոյթ իր մէջ կը կրէ ժխտականին սաղմը, եւ հակադարձաբար` ժխտականն ալ կ՛ունենայ իր դրական բաժինը: Մեր ներկայ սերունդին «երկակենցաղ»-ութեան ժխտական երեսին դրական բաժինը այն է, որ այդ երկու հանգամանքները զիրար կը հարստացնեն, զիրար կ՛ամբողջացնեն, պայմանաւ որ ժամանակին դէմ մրցումի ելլենք եւ անոնց մէջ «հայ»-ը ամրապնդենք:

Ժամանակը սրընթաց մեզի դէմ կը գործէ: Եթէ յամենանք ու միջոցներու մասին չմտածենք, սերունդը պիտի կորսնցնէ «ԵՐԿԱԿԵՆՑԱՂ»-Ի այժմու գիտակցութիւնն ալ եւ կորսուողը առաջին մասը պիտի ըլլայ, այսինքն`«հայ»-ը, եւ այն ատեն ի զուր ծունկ պիտի ծեծենք, իմաստ պիտի չունենայ լալն ալ, ողբերգու ըլլալն ալ: Գրիգոր Զօհրապ «կոտրելէն ետք» վերնագրով պատմուածքին մէջ կ՛ըսէ, որ յախճապակիէ սրուակին կոտրելէն ետք իմաստ չունեցաւ գիտնալը, թէ կոտրածը թանկարժէք էր` Լուի 14-րդ թագաւորին գործածած սրուակը եղած էր… «Կոտրելէն ետք»-ի վիճակը բազմիցս ապրելէ ետք, դասը սորված պիտի ըլլայինք շատոնց: Նորագո՞յնը… չգիտցող չկայ:

Այս ըսուածներէն ետք անձս ալ, իր կարգին,  համոզումով կ՛ընդգծէ, որ մայրենի լեզուն կենսական է, կեանքի չափ կարեւոր է, նպատակ է եւ գլխաւոր կռուանը` ազգային լեզուամտածողութիւն մշակելու եւ ինքնութիւն կռանելու համար: Ասկէ անդին, սակայն, կա՛յ իրականութիւն մը, մե՜ծ մարտահրաւէր մը, զոր պէտք է դիմագրաւենք:

ՆՇՄԱՐ 4

Լեզուն` հաղորդակցութեան միջոց

Ամէն բանէ առաջ ու վերջ լեզուն հաղորդակցութեան միջոց է, ապա նաեւ` լեզուամտածողութեան եւ ազգային ինքնութեան մշակումի գլխաւոր կռուան: Խնդիրն այն է, թէ այդ տուեալ լեզուով ի՞նչ երազներու, ինչպիսի՞ յուշերու, ո՞ր արժէքներու եւ նպատակներու կամ տագնապներու հետ կը հաղորդակցիս…

Բազմաթիւ օրինակներ կան, որ տարբեր ժողովուրդներ միեւնոյն լեզուն խօսելով հանդերձ, նոյն ազգին չեն պատկանիր: Եւ հակառակը` տարբեր լեզու խօսելով հանդերձ, նոյն ազգին կը պատկանին: Զուիցերիական ազգը կը բաղկանայ գերմանախօս, ֆրանսախօս եւ իտալախօս ժողովուրդներէ, որոնք տարբեր լեզուներ կը գործածեն, բայց բոլորն ալ նոյն հոգերը ունին, նոյն խնդիրները, իրենց գործածած տարբեր լեզուներով կը հաղորդակցին նոյն նպատակներու հետ եւ կ՛ապրին միեւնոյն տագնապները: Իսկ արաբախօս, անգլիախօս, ֆրանսախօս կամ այլ տարբեր ժողովուրդներ, նոյն լեզուն գործածելով հանդերձ, տարբեր ազգերու կը պատկանին, որովհետեւ անոնք նոյն լեզուով տարբեր նպատակներու, տարբեր տեսլականներու հետ կը հաղորդակցին-կը յարաբերին եւ տարբեր հոգերով կ՛ապրին:

Այս բոլորը ըսելէ ետք կը գիտակցիմ, որ բացի նոյն նպատակներէ, երազներէ, տեսլականներէ ու տագնապներէ` այդ ժողովուրդներու ոտքին տակ կայ հայրենի հողը, եւ` համախումբ կեանքը, որոնց բարերար ներգործութենէ զրկուած ենք մենք եւ մեր մատղաշ սերունդը: Զրկուած է ողջ սփիւռքահայութիւնը:

Փոքրամասնութիւն մը բացառելով` հաստատելի է, որ մեր նորահաս սերունդը (եւ ոչ միայն նորահաս) առօրեայ յարաբերութեանց մէջ իր բնակած երկրին լեզուն կը գործածէ: Հայերէն չի գիտեր կամ մեծապէս կը դժուարանայ եւ չի կրնար իր մտածումը հայերէնով արտայայտել:

Իսկ գոյութիւն ունեցող մեր վարժարանները չափազանց անբաւարար են: Ան-բա-ւա-րար:

Քանի մը տարի առաջ հետաքրքրութեանս արդիւնքը եղած էր այն, որ օրինակ` ամբողջ Ամերիկայի մեր վարժարաններու աշակերտաց հանրագումարը շուրջ 10.000 (տաս հազար) էր, մինչ միայն Կլենտէյլ քաղաքի օտար դպրոց յաճախող հայ աշակերտներու թիւը կ՛ենթադրուէր նոյնպէս 10.000: Ֆրանսայի մէջ, շուրջ 1.500-ի դիմաց, կ՛ենթադրուի, թէ 60.000 դպրոցական տարիքի հայ տղաք կան: Նոյնիսկ հայատրոփ Լիբանանի մէջ հայկական եւ օտար դպրոց յաճախողներու թիւերը իրար կը հաւասարեցնեն` 5.000-5.000 (երկրի տնտեսական տագնապէն առաջ, նաեւ ներկայի ենթադրեալ թիւերն են): Հարցական է տակաւին, որ հայկական վարժարանի աշակերտներու առօրեայ, կենցաղային ու ընթացիկ լեզուն հայերէ՞նն է, թէ՞ ոչ…

Արդ, կրնա՞նք շրջել այս կացութիւնը: Դպրոցական ցանցեր ստեղծել ամէնուր: Ըստ ինծի, չենք կրնար: Կարգ մը տեղեր նոր դպրոցներ կը բացուին թէեւ, բայց այլ տեղեր կը փակուին…

Այս իրականութեան դիմաց ի՞նչ կրնանք ընել, որ օտարախօս մեր տղաքը իրենց գործածած լեզուով հաղորդակցին-յարաբերին ազգային մեր տագնապներուն, նպատակներուն, յուշերուն եւ Հայաստան հայրենիքի իրականութեան հետ: Ահա բուն խնդիրը եւ այս «նշմար»-ներու գրութեան նպատակը:

ՆՇՄԱՐ-5

ԱՌԱՋԱՐԿ

«Նշմար»-ներու այս շարքին հետեւողը բնականաբար պիտի կռահէ, թէ առաջարկս ի՛նչ նպատակի պիտի յանգի: Նախանախորդ` «Նշմար»-ին մէջ կ՛ըսէի, որ օտարախօս մեր նորահաս սերունդները տակաւին գիտակից են իրենց «երկակենցաղ» հանգամանքին, որուն,  սակայն, սահող ժամանակն ու շրջապատի պայմանները կը սպառնան, որ անոնց մէջ այդ գիտակցութիւնը տկարանայ ու հետզհետէ չքանայ` ի վնաս իրենց ազգային ծագումին: Այսինքն տակաւին ունին անոնք զիրար հարստացնող-ամբողջացնող օրինակ` հայու եւ ֆրանսացիի (տեղացիի), հայու եւ յոյնի (տեղացիի) զգացում: Ժամանակը կը սպառնայ, որ հայու զգացումը չքանայ:

Նշմարած եմ, որ միշտ հայերէն խօսող ընտանիքներու մէջ իսկ, երբ հայրը կամ մայրը կը բարկանայ իր զաւկին կամ կարեւոր խորհուրդ մը կու տայ անոր, կը դիմէ տեղական լեզուին, որովհետեւ գիտէ, որ այդ լեզուն է ազդեցիկն ու ներգործողը իր զաւկին վրայ: Ո՛վ գիտէ, թերեւս նո՛յնն է ազդեցիկը նաեւ ծնողքին համար: (Հիմա հայախօս մեծ հայր-մայրերը հազուագիւտ են, գրեթէ չեն մնացած):

Եզրակացութիւն.

1.- Ազգային ինքնութիւնը կաղապարուած հասկացողութիւն մը չէ, այլ չաւարտուող ընթացքով կազմաւորում է, որ պայմանաւորուած է` ազգի պատմութեամբ, արժեհամակարգով, ներկայ տագնապներով եւ ապագայի տեսլականներով ու նպատակներով: Կասկած չկայ, որ ինքնութեան մշակումին մէջ հիմնական ազդակը լեզուն է: Այսքանը գիտենք: Բոլորիս գիտցածը իրարու չշռայլենք եւ ըլլանք իրատես: Ընդունինք, որ հայակրթութեան մարզին մէջ մեր հասանելիութիւնը անմխիթար ըլլալու աստիճան սահմանափակ է: Սփիւռքի տարածքին մեր սերունդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հայերէնի մակերեսային ճանաչողութիւն մը ունի կամ բնաւ չունի: Նոյնիսկ հայերէն գիտցողները իրարու հետ կը յարաբերին տեղական լեզուով: Արդեօք կրնա՞նք այս կացութիւնը շրջել: Անձնապէս դժուար թէ նման բան կարենամ երեւակայել:

2.- «Դատապարտուած» ենք ընդունելու, որ ամէն բանէ առաջ ու ետք լեզուն հաղորդակցելու միջոց է, յարաբերելու գործիք է: Կարեւորը այն է , թէ սերունդը իր գործածած լեզուովը (անգլերէն, ֆրանսերէն, յունարէն կամ այլ) ի՞նչ երազի, ի՞նչ նպատակի, ինչպիսի՞ տագնապներու , արժէքներու եւ տեսլականներու հետ կը հաղորդակցի, կը յարաբերի:

3.- Այսօրուան մարդերը մեծով պզտիկով կախարդուած են բջիջայինով, Դիմատետրով, ընկերային ցանցերով, կարճ` համացանցով եւ ամբողջութեամբ կլանուած` անոնցմով: Ոչինչ կը հմայէ այնքան, որքան` վերոյիշեալները: Համացանցով կը սփռուին նոյնիսկ աղօթքները, որոնք գերազանցապէս անձնական ու ներհայեցողութեամբ առ Աստուած ուղղուելու բնոյթը ունին:

Այս կը նշանակէ, որ ներկայ ժամանակներու մէջ մեր նորահաս թէ մեծահասակ սերունդը միեւնոյն գաղափարներուն ու նպատակներուն շուրջ համախմբելու եւ զանոնք միաւորելու ամէնէն ազդու միջոց-գործիքակազմը համացանցն է, ուր բացակայ ենք մենք` մասնագիտական ծրագրով, համադրուած աշխատակարգով եւ համակարգուած հետեւողականութեամբ: Փաստ է, որ համացանցի միջոցով նոյնիսկ ամբոխներ ըմբոստութեան կը մղուին, կամ պետական հարուածի փորձեր կը ձախողեցուին: Իմ կարծիքով, կազմակերպիչներն իսկ անակնկալի բերող Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի զանգուածային մասնակցութիւնները ամէնուր արդիւնք էին սոսկական անհատներու կողմէ կատարուած համացանցային քարոզչութեան…

ՆՊԱՏԱԿ.

Փորձել գտնել ձեւ մը, ելակէտ մը, որ սփիւռքի նորահաս սերունդը (ոչ միայն) կարելի ըլլայ միեւնոյն նպատակի ու տեսլականի շուրջ միաւորելու, համախմբելու եւ զայն մշտատեւ յարաբերութեան, հաղորդակցութեան մէջ դնելու հայ կեանքին հետ, կաթիլ-կաթիլ ծանօթացնելու անոր` մեր պատմութենէն որոշ տուեալներ, մերթընդմերթ ներկայացնելու անոր մեր ազգային արժեհամակարգը, մեր տագնապները, մեծ ու փոքր մեր նպատակները, ապագայի մեր տեսլականները եւ այլն, որպէսզի օտարացող սերունդին մէջ քայլ առ քայլ մշակուի ազգային ինքնութիւն, գիտակցութիւն, ազգին հանդէպ որոշ յանձնառութիւն:

ԱՌԱՋԱՐԿԻ ՆԱԽԱԳԻԾ.

Ա.- ՄԻՋՈՑ ՈՒ ԳՈՐԾԻՔԱԿԱԶՄ.

1.- Ընկերային ցանցեր, համացանց, բջիջային հեռախօս,

2.- Տեղական լեզուով (անգլերէն,  ֆրանսերէն, յունարէն եւ այլն) գրուած կարճ ծաւալով գրութիւններ (text) եւ անոր հայերէնը` կցուած:

Բ.- ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԽՈՒՄԲ` ԵՐԿՈՒ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐՈՎ`

1.- Կեդրոնական գրասենեակ կամ յանձնաժողով ` որեւէ երկրի մէջ (մնայուն):

Գրասենեակը կամ յանձնաժողովը պիտի բաղկանայ` ա) ընկերային ցանցերու միջոցով անուղղակի, կը կրկնեմ` անուղղակի քարոզչութիւն կատարելու հմուտ մասնագէտ(ներ)-է, բ) փորձառու տարիքային մանկավարժ-հոգեբան(ներ)է, գ) մեր պատմութեան, ազգային արժէահամակարգին, մեր անմիջական ու հեռահար նպատակներուն եւ տեսլականներուն, ինչպէս նաեւ հայ կեանքին ու մեր տագնապներուն հաղորդ անձ(եր)է:

Կեդրոնական գրասենեակը կը պատրաստէ միշտ նորովի կարճ պարբերութիւններով յատուկ գրութիւններ, առանձնաբար` երէց պատանիներու, երիտասարդներու եւ միջին տարիքի մարդոց յարմար, նպատակ ունենալով զանոնք յարաբերութեան մէջ դնելու ազգին ու ազգայինին հետ:

Պատրաստուած գրութիւնները կ՛ուղարկուին գաղութային գրասենեակներ:

2.- Գաղութային գրասենեակներ (մնայուն)

Ամէն հայագաղութ կ՛ունենայ իր գրասենեակը, որ`

ա) Նախ կը կեդրոնացնէ գաղութի երեց պատանիներու, երիտասարդներու, միջին տարիքի բոլոր հայերուն բջիջային (սելիւլեր) հեռախօսի թիւերը եւ ե-հասցէները (այս աշխատանքը դժուար

բաժինն է, որուն կրնան օգտակար ըլլալ ծխատէր քահանաները…):

բ) Կեդրոնական գրասենեակէն ստացուած գրութիւնները կը վերածէ երկրի տեղական լեզուին, բնականաբար նաեւ` հայերէնի, եւ անոնցմով յաճախակի «յարձակումներ» կը գործէ բջիջայինի թիւերուն եւ ե-հասցէներուն վրայ:

գ) Երբեմն առիթներ կը ստեղծէ եւ պատանիներէ ու երիտասարդներէ կազմուած զատ-զատ խմբակներ կը հրաւիրէ պարբերական հանդիպումներու` օգտակարն ու հաճելին միախառնուած յայտագրով մը:

Վերջաբան

Այս առաջարկին իրագործումը անկարելի համարող անձերն ու մարմինները կա՛մ լիովին չեն հասկցած զայն (ինչուն), կա՛մ չեն ճանչնար սփիւռքի կարողականութիւնը, եւ կամ ամբողջովին սպառած են այլեւս, անկարող` որեւէ նոր գործի: Վստահաբար անկարելի չէ առաջարկին իրագործումը` սփիւռքին ու անոր հայագաղութներուն համար, որոնք կը պահեն` առաջնորդարաններ ու եկեղեցիներ, դպրոցներ ու ակումբներ, մամուլ ու ազգային նպատակով տարբեր-տարբեր գրասենեակներ: Այդ բոլորին կողքին ու զուգահեռ, առաջարկուածը նոր պատուհան մը բանալն է կորսուող սերունդին համար, որուն փրկութիւնը հրամայական կը դարձնէ նոր միջոցներու փնտռտուքը, որպէսզի կարելիի սահմաններուն մէջ առաւելագոյն ճիգեր ի գործ դրուին, նոյնիսկ եթէ նուազագոյն արդիւնք պիտի ստացուի անոնցմէ: Կը մնայ, որ չյամենանք շռայլ բանաձեւումներու խաբուսիկ հմայքին վրայ :

Ծանօթ.- 1.- Այս առաջարկէս ետք կրկին ու շեշտակի ընդգծեմ, որ հայակրթութիւնը եւ հայոց լեզուն մեզի համար կեանքի չափ կարեւո՛ր են ու մնայո՛ւն նպատակ: Վերջին հաշուով, անոնցմով զինուածներն են, որ ազգայինով կը տագնապին ու սերունդի փրկութեամբ կը մտահոգուին:

Աթէնք

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Նախորդը

Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի ԿԿ ներկայացուցիչ Յակոբ Թապագեան. «Արցախի նման կարեւոր հարցերու շուրջ մեզ Հայաստանի կառավարութիւնէն բաժնող տարբերութիւնները զգայուն են»

Յաջորդը

Ազգագրագէտներու Կարծիքով. Ինչպիսի՞ն Պէտք Է Ըլլան Հայկական Աւանդական Ամանորեայ Եւ Ս. Ծննդեան Սեղանները

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?