Երանի այն օրերուն, երբ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱն իրական էր: Թէեւ ան ձիւներուն մէջէն կու գար, բայց մեր հոգիին մէջ տաս-տաքուկ անկիւն մը կը գրաւէր: Կռնակին վրայ կուզիկ մը ունէր, բայց սլացիկ երիտասարդէ մը աւելի աշխուժ կը պարէր: Հակառակ անոր որ սպիտակ մազերը կը պատէին անոր դէմքն ու գլուխը, բայց մենք հմայքով կը դիտէինք զայն: Ան իր շալակին ունէր խորհրդաւոր պարկ մը, որուն մէջ կրնար տեղաւորել անթիւ եւ անհամար նուէրներ` բաւարար ու հասանելի աշխարհի բոլոր մանուկներուն համար:
Կաղանդ պապան փոքր թաթիկներուդ մէջ պզտլիկ ու թափանցիկ տոպրակ մը կը զետեղէր եւ քեզ աշխարհին ամէնէն երջանիկ մանուկը կը դարձնէր: Տոպրակին մէջ «կը լողային» երկու-երեք կտոր գունաւոր շաքարներ, ընկոյզ մը, բլիթ մը, փուչիկ մը եւ առաւելագոյնը` սուլիչ մը: «Երանութեան» տոպրակը թխթխկացնելով, գանձ մը շահածի գոհունակութեամբ, դպրոցէն տուն կը փութայիր, ուր մայրդ տան սեմին գրկաբաց քեզի կը սպասէր` լսելու օրուան նկարագրականը եւ կիսելու սիրտդ պարուրող խինդը…
Ո՞վ էր Կաղանդ պապուկը, որ բոլորս կը հմայէր եւ ամէնուրեք երջանկութիւն կը սփռէր: Արդեօք հեքիաթներէն ծնած էա՞կ մըն էր, թէ՞ կախարդական տիպար մը… Ինչո՞ւ անոր երեսին մկանները չէին շարժեր, աչքերը չէին կայծկլտար եւ միեւնոյն արտայայտութիւնը տպուած կը մնար անոր դէմքին վրայ: Ո՞ւր կը բնակէր ան, ինչո՞ւ տեւապէս ներկայ չէր ըլլար մեր շուրջը… Մանուկ միտքդ կ՛արձակէր բազմաթիւ հարցումներ, որոնք անլուծելի հանելուկներու նման անպատասխան կը մնային:
Սակայն մէկ բան յստակ գիտէիր, որ Կաղանդ պապան կարմիր գոյնով, բարի ու քաղցր ԵՐԱԶ մըն էր, որ կը պարուրէր մանուկ միտքդ ու հոգիդ: Ամբողջ տարի մը անձկութեամբ կը փայփայէիր այդ երազը, որ ամավերջի օրը անպայմա՛ն կ՛իրականանար, եւ Կաղանդ պապուկը կը յայտնուէր… Ի՜նչ անուշ կը հնչէր անոր զանգակին ձայնը, որքա՜ն հաճելի էր անոր պարը, իսկ գաւազանը, որուն մասին վախազդեցիկ պատմութիւններ լսած էիր, երբեք չէր յարմարեր իրականութեան հետ: Այդ գաւազանը ո՛չ ոք կը պատժէր եւ ո՛չ ոք կը հարուածէր: Կաղանդ պապային ժամանումով մենք խելօք ու ժպտերես «սուրբ»-երու կը վերածուէինք: Անսահման խանդավառութեամբ կը պարէինք, կ՛երգէինք, սակայն խաղին ու պարին կը յաջորդէր բաժանման դառն պահը, երբ Կաղանդ պապան կ՛երթար ու կ՛անհետանար… Յանկարծ ուրախութիւնդ կը խցուէր կոկորդիդ մէջ, եւ աչքերուդ արցունքը հազիւ կը զսպուէր:
Երբ փոքր էիր, Կաղանդ պապուկը ամէն տարի ճշդապահօրէն կու գար, ոչ մէկ բան կը խանգարէր անոր գալուստը: Հազիւ քիչիկ մը մեծցար` արգելքներ յայտնուեցան եւ ունեցար տարիներ, երբ Կաղանդ պապուկը մնաց անժաման` հեռո՜ւ հեռաւոր, խրուած` մարմին խայթող ցուրտին ու ձիւներուն մէջ…
– Սիլվա՛, աղջի՛կս, այս տարի Կաղանդ տօնել չ՛ըլլար. մեծ մայրդ քանի մը օր առաջ մահացաւ:
– Սիլվա՛, «եաւրը՛մ», գիտեմ, որ անհամբեր կը սպասէիր Կաղանդը, սակայն դաժան նոյեմբերը անխղճօրէն խլեց մայրդ…
– Աղջի՛կս, պատերազմ է, անթիւ անհամար զոհեր կան, որպէս յարգանք` պէտք է հրաժարիս Ամանորի տօնակատարութիւններէն:
– Սիլվո՛ւկ ջան, այս տարի պէտք է երկրաշարժի զոհերը յարգենք, թող երեխաները իրենց խաղալիքները զիջին աղէտեալներուն: Թող գութ եւ կարեկցանք սորվին:
– Տիկի՛ն Սիլվա, հայրդ յանկարծամահ եղաւ: Զաւակներդ Կաղանդ պապային հետ շուրջպար բռնած են: Կանչէ՛ զիրենք, պէտք է ձեզ տուն հասցնեմ:
– Դրացի՛, փամփուշտներէն տունդ մաղի վերածուած է, իսկ տօնածառը, չտեսնես, ի՛նչ վիճակի մէջ է… Թաղային կռիւները ամէնէն սարսափելի մարտերն են:
– Այս տարի թագաժահրին պարտադրած մեկուսացումը ընկճուածութիւն պատճառեց: Ո՞վ սիրտ ունի Կաղանդ պապուկ ընդունելու, ինչպէ՞ս իմանաս, որ ան ալ վարակակիր մը չէ:
– Արդեօ՞ք պատշաճ է Կաղանդ պապուկ հիւրընկալելը, յատկապէս` այս տարի, երբ կորուստը ահռելիօրէն ծանր է: Կորսնցուցինք մեր դարաւոր Արցախը, ականատես դարձանք բռնի տեղահանուած հազարաւոր քաղաքացիներուն եւ մտահոգ ենք մեր դիմաց ծառացող սպառնալիքներով…
Յատկապէս այս վերջին հաստատումն է, որ խթան հանդիսացաւ տարիներու ընթացքին մէջս կուտակուած` աջէն-ձախէն ականջիս հասած «արձագանգ»-ներու, որոնց պատճառով տասնամեակներ մեր դուռերը ամուր փակեցինք Կաղանդ պապուկին դիմաց:
Ես բաւարար իրազեկ եմ մեր ազգի ներկայ իրավիճակին, այնքան մը, որ յաճախ հոգիս ցաւով կը մղկտայ, սիրտս արիւն կու լայ… Բայց նաեւ ամէն գնով թոյլ պիտի չտամ, որ իմ Կաղանդ պապուկիս գալուստը հարցականի տաք դրուի, կամ դրժուի: Չեմ ուզեր, որ ան «քաւութեան նոխազ» դառնայ այսօրուան մեր դիմագրաւած դառնութիւններուն, պատերազմներուն, համաշխարհային անարդարութեան…
Իմ փափաքս է, որ Կաղանդ պապուկս` ինչպէս անցեալին, այսօր եւս ըլլայ ցանկալի ու բարի այն «եկուոր»-ը, որ երջանկութիւնը կը մարմնաւորէ յատկապէս մանուկներուն համար: Գորովագութ Կաղանդ պապուկս, ներողամիտ, խաղաղասէր ու հաշտարար էակ մը, որուն գաւազանը չունի դատաստան, ատելութիւն կամ ցաւագին հարուածներ:
Իմ բարեսի՜րտ Կաղանդ պապուկս, որ աչառութիւն կամ խտրականութիւն չի գիտեր, մեր աշխարհի բոլոր մանուկներուն սէր կը բաշխէ հաւասարապէս:
Իմ օրհնաբե՜ր Կաղանդ պապուկս, որուն առատաձեռն բարիքները պիտի լիացնեն անհամար կարիքաւորները:
Անհամբեր կը սպասեմ քեզի, իմ սպիտակ ու լուսաւո՜ր Կաղանդ պապուկս, որ փայլուն ժպիտներ գծես մռայլ դէմքերուն վրայ եւ յոյսի տաքուկ շողերով ջերմացնես համայն մարդկութեան սրտերը:
Եկո՛ւր, այս տարի ալ եկո՛ւր, Կաղանդ պապուկս, թէեւ ես մեծ եմ արդէն, բայց կը հաւատամ քու բարութեանդ: Դուն մի՛ վախնար, անվարան եկո՛ւր, որովհետեւ իմ հոգիիս մէջ Դուն միշտ կաս, Դուն անմահ ես, եւ ես թոյլ չեմ տար, որ անցողիկ այս կեանքի չարիքները մեռցնեն քեզ…