Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Դեկտեմբեր 13, 2023
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Լոյս Տեսաւ Ռ. Տէր Մինասեանի «Հայաստանը Եւ Աշխարհաքաղաքական Իրավիճակը Տարածաշրջանում» Գիրքը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի համաշխարհային պատմութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսէօր Խաչատուր Ստեփանեանի աշխատասիրութեամբ, յառաջաբանով եւ ՀՊՄՀ Պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի խորհուրդի երաշխաւորութեամբ լոյս տեսաւ հայ ականաւոր պետական, կուսակցական գործիչ, երկրառազմավարական մտքի եզակի ներկայացուցիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայաստանը եւ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը տարածաշրջանում» ծաւալուն հատորը:

Գիրքին մէջ ներկայացուած են մեծանուն գործիչին երկու կարեւոր ուսումնասիրութիւններ, որոնք իրենց բովանդակային ընկալմամբ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Հեղինակը մանրակրկիտ վերլուծած է տարածաշրջանին մէջ` Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող մեծ տէրութիւններու աշխարհակալական ձգտումներու անցած ուղին, արդի ժամանակաշրջանի մէջ անոնց ընթացքը եւ կարելի զարգացումները:

ՀՕՄ-ի Հայաստանի «Կռունկ» Մասնաճիւղին Եւ Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին Կազմակերպութեամբ Բացումը Կատարուեցաւ «Վերապրած Ձեռագործներ» Ժամանակաւոր Ցուցադրութեան

Վերջերս Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Վերապրած ձեռագործներ» ժամանակաւոր ցուցադրութեան, որ կազմակերպուած էր ՀՕՄ-ի Հայաստանի «Կռունկ» մասնաճիւղին հետ:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են ասեղնագործ ինքնատիպ նմուշներ Արեւմտեան Հայաստանէն, որոնց շարքին` սեղանի եւ անկողինի ծածկոցներ, ասեղնագործ օձիքներ, ժանեակներ, սրբիչներ եւ այլն:

Ցուցադրութեան բացումէն ետք երկու կառոյցներուն միջեւ կնքուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր, որով նախատեսուած է ստեղծագործական-կրթական նախագիծներու, կրթամշակութային ձեռնարկներու, ցուցադրութիւններու միացեալ իրականացում:

Նշենք նաեւ, որ Հայաստանի ՀՕՄ-ի «Կռունկ» մասնաճիւղին նուիրած շարք մը ինքնատիպ նմուշները համալրեցին Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի ազգագրական հաւաքածոն:

«Տաթեւեր» Ճոպանուղին Ճանչցուած Է Աշխարհի Լաւագոյն Ճոպանուղին

«Տաթեւեր» ճոպանուղին արժանացած է զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ ամէնէն հեղինակաւորներէն համարուող միջազգային մրցանակին` World Travel Awards-ին:

Հայկական ճոպանուղին յաղթած է մրցումին` մրցակցելով Պոլիվիոյ, Պրազիլի, Վիեթնամի, Քանատայի, Նոր Զելանտիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան ճոպանուղիներուն հետ եւ ճանչցուած է իբրեւ լաւագոյնը:

1 դեկտեմբեր 2023-ին Տուպայի մէջ տեղի ունեցած է World  Travel Awards հեղինակաւոր միջազգային մրցանակին յաղթողներուն 30-րդ մրցանակաբաշխութիւնը: Բաց քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք` «Աշխարհի լաւագոյն ճոպանուղի» անուանակարգին մէջ առաջին դիրքը  գրաւած է «Տաթեւեր»-ը: Արարողութեան ժամանակ պատուաւոր մրցանակ  ստացած է Դաւիթ Վարդանեանը` «Տաթեւեր» նախագիծի հիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանի որդին:

World Travel Awards մրցանակաբաշխութիւնը յաճախ կ՛անուանեն  «Զբօսաշրջային Օսքար»: Անիկա հիմնադրուած է 1993-ին եւ այդ ժամանակէն ի վեր ծառայած է իբրեւ ճանապարհորդութեան եւ հիւրընկալութեան ոլորտին մէջ կարեւոր նուաճումներու չափանիշ: «Տաթեւեր» ճոպանուղին արդէն 2-րդ անգամն է, որ կը ճանչցուի աշխարհի լաւագոյն ճոպանուղի: Այս նախագիծը Հայաստանին առաջին մրցանակը բերած էր 2021 թուականին:

«Հայրս իր ամբողջ կեանքը նուիրած է մարդոց օգնելու: Ան իրականացուցած է բազմաթիւ բարեգործական, ընկերային, կրթական, ենթակառուցուածքային մեծ ծրագիրներ, որոնք փոխած են մարդոց կեանքին որակը ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ ամբողջ աշխարհին մէջ: Դէպի միջնադարեան հրաշալի վանական համալիր տանող աշխարհի ամէնէն երկար` «Տաթեւեր» ճոպանուղիին նախագիծը անոր վառ օրինակներէն է: Անիկա մեծ ազդեցութիւն ունեցած է ինչպէս տարածաշրջանի  զարգացման վրայ` դարձնելով զայն զբօսաշրջային տեսանկիւնէն գրաւիչ, այնպէս ալ զգալիօրէն բարելաւած է տեղի բնակչութեան կեանքի որակը: Այս մրցանակը հայրս պէտք էր ստանար, բայց, ինչպէս գիտէք, ան եւ տասնեակ հայեր քաղաքական դրդապատճառներով ապօրինի ձերբակալուած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ եւ կը գտնուին Պաքուի բանտը: Կը յուսամ` յաջորդ մրցանակը ան անձամբ կը ստանայ», ըսաւ Դաւիթ Վարդանեան:

«Մեր ամբողջ խումբին համար մեծ պատիւ է երկրորդ անգամ ստանալ այսպիսի հեղինակաւոր միջազգային ճանաչում: Մեր աշխատանքով կը ձգտինք մարդոց բացայայտել Տաթեւը եւ անոնց պարգեւել բացառիկ տպաւորութիւններ: Այս մրցանակը կ՛ամրապնդէ Հայաստանի զբօսաշրջային առաջատար ուղղութեան կարգավիճակը եւ կարեւոր դեր ունի երկրի, մասնաւորապէս Տաթեւի միջազգային զբօսաշրջային ասպարէզին յառաջխաղացման գործին մէջ», մրցանակին արդիւնքը մեկնաբանած է ճոպանուղին կառավարող Impulse Business Management ընկերութեան տնօրէն Մարիա Պութենքոն:

Տասներեք տարուան ընթացքին «Տաթեւեր» այցելած է աւելի քան 1 միլիոն մարդ: Հայաստան այցելող իւրաքանչիւր 5-րդ զբօսաշրջիկ  իր  ծրագրին մէջ կ՛ընդգրկէ  ճոպանուղին, որուն շնորհիւ զբօսաշրջային հոսքը դէպի Սիւնիքի մարզ 2010 թուականի համեմատ աճած է 17 անգամ:

«Տաթեւեր» ճոպանուղին ճանապարհորդներուն համար կը բանայ Հայաստանի նախապէս անհասանելի անկիւնները եւ կը բարձրացնէ երկրին ճանաչելիութիւնը: Անիկա արձանագրուած է «Կինես»-ի գիրքին մէջ` իբրեւ աշխարհի ամէնէն երկար մարդատար ճոպանուղին (5752 մեթր): «Տաթեւեր»-ի շինարարութիւնը իրականացած է ճոպանուղիներու շինարարութեան ոլորտի առաջատար աւստրիական եւ զուիցերիական Doppelmayr/Garaventa ընկերութիւնը: Ամէն տարի «Տաթեւեր» ճոպանուղին յաջողութեամբ կ՛անցնի անվտանգութեան միջազգային չափանիշներուն համապատասխան ստուգում:

Ծրագիրը իրականացուած է Ռուբէն Վարդանեանի եւ Վերոնիքա Զոնապենտի կողմէ սկսած «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի շրջանակներուն մէջ: Ճոպանուղին շահոյթ չհետապնդող նախագիծ է, որմէ ստացուած ամբողջ հասոյթը կ՛ուղղուի Տաթեւի վանական համալիրի վերականգնման եւ համայնքի զարգացման:

Գիւմրիի Ս. Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Մատուցուեցաւ 1988-ի Աղէտալի Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակին Եւ Հնչեց Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիեմ»-ը

Դեկտեմբեր 7-ին Շիրակի մարզպետ Մուշեղ Մուրատեանը, Գիւմրի համայնքի ղեկավար Վարդգէս Սամսոնեանը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն. Գ. Օլիվիէ Թըկոտինին, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, ուժային կառոյցներու ղեկավարներ, հարիւրաւոր գիւմրեցիներ ծաղիկներ զետեղեցին 7 դեկտեմբեր 1988 թուականի աղէտալի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին:

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուեց անմեղ զոհերու յիշատակին:

Նոյն օրը Գիւմրիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի 35-րդ տարելիցին նուիրուած նուագահանդէս եւ հնչեց Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիեմ»-ը:

Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը հանդէս եկաւ` խմբավարութեամբ Սերգէյ Սմբատեանի, իսկ Հայաստանի պետական սենեկային երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Քրիստինա Ոսկանեանի, մենակատարներ ունենալով Սոֆիա Սայատեանը (սոփրանօ) եւ  Ակսէլ Դաւեանը (պարիթոն):

Տեղեկացնենք, որ Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ կառուցման պատմութիւնը կը սկսի 1858-1872 թուականներէն: Ալեքսանդրապոլցի վարպետները եկեղեցին կառուցած են Անիի մայր տաճարի ճարտարապետութեան նմանութեամբ: Ամենափրկիչը հայկական մանրանկարչութեան եւ որմնանկարչութեան բնորոշ զարդանախշերով եկեղեցի էր մինչեւ խորհրդային տարիները: Մինչեւ 1988-ի երկրաշարժը եկեղեցին ծառայած է իբրեւ թանգարան, ապա` ֆիլհարմոնիա: 1988 թուականին աւերիչ երկրաշարժին պատճառով եկեղեցին մասամբ աւերուած է: Եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները սկսած են 1998 թուականին:

Գիւմրիի Դարբնութեան Աւանդոյթը Ներառուած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի` Մարդկութեան Ոչ Նիւթական Մշակութային Ժառանգութեան Ներկայացուցչական Ցանկին Մէջ

Կասանէ քաղաքին մէջ (Պոցուանա) ընթացող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» պայմանագրի միջկառավարական կոմիտէի 18-րդ նստաշրջանի ընթացքին կոմիտէն որոշում կայացուցած է Գիւմրիի դարբնութեան աւանդոյթը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի` Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ ներառելու վերաբերեալ:

Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Դարբնութիւնը Հայաստանի մէջ տարածուած արհեստներէն եղած է, սակայն իբրեւ քաղաքային արհեստ` իր լիարժէք արտայայտումը ձեռք բերած է Գիւմրիի մէջ եւ ծաղկուն շրջան ապրած` 19-րդ դարուն: Սերունդէ սերունդ փոխանցուող այս ազգային աւանդոյթին գրանցումը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայացուցչական ցանկին մէջ առանցքային նշանակութիւն ունի անոր կենսունակութեան ապահովման, արժեւորման եւ հանրահռչակման համար:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 2003 թուականի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» պայմանագիրը վաւերացուած է 2006 թուականին: Յաջորդող տարիներուն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի` Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ արձանագրուած են` «Տուտուկն ու իր երաժշտութիւնը» (2008թ.), «Հայկական խաչքարի արուեստ. խաչքարի խորհուրդն ու խաչքարագործութիւնը» (2010թ.), «Սասնայ ծռեր կամ Սասունցի Դաւիթ առասպելին կատարողական դրսեւորումները» (2012թ.), «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» (2014թ.), «Քոչարի. աւանդական խմբապար» (2017թ.), «Հայկական տառարուեստը եւ անոր մշակութային դրսեւորումները» (2018թ.), ինչպէս նաեւ` Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ միացեալ ներկայացուած «Սուրբ Թադէոս առաքեալի վանքի ուխտագնացութիւնը» (2020թ.) տարրերը:

Հայերէնով Եւս Լոյս Տեսաւ «Արցախի Հայկական Մշակութային Ժառանգութիւնը» Գիրքը

Առաջնահերթ կերպով անգլերէնով հրատարակուելէ ետք, հայերէնով եւս լոյս տեսաւ Արմինէ Տիգրանեանի «Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը. պաշտպանութեան մեխանիզմները (գործիքակազմերը, համակարգերը) ժառանգութեան պահպանութեան միջազգային համակարգում» աշխատութիւնը` իբրեւ «Վէմ» մատենաշարի 7-րդ հատորը, որուն խմբագիրներն են հնագէտ-մշակութաբան Համլեթ Պետրոսեանը եւ «Վէմ» հանդէսի խմբագիր, պատմագէտ Գէորգ Խուդինեանը:

Աշխատութեան մէջ ներկայացուած են զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջազգային համակարգի կիրարկման կարելիութիւնները` Ազրպէյճանի կողմէ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան թիրախաւորման դէպքերու լուսաբանման միջոցով: Ներկայացուած են նաեւ զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջազգային կանոնակարգերը, իրաւական եւ մարդասիրական գործիքները (միջազգային համաձայնագիրներ, հռչակագիրներ, բանաձեւեր, կանոնադրութիւններ, սովորոյթներ):

Աշխատութիւնը նախատեսուած է` մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ զբաղող մասնագէտներու, պետական կառոյցներու, գիտական հաստատութիւններու, ուսանողներու եւ արցախահայութեան մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեամբ եւ պահպանութեամբ մտահոգ ընթերցողներու համար:

«Յաւերժի Վաւերագրութիւն. Արցախ». Լուսանկարչական Ցուցադրութիւն` Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին Մէջ

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին հետ միասին բացումը կատարուեցաւ «Յաւերժի վաւերագրութիւն. Արցախ» լուսանկարչական ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը:

Ցուցադրութիւնը բաղկացած է աւելի քան 50 վաւերագրական եւ գեղարուեստական լուսանկարներէ, որոնք ընտրուած են նախօրօք յայտարարուած մրցոյթի բազմաթիւ դիմումնագիրներէն:

Հանդիսութեան խօսքեր արտասանեցին` Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանը, ԳԱԹ տնօրէն Սուզաննա Խոճամիրեանը, մրցոյթի մասնագիտական խորհուրդի անդամ, ԳԱԹ գիտքարտուղար Մարինէ Հարոյեանը:

«Յաւերժի վաւերագրութիւն. Արցախ» խորագրով լուսանկարչական մրցոյթը եւ անոր իբրեւ արդիւնք` կազմակերպուած համանուն ցուցադրութիւնը իրականացուած է «Յաւերժի վաւերագրողները. Արամ, Արա, Արտաշէս Վրոյրներ» ցուցադրութեան շրջանակին մէջ եւ կը նպատակադրէ անգամ մը եւս ներկայացնելու Արցախի հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը` այցելուին ուշադրութիւնը սեւեռելով անոր պահպանութեան հրատապութեան վրայ:

Յայտնենք, որ ցուցադրութիւնը բաց պիտի մնայ այցելուներուն համար մօտաւորապէս մէկ ամիս:

Հայաստանի Մէջ Հիմնուեցաւ Ժամանակակից Արուեստի Յառաջխաղացման Հարթակ

Հայաստանի մէջ յառաջացաւ հարթակ, որ կը միտի մերօրեայ արուեստի հանրայնացման եւ արուեստագէտներու ստեղծագործական ճանապարհի յառաջխաղացման: «ArtInsight» հարթակը հեղինակած են գիւմրեցի եղբայրներ, արուեստագէտներ Հրաչեայ եւ Աւետիք Վարդանեանները:

«ArtInsight»-ը հարթակ մըն է, որ կը միաւորէ առաւելապէս հայ արուեստագէտները` համագործակցութիւններ խթանելու եւ նոր միջավայր ձեւաւորելու արուեստագէտ-արուեստասէր փոխյարաբերութեան համար: Այս կայքը առիթ կ՛ընձեռէ ծանօթանալու արուեստագէտներու գործերուն եւ արդի արուեստի միտումներուն: Հարթակին մէջ առանձին տեղեկատուութիւն զետեղուած է արուեստագէտներուն անցած ճանապարհին, մասնագիտական նուաճումներուն, ինչպէս նաեւ` ստեղծած նկարներուն, քանդակներուն, լուսանկարներուն եւ այլ արուեստի գործերու վերաբերեալ: Հարթակը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ո՛չ միայն դիտելու եւ ձեռք բերելու արուեստի որակաւորում անցած գործերը, այլ նաեւ` համագործակցութեան տարբեր ձեւեր:

Որպէսզի հարթակին մէջ տեղ գտնէ այս կամ այն արուեստագէտին աշխատանքը, անիկա պէտք է դիտարկուի «ArtInsight»-ի խորհուրդին կողմէ, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են ինչպէս յայտնի արուեստագէտներ, այնպէս ալ մշակութային դաշտին մէջ իրենց տեղը ունեցող գիտակ եւ մտահոգ մասնագէտներ:

««ArtInsight»-ը միայն արուեստագէտներ ներկայացնող հարթակ չէ, այլ անիկա մշակութային կամուրջ է, որ արուեստի ներըմբռնողական կապով կը միաւորէ արուեստագէտն ու արուեստի սիրահարները: Մենք կը հաւատանք, որ արուեստը ի զօրու է աշխարհը աւելի լաւ դարձնելու` միաւորելով մարդիկը: Այս հարթակին ստեղծումը մեր ներդրումն է Հայաստանի մէջ ստեղծագործող արուեստագէտներու յառաջախաղացման գործին մէջ», բացատրած է հարթակի համահիմնադիր Աւետիք Վարդանեանը:

 

 

Նախորդը

Արցախի Շուրջ 150 Կուսակցութիւններու, Կազմակերպութիւններու Եւ Լրատուամիջոցներու Ուղերձը` Միջազգային Հանրութեան

Յաջորդը

Այսպէս Ուրեմն

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 24, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 17, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?