Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալուզին. «Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Առաքելութեան Ընդլայնումը Անօգուտ Քայլ Է, Որ Միայն Պիտի Բարձրացնէ Հարաւային Կովկասի Մէջ Լարուածութիւնը»

December 14, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքային դիտորդական առաքելութեան ընդլայնումը չի կրնար նպաստել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը` շեշտելով, որ այդ քայլը միայն պիտի բարձրացնէ Հարաւային Կովկասի մէջ լարուածութիւնը:

«Անոնց (Եւրոպական Միութեան դիտորդներու, «Ա.») Հայաստանի մէջ յայտնուիլը բացարձակապէս անօգուտ քայլ էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին նպաստելու տեսանկիւնէն: Մենք համոզուած ենք, որ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ընդլայնումն ալ բացարձակապէս անօգուտ է եւ ոչ մէկ արդիւնքի պիտի յանգեցնէ այդ հոլովոյթին մէջ, որուն հիմնական սկզբունքները մշակուած են 2020 նոյեմբերին Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ եւ ամրագրուած քանի մը եռակողմ միացեալ յայտարարութիւններու մէջ», ընդգծած է Կալուզին:

Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը ոչ մէկ նոր բան կը բերէ Անդրկովկաս, այլ կը յանգեցնէ միայն լրացուցիչ լարուածութիւն եւ անվստահութիւն:

Կալուզին վստահութիւն յայտնած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքականութիւնը ուղղուած է միայն Ռուսիան շրջանէն դուրս մղելուն:

«Մենք կը տեսնենք, որ Անդրկովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքականութիւնը ուղղուած է բացառապէս Ռուսիան այնտեղէն դուրս մղելուն` միեւնոյն ժամանակ օգտագործելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ կարգաւորման հոլովոյթին մէջ մեր ձեռքբերումները», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:

Կալուզին նախընտրած է չպատասխանել այն հարցումին, թէ արդեօք Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ԱՊՀ-ի ոչ պաշտօնական վեհաժողովին ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եռակողմ հանդիպում տեղի պիտի ունենա՞յ:

«Ես` իբրեւ դիւանագէտ, տակաւին պիտի նախընտրէի ձեռնպահ մնալ կանխատեսումներ ընելէ», ըսած է ան:

«Ռուսական կողմի Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին փոխանցած հրաւէրները` շարունակելու երկխօսութեան խաղաղ լուծման շուրջ երկխօսութիւնը, հիմնուած այն սկզբունքներուն վրայ, որոնք մեր երկիրներու ղեկավարները ձեւակերպած են 2020 թուականի նոյեմբերին եւ հետագային, կը մնան ուժի մէջ», աւելցուցած է Կալուզին:

ԱՊՀ-ի ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ նախապէս յայտնած է, որ 26 դեկտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի պիտի ունենայ անդամ երկիրներու ղեկավարներու աւանդական նախաամանորեան ոչ պաշտօնական հաւաքը:

Տակաւին յայտնի չէ, թէ ԱՊՀ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի վերջին միջոցառումներուն չմասնակցած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի մեկնի՞ Ռուսիոյ հիւսիսային մայրաքաղաք:

Մեկնաբանելով խաղաղութեան համաձայնագիրը մինչեւ տարեվերջ կնքելու կարելիութիւնը` Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը ըսած է, թէ հարցումը պէտք է ուղղել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն: «Սակայն ըսեմ, որ առիթ միշտ ալ կայ, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պիտի օգտուի՞ն, ատիկա այլ հարց է», աւելցուցած է Կալուզին:

Նախորդը

Զախարովա. «Երեւանն Ու Պաքուն Պէտք Է Որոշեն Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Կնքման Ժամկէտները»

Յաջորդը

32 Գերիներ Վերադարձան Հայաստան

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.