Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Միացեալ Նահանգներ Կրնան Իրենց Ներդրումը Ունենալ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Բանակցութիւններուն Մէջ»

December 8, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաշուի առնելով նոր իրողութիւնները` Ուաշինկթըն կրնայ իր ներդրումը ունենալ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայընի հետ բանակցութիւններու ժամանակ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Ըստ հաղորդագրութեան, Ալիեւ ընդգծած է, որ «տագնապի աւարտէն եւ Ազրպէյճանի` իր գերիշխանութեան ամբողջական վերականգնումէն» ետք խաղաղութեան հաստատման պատմական կարելիութիւններ ստեղծուած են, եւ Միացեալ Նահանգները, հաշուի առնելով նոր իրողութիւնները, նոյնպէս կրնան իրենց ներդրումը ունենալ այդ հոլովոյթին մէջ:

Օ՛Պրայըն իր կարգին ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ «կ՛աջակցին շրջանին մէջ խաղաղութեան օրակարգին», եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգները պատրաստ են հայ-ազրպէյճանական յաջորդ բանակցութիւնները կատարելու Ուաշինկթընի մէջ:

Բացի ատկէ, կը հաղորդուի նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ:

Օ՛Պրայըն. «Պլինքըն Անհամբեր Կը Սպասէ Ուաշինկթընի Մէջ
Հիւրընկալելու Միրզոյեանն ու Պայրամովը»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն անհամբեր կը սպասէ յառաջիկային Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը` խաղաղութեան բանակցութիւններ կատարելու համար:

Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայըն, որ 6 դեկտեմբերին Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած էր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Պաքուի մէջ դրական ու կառուցողական հանդիպումներ ունեցած է:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը նաեւ նշած է. «Ինչպէս նախագահ Ալիեւին ըսի, Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի եւ ուժանիւթի նախարարի այցելութիւնները»:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ Այցելութիւնը

Յաջորդը

Հայաստան-Ազրպէյճան Միացեալ Յայտարարութիւն. Ազրպէյճան Ազատ Կ՛արձակէ 32 Հայ Զինուորական Ծառայողներ

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.