Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն ընդգծած է Հայաստանի` Հռոմի կանոնադրութեան միանալու խիզախութիւնը: Մաքրոնի խօսքը «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ մէջբերած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տեքոթինյին:
«Այստեղ ես կ՛ուզէի աւելցնել խիզախութիւնը Հայաստանի, որ որոշեց միանալ Հռոմի կանոնադրութեան: Շատ ուշագրաւ քայլ մը` հաշուի առնելով, որ վերջին քանի մը ամիսները ողբերգութիւններ բերած են այս երկրին եւ այս ժողովուրդին», ըսած է Մաքրոն:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը 3 հոկտեմբեր 2023-ին 60 թեր, 22 դէմ եւ 0 ձեռնպահ քուէներով վաւերացուցած է Հռոմի կարգավիճակը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոք ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ Հռոմի կանոնադրութիւնը վաւերացման համար Ազգային ժողով ուղարկելու վերաբերեալ: Պատճառը այն է, որ Հռոմի կանոնադրութիւնը վաւերացուցած երկիրները պարտաւոր են Միջազգային քրէական դատարանի հրամանագիրին համաձայն ձերբակալել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:


