Աւազանի անունով` Աբրահամ, ծնած է 21 յունիս 1939-ին, Հալէպ, ուրֆացի ծնողքէ: Ան չորրորդ զաւակը եղած է Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ ծխատէր քահանաներէն` բարի հովիւ եւ նախանձախնդիր եկեղեցական հոգելոյս Տ. Արսէն քհնյ. Գաթարոյեանի: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Կրթասիրաց, Ուսումնասիրաց եւ Ազգային Հայկազեան վարժարաններուն մէջ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք ընդունուած է 1954-ին: Հինգ տարիներ ետք, 21 յունիս 1959-ին, սարկաւագ ձեռնադրուած է ձեռամբ Ճեզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ հոգելոյս Տաճատ արք. Ուրֆալեանի:
24 յունիս 1962-ին կատարած է կուսակրօնութեան ուխտը: Աբեղայ ձեռնադրուած է ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի եւ անուանակոչուած` Տ. Սուրէն աբեղայ:
Վարդապետական գաւազան ստացած է 3 նոյեմբեր 1963-ին` աւարտաճառ ներկայացնելով «Հայց. եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներու պատմական ու կանոնական զարգացումը` Հայց. եկեղեցւոյ կանոնագրութեանց համաձայն»:
Այդ շրջանին, Երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի տնօրինումով, Անթիլիասի մէջ եղած է լուսարարապետ եւ ուսուցիչ դպրեվանքի` դասաւանդելով Ս. Գրոց, քրիստոնէական եւ եկեղեցական երաժշտութիւն, հայ եկեղեցականի խորունկ նախանձախնդրութեամբ վարելով իրեն վստահուած վանական բոլոր պաշտօնները: Միաժամանակ 1962-1965 տարիներուն եղած է դասատու ուսուցիչ Ազգ. Մարտիկեան վարժարանէն ներս:
23 դեկտեմբեր 1965-ին, որպէս հոգեւոր հովիւ, գործուղուած է Քանատայի Մոնրէալ քաղաքը, ուր մնացած է ութ տարի: Ան բոլորանուէր կերպով ծառայած է մոնրէալահայ գաղութին` մեծապէս սատարելով տեղւոյն Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եւ «Հայ կեդրոն»-ի շինութեան աշխատանքներուն:
Ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք ստացած է 20 յուլիս 1969-ին, երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսի մոնրէալահայ գաղութին շնորհած հովուապետական այցելութեան ընթացքին:
1973-ի յուլիսին Խորէն Ա. կաթողիկոսի տնօրինումով վերադարձած է մայրավանք եւ ստանձնած` դպրեվանքի փոխտեսուչի, լուսարարապետի եւ դիւանապետի պաշտօնները միանգամայն: Ինչպէս նաեւ, 1973-1977 տարիներուն, դասատու ուսուցիչ եղած է դպրեվանքին եւ Ազգ. Մարտիկեան վարժարանին մէջ: 1974-1976 տարիներուն եղած է կրօնաւանդ ուսուցիչ` Սոֆիա Յակոբեան երկրդ. վարժարանին մէջ:
5 դեկտեմբեր 1976-ին ծայրագնութեան աստիճան ստացած է ձեռամբ` Արտաւազդ արք. Թրթռեանի:
15 յուլիս 1977-ին Բերիոյ հայոց թեմի ազգ. վարչութեան խառն ժողովին կողմէ ընտրուած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ: Հալէպ ժամանած է 10 սեպտեմբեր 1977-ին: 15 հոկտեմբեր 1977-ին թեմի Ազգ. Գաւառական ժողովին կողմէ ընտրուած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ:
30 հոկտեմբեր 1977-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսի:
Երանաշնորհ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի` Բերիոյ հայոց թեմին տուած հովուապետական անդրանիկ այցելութեան ընթացքին (29 ապրիլ-12 մայիս 1983-ին), 8 մայիս 1983-ին, յընթացս Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցած հայրապետական սուրբ եւ անմահ պատարագին, Սուրէն եպիսկոպոսին շնորհած է արքութեան պատիւ եւ տիտղոս:
Ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար նշանաբանը իր հոգեւորականի կեանքին եւ հոգեւոր ծառայութեան ուղեգիծ ընտրած անձնդիր եկեղեցականը, զարմանալի ներդաշնակութեամբ, յաջողեցաւ նոյնացնել իր անձն ու առաքելութիւնը` ամբողջական գիտակցութեամբ ընդունելով կոչումին երբեմն յուսադրիչ, բայց յաճախ սպառիչ պարտաւորութիւնները հաւասարապէս, եւ որպէս Աստուծոյ ու ժողովուրդի քահանայ` ինքնաբաշխումի քրիստոսատիպ օրինակով մը նոր գոյն ու դիմագիծ տուաւ Բերիոյ պատմական թեմին, որ վերածաղկումի, ինչո՞ւ չէ, վերազարթօնքի նորագոյն պատումները արձանագրեց:
Իր հետեւողական աշխատանքներով Հալէպի եւ Բերիոյ հայոց թեմի զանազան շրջաններուն մէջ կառուցուեցան, վերանորոգուեցան կամ բարեզարդուեցան շարք մը եկեղեցիներ կամ ուխտավայրեր:
1993-ին Բերիոյ հայոց թեմին մէջ հաստատած է Ազգ. առաջնորդարանի «Սուրէնեան» ֆոնտը:
Սրբազան հայրը ցարդ կը մնայ Բերիոյ պատմական թեմի ամէնէն երկարամեայ թեմակալ առաջնորդը: Քսանհինգ բազմաբեղուն տարիներու ժամանակամիջոցի մը ընդմէջէն պատկառելի վաստակն է, որ կը ճառագայթէ եւ կը վկայէ իր անձին ու գործին մասին:
Անոր առաջնորդութեան շրջանին Բերիոյ թեմը արձանագրած է շինարարական վիթխարի իրագործումներ, որոնցմէ այստեղ կ’արձանագրենք միայն գլխաւորները.
– Երկու տասնեակ շէնքեր, որոնց մէջ բնակութիւն հաստատած են` կրթական մշակներ, Քահանայ հայրեր, նորապսակ ամոլներ, ազգայիններ եւ յատկապէս քեմբերէն տեղահանուած հարիւրաւոր ընտանիքներ:
– Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող հնադարեան Ս. Աստուածածին եկեղեցին վերածուած է գանձատան, եւ որուն մէջ ամփոփուած են հինգ հարիւր տարուան մշակութային եւ հնագիտական արժէք ներկայացնող եկեղեցական սպասներ: Գանձատունը անուանակոչուած է Զարեհեան գանձատուն` ի յիշատակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի (այստեղ հարկ է արձանագրել, որ Զարեհ եպիսկոպոս 1940-1956 եղած է Բերիոյ թեմի առաջնորդ):
– Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի շրջափակին մէջ եռայարկ շէնք մը` հետզհետէ աճող ուսանողութեան համար:
– Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի նորակառոյց շէնքը` իր ներքնայարկ «Եսայեան» գեղակերտ թատերասրահով:
– Ազգ. Հայկազեան վարժարանի տղոց բաժնի համար գնուած է նոր շէնք մը եւ` բարեզարդուած:
– Ազգ. Սահակեան վարժարանի մանկապարտէզի նոր շէնքը:
– Ազգ. առաջնորդարանի շէնքին ընդարձակումը:
– «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային կեդրոնը:
– Հին «Կիւլպէնկեան» հողին վրայ կառուցուած է գեղակերտ շէնք մը, որպէս հաւաքատեղի եւ ժողովատեղի Սիւլէյմանիէի շրջանի Համազգայինի, Սուրիահայ օգնութեան խաչի եւ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերուն: Շէնքը անուանակոչուած է Սիմոն Վրացեան Կեդրոն:
– ՍՕԽ-ի Նոր Գիւղի ընկերաբժշկական դարմանատունը` իր ժողովասրահներով եւ գետնայարկի դերձակատունով:
– Առանձնակի պէտք է արձանագրել Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիրը եւ Մարկատէի անապատին մէջ նահատակներու աճիւններուն վրայ կառուցուած Ս. Յարութիւն մատուռը:
– Հայ ծերանոցի կողքին Արեւիկ թերաճ մանուկներու եւ պատանիներու դպրոցը:
Սրբազանը լոյս ընծայած է հետեւեալ գիրքերը.
– «Սաղմոսագիրք»-ի աշխարհաբար թարգմանութիւն` հանդերձ գրաբար բնագրին, Հալէպ (1996):
– «Առակաց գիրք»-ի աշխարհաբար թարգմանութիւն` հանդերձ գրաբար բնագրին, Հալէպ (1997):
– Ս. պատարագի երգեցողութեան փոքր գրքոյկ մը` ս. պատարագի մեկնաբանութեամբ, Հալէպ (1998):
– «Ատենի Աւետարան»` գրաբար եւ աշխարհաբար, Մոնրէալ (2013):
– Տօնացոյց Հայց. եկեղեցւոյ, Մոնրէալ (2013):
– Պատկերազարդ ծիսական բառարան, Մոնրէալ (2014):
– «Հաւատքի եւ ծառայութեան ուղիներով», Մոնրէալ (2015):
– «Իննսունամեայ հունձքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին», Մոնրէալ (2020):
Իր վերջին աշխատութիւնն է` «Բացատրութիւն եւ մեկնաբանութիւն ս. պատարագի Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ» գրքոյկը:
Բերիոյ թեմի 27 տարիներու ծառայութեան որպէս գնահատանք` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգիսեան 3 սեպտեմբեր 2011-ին «Մովսէս Խորենացի» մետալով պարգեւատրած է սրբազանը:
Քանատա վերադառնալով` ան մինչեւ իր վախճանումը եղած է առաջնորդանիստ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ:
* Տեղեկութիւնները համադրուած են դոկտ. Հուրի Ազէզեանի «Բազմերախտ հոգեւորականը եւ առաջնորդը» գիրքէն եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հրապարակած կենսագրական գիծերէն: