ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները կը վերահաստատեն ուժի կիրարկումէն զերծ մնալու իրենց յանձնառութիւնը եւ մտադիր են իրենց եւ այլ պետութիւններու միջեւ բոլոր տարակարծութիւնները լուծել խաղաղ ճամբով: Այս մասին նշուած է ՀԱՊԿ-ի խորհուրդի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է կազմակերպութեան կայքին վրայ:
«Մենք կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը` զերծ մնալու միջպետական յարաբերութիւններու մէջ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկումէն, ինչպէս նաեւ մեր եւ միւս պետութիւններուն միջեւ բոլոր տարակարծութիւնները լուծելու խաղաղ ճամբով», կ՛ընդգծուի յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ կազմակերպութեան գործունէութեան առանցքային ուղղութիւններէն է ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանունակութեան ամրապնդումը` հաշուի առնելով գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները:


