Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հին Կռուախնձորի Մը Նոր Պատմութիւնը

December 6, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկի եւ Բելի օրերէն հայոց պատմութեան էջերուն մէջ յաճախ նշուած է կռուախնձոր բառը, այն, որ Հայաստան կռուախնձոր եղած է դրացի եւ այլ հզօրներու միջեւ:

Հաւանաբար «կռուախնձոր» բառին «կռիւ» բաղադրիչը դարաւոր ճամբորդութեան ընթացքին ապրած է բազմաթիւ եղափոխութիւններ եւ յեղափոխութիւններ: Նոյնը կրնանք ըսել… Ադամի եւ Եւայի «խնձոր»-ին մասին, այսինքն խնձոր կոչուած պտուղը, մասնագէտ մշակներու փորձերով, ծնունդ տուած է զարմանազան տեսակներու:

Այդ բոլորը` շատ բարի, սակայն հայորդիին համար կռուախնձոր հասկացողութիւնը կը մնայ անփոփոխ եւ կտրած է դարերու ճամբայ, այն տարբերութեամբ, որ ժամանակին, երբ մարտերը ձիերով եւ սուրերով կը մղուէին, այսօր փոխարինուած են արդիական զէնքերով, պատերազմի «արուեստ»-ին մէջ համակարգիչին ներկայութիւնը գերազանցած է մարդկայինը:

Չենք մոռնար, որ կռուախնձոր հասկացողութիւնը միայն Հայաստանի յատուկ չէ: Այսուամենայնիւ, մենք կ՛ուզենք կեդրոնանալ կովկասեան բարձրաւանդակի դիրքին ու աշխարհագրական կարեւորութեան վրայ, որոնք դարերէ ի վեր իրարու դէմ հանած են հիւսիսն ու հարաւը, ապա` արեւմուտքն ու արեւելքը. պատմութեան ընթացքին, ի յայտ եկած են զանազան դերակատարներ, որոնք մերթ ընդ մերթ փոխարինած են զիրար:

Դարեր առաջ Արեւմուտքը Հռոմէական կայսրութիւնն էր, Ալեքսանդր Մակեդոնացիին ստեղծած կայսրութիւնը,  խաչակիրները,  իսկ Արեւելքը` Պարսկաստանը, արաբական կայսրութիւնը, սելճուքներն ու մոնկոլները, անոնց ժառանգորդ Օսմանեան կայսրութիւնը: Աւելի ուշ եկաւ հիւսիսի կայսրութիւնը` Ռուսիան:

Պատմութեան էջերը ցոյց կու տան, թէ Հայաստանը (չմոռնանք Մեծն Տիգրանի կարճ, սակայն յիշատակելի սխրանքը) որքա՜ն պայքարած է այս ահաւոր ուժերուն եւ ստեղծած մրցակցութեանց դէմ: Պայքարը տեւած է դարեր, երբեմն` մեզ հասցնելով բնաջնջման վտանգին:

Ծանօթ խօսք է, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, սակայն անցեալով ապրիլն ու սնանիլը անհեթեթ ու անիմաստ է, եթէ անկէ պիտի չծնին օգտակար եւ փրկարար ուղեցոյցներ:

Այժմու կացութիւնը նկատի ունենալով եւ հետեւութիւններ ընելով`  պարզ է, որ Հայաստան դարձեալ կը մնայ կռուախնձոր մը` նոր Արեւմուտքին եւ Արեւելքին միջեւ: Այս անգամ արեւմտամէտ կամ արեւելամէտ նախարարութիւններ չկան: Յստակ դարձած է, որ Արեւմուտքին կողմէ հրահրուած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ն ու անոր ղեկին գտնուող ներկայ վարչակազմը որդեգրած են արեւը մայր մտնցող ճանապարհը: Արեւմուտք մը, որ աշխարհագրականօրէն մղոններ հեռու է կովկասեան բարձրաւանդակէն: Հոն է նաեւ Հայաստանի հանդէպ բոլորէն աւելի «պղատոնական» գուրգուրանք ցուցաբերող Ֆրանսան, իսկ ԱՄՆ-ի պարագային` Ատլանտեանն ալ պէտք է կտրել, հակառակ անոր որ Կովկասին մօտակայ զինուորական խարիսխներ կան:

Իւրայատուկ է ներկայ օրերու Արեւելքը` քաղաքական պրիսմակէն դիտուած: Ռուսիա, որ միշտ ալ մօտիկ յարաբերութիւններ մշակած է Չինաստանի հետ, կովկասեան բարձրաւանդակի տարածաշրջանէն ներս, ունի բարեկամ մը` Թուրքիան, որ ինչ-ինչ հաշիւներով կրցած է լեզու գտնել «հիւսիսային արջ»-ին հետ: Այդ հաշիւները ակներեւ են, հիմնուած են թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ ռազմավարական շահերու վրայ, ու աւելի՛ կը շեշտուին, որովհետեւ Երեւանի իշխանաւորները բռնած են Ռուսիայէն հեռանալու, զայն շրջանէն վանելու (արեւմտեան ներշնչումով) ընթացք:

Ակներեւ է, թէ այս խրթին կացութեան մէջ որքա՜ն կարեւոր է արտաքին յարաբերութիւններու «ռազմամթերք»-ը, որ կրնայ վտանգաւոր կացութիւններ շրջանցել եւ ահաւոր պարտութիւններէ փրկել:

Դժբախտաբար, սակայն, պարզամիտ, չըսելու համար` անհեռատես ու մանկամիտ գործելաձեւով, Հայաստանի ո՛չ միայն աշխարհագրական, այլ նաեւ  քաղաքական սահմաններն ալ վտանգուեցան, եւ բախտագուշակ ըլլալու պէտք չկայ` տեսնելու, թէ թշնամին ինչպէ՛ս պատառ-պատառ կուլ կու տայ Հայաստան «խնձորը»:

Հարց է, թէ ի՞նչ պիտի մնայ կուլ տրուած պատառներէն ետք:

Մինչ այդ այս իշխանութեան «վարպետութիւններուն» պատճառով Հայաստանի բանակը կը մնայ իրողապէս ջլատուած, սահմանները`  բացորոշ կերպով անպաշտպան, նոյնը` անոր կիրարկած քաղաքականութիւնը:

Յատկապէս մտահոգիչ են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի յայտարարութիւնները, թէ` Արեւմուտքը կը ձգտի Հարաւային Կովկասը վերածել աշխարհաքաղաքական ճակատումի բեմի` խախտելով տարածաշրջանի ապահովութիւնը: Դժուա՞ր է տեսնել, որ այս բառերուն ետին կայ շրջանը տարբեր Ուքրանիոյ մը վերածելու ազդանշանը…

Նախորդը

Տօնածառը` Քրիստոնէական Ակնոցով

Յաջորդը

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.