Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարձքդ Կատար Հա՛յ Ուսուցիչ

April 3, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Լիբանանի Նուպարեան- Խրիմեան ազգային վարժարանը,  բազմաթիւ տասնամեակներէ ի վեր հայ մանուկին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբողն ու շրջանի հայապահպան միակ փարոսը, անցեալէն սկսեալ ունեցած է որակեալ եւ հայասէր ուսուցիչներ:

Այդ նուիրեալներէն մին եղած է Սարգիս Կոնճեան` ուսուցիչ, տնօրէն, մանկավարժ, դաստիարակ եւ ազգային գործիչ, մէկը այն անմոռանալի տիպարներէն, որուն շնորհիւ եւ անոր շունչին տակ սերունդներ կերտուած են:

Այս վաստակաշատ կրթական մշակին կրտսեր դուստրը` Արփի Թալին Կոնճեան, թրծուած հօր ազգային դաստիարակութեամբ եւ հետեւելով անոր նուիրական ուղիին, իր բարձրագոյն ուսումը աւարտելէ ետք, ընդգրկած է ուսուցչական ասպարէզը` երկար տարիներով դասաւանդելով ֆրանսերէն լեզու եւ գրականութիւն, Թրիփոլիի ֆրանսական երկրորդական լաւագոյն վարժարաններուն մէջ, ուր դասաւանդութեան կողքին, ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ: Նաեւ իր ազատ ժամերը նուիրած է տեղւոյն ֆրանսական մշակութային կեդրոնի աշխատանքներուն, ուր վարած է շատ կարեւոր պաշտօններ:

Շատ համեստ, պարտաճանաչութեան բարձրօրէն գիտակից, չափազանց բծախնդիր եւ անաչառ այս հայուհին, օտար միջավայրի մէջ սիրուելով բոլորէն, յարգանք պարտադրած է մեծին թէ փոքրին, ամէն առիթով դրսեւորելով հայու ազգային եւ մարդկային բարձր նկարագիրը, իր անձով եւ օրինակելի վարձով ամբողջ ազգ մը ծանօթացնելով օտարներուն:

Հինգշաբթի, 22 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լիսէ Ֆրանքօ Լիպանէ Ալֆոնս տը Լամարթինի մէջ, ներկայութեամբ հայ թէ օտար ընտրանիի մը, տեղի ունեցաւ բարձր գնահատանքի արժանացած ուսուցիչներու շքանշանի տուուչութեան յատուկ ձեռնարկ մը:

Լիբանանի մէջ ֆրանսական կրթական խորհրդատուին բացման խօսքով ընթացք առնելէ ետք օրուան հանդիսութիւնը, Արփի Կոնճեան, ձեռամբ ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնի տնօրէնին, ստացաւ ֆրանսական կրթական նախարարութեան «CHEVALIER DANS L’ORDRE DES PALMES ACADÉMIQUES»շքանշանը:

Արփի Կոնճեան իր սրտի խօսքով վեր առնելէ ետք ուսուցչական աննման ասպարէզի կոչումը եւ դրուատելէ ետք իր պատասխանատուներուն եւ պաշտօնակիցներուն ազնիւ մօտեցումները, շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան ջերմ արտայայտութիւններ ուղղեց առ հասարակ զինք գնահատողներուն եւ քաջալերողներուն, բայց մանաւանդ` իր սիրելի աշակերտներուն, որոնք զինք դարձուցած են այժմէական եւ նորութիւններու հետամուտ, եռանդուն եւ հոգեպէս երջանիկ:

Ապա Արփի Կոնճեան յատուկ շեշտը դրաւ իր շատ սիրելի ընտանիքին անդամներուն` ծնողք եւ քոյրեր, որոնք իրենց հետեւողական թելադրանքներով, ուղղութիւններով, գորովով եւ օգտակար խրատներով, միշտ քաջալեր հանդիսանալով` զինք արժանի դարձուցած են այսօրուան մեծ պատիւին:

Թրիփոլիի հայութեան համար հպարտառիթ եւ հազուագիւտ երեւոյթ մը, երբ հայուն անունը ներբողներով կը յիշատակուի եւ կրթական երկնակամարը կը զարդարուի նման լուսատու աստղերով:

Վարձքը կատար, սիրելի՛ եւ տիպար ուսուցչուհի` Արփի Թալին Կոնճեան:

ՀՅԴ ՆԱՒԱՍԱՐԴ ԱԿՈՒՄԲ ԹՐԻՓՈԼԻ

Նախորդը

Փառք Ու Պատիւ Մեր Ուսուցիչներուն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Բալուի Հայրենակցական Միութիւն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.