Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաստատէ, որ 11 դեկտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արկածի պատճառով զինուոր մը մահացած է:
Խաղաղապահներու առաքելութեան վերաբերեալ ամէնօրեայ տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի «ԲՏՌ-82» տիպի զրահապատ մեքենայի` լեռնային ճամբայէն դուրս գալուն հետեւանքով մէկ զոհէն բացի, երկու ռուս զինուորներ ալ միջին ծանրութեան եւ ծանր վնասուածքներ ստացած են:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ 12 դեկտեմբերին ազրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ Ստեփանակերտի մէջ ռուս խաղաղապահներու զրահապատ փոխադրիչ քանդուած է: