Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղարիպաշվիլի. «Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Խաղաղութեան Թիֆլիսի Նախաձեռնութիւնը Որոշակի Արդիւնքներ Տուած Է»

December 20, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թիֆլիսը շահագրգռուած է շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումով: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ այս մասին վրացական կառավարութեան 2023 թուականի աշխատանքները ներկայացնելու ժամանակ յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի:

Ընդգծելով, որ Վրաստանը շրջանին մէջ սերտ բարեկամական յարաբերութիւններ կը պահպանէ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ, Վրաստանի վարչապետը նախ յիշեցուցած է, որ Թիֆլիսը խաղաղութեան նախաձեռնութեան սկսած է երկու տարի առաջ, ապա շեշտած, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ Վրաստանի նախաձեռնութիւնը որոշակի արդիւնքներ տուած է` «Վրաստանը կարեւոր միջնորդութիւն ցուցաբերած է»:

«Մենք, ի հարկէ, շահագրգռուած ենք շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումով: Այս նպատակին հասնելու գործին մէջ զգալի ներդրում ունի Վրաստան: Մենք բացառիկ կարելիութիւն ունեցանք հանդիպում ունենալու բոլոր երեք երկիրներու ղեկավարներուն հետ:

«Կը կարծեմ` շատ հետաքրքրական նախադէպ էր, որուն մենք հասանք: Մեր երկիր այցելութիւնները աշխուժ են: Ես քանի մը անգամ եղած եմ Ազրպէյճան, Վրաստան այցելած են Ազրպէյճանի նախագահն ու Հայաստանի վարչապետը», ըսած է Վրաստանի կառավարութեան ղեկավարը` շեշտելով, որ բարձր մակարդակի վրայ է նաեւ Թուրքիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութիւնն ու համագործակցութիւնը:

Նախորդը

Օքամփօ. «Լեռնային Ղարաբաղի Ղեկավարներու Գերութիւնը Ցեղասպանութեան Մէկ Մաս Է»

Յաջորդը

ՄԱԿ. «Պատրաստ Ենք Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ուղղուած Յառաջընթացին Մէջ Աջակցելու Ազրպէյճանին Եւ Հայաստանին»

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.