Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ազգի Մը Իրաւունքը` Անվտանգօրէն Գոյատեւելու

Դեկտեմբեր 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Այս նախադասութիւնը բազմիցս արտասանուեցաւ տարբեր պետութիւններու քաղաքական պատասխանատուներու կողմէ, սկսելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընէն մինչեւ բազմաթիւ այլ ղեկավարներ, որոնք կը թուին կամ կը ձեւացնեն ըլլալ մտահոգուած` գրաւեալ Պաղեստինի մէջ տեղի ունեցող պատերազմով:

Ճիշդ եւ արդար նախադասութիւն մը, որ կ՛արժէ դրուատել:

Ազգի մը համար անվտանգօրէն գոյատեւելու իրաւունքը ո՛չ միայն հիմնական կէտ է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ուխտին մէջ, այլ նաեւ` արդար եւ օրինական իրաւունք մըն է: Բայց ափսո՛ս, որո՞նք զայն կը յարգեն:

Պահ մը նայեցէ՛ք ձեր շուրջը, մարդկութենէ դատարկուած այս խենթ աշխարհին մէջ, եւ դուք ձեզի հարց տուէք, թէ արդեօք որո՞նք են այն պետութիւնները, որոնք կը յարգեն Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան չորս հիմնական նպատակները, որոնք են` մարդկային իրաւունքները պաշտպանել, միջազգային խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը պահպանել, մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել եւ քաջալերել տնտեսական կայուն աճը: Պարզապէս բառեր` թուղթի վրայ:

Ինչ որ այսօր կը վկայենք բռնագրաւեալ Պաղեստինի մէջ, բացարձակապէս հակառակն է վերոյիշեալին եւ խօսուն փաստ մըն է, որ այսպէս կոչուած մեծ պետութիւնները սոսկ մահուան վաճառականներ են. շատ դժնդակ եւ տխուր իրականութիւն:

Որքա՛ն տաժանելի եւ նոյնիսկ կսկծալի է տեսնել ոչնչացումը հազարամեայ բնիկ տեղացի ժողովուրդի մը` մեծ պետութիւններու մեղսակից եւ դաւադիր լռութեան ներքեւ, պարզապէս որպէսզի պաշտպանեն անօրէն նուաճողները:

Պատերազմ է բնիկին եւ բռնագրաւողին, անմեղին եւ ոճրագործին միջեւ:

Դիմակները վար ինկան, եւ ահա կը բացայայտուի յստակօրէն, թէ աշխարհը ամբողջովին կը պաշտպանէ ոսոխը, դահիճը, հրէշը` մնայուն զինադադար մը իսկ չշնորհելով:

Այլեւս Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան օրէնքները չեն, որ կը կիրարկուին, այլ` զօրաւորին օրէնքը. կրնամ նաեւ ըսել` անտառի օրէնքը. բան մը, որ մեզ կը յիշեցնէ «Պղատոնի երկխօսութիւն»-ը, եւ խօսքերը` արտասանուած Կալիկլէսի կողմէ, ուր կ՛ըսէր, թէ` օրէնքը կը ստեղծեն տկարները, որպէսզի պաշտպանուին զօրաւորներէն, բայց բան մը, որ դժբախտաբար չէ կիրարկուած: Նիցչէն իրաւունք ունէր, երբ կ՛ըսէր, թէ` «Արդարութիւնը կը պարտադրուի միայն այն պարագային, երբ ուժերը հաւասար են»:

Այն, որ աշխարհը կը վկայէ այժմ, ուղղակի հետեւանքն է խտրականութեան եւ ատելութեան, որոնք իրենց կարգին արդիւնքն են կոյր եւ մոլեռանդ կարծիքներու: Բայց այս վերջիններն ալ պտուղներն են տգիտութեան եւ որեւէ ձեւով աւելի վտանգաւոր չեն տգիտութենէն, որուն վերացումը կը սկսի դաստիարակութեամբ:

Դաստիարակութիւն, ահաւասիկ բառ մը, որ կրնայ ծառայել իբրեւ բանալի` անհետացնելու կո՛յր ատելութիւնը:

Այս տխուր ողբերգութիւնը, որուն օրական ականատես եւ ականջալուր կը դառնանք, մեզ կ՛ըմբոստացնէ սկիզբը քանի մը օր, քանի մը շաբաթ, ապա ժամանակի ընթացքին կը վարժուինք եւ դժբախտաբար կը դառնանք անշահախնդիր ականատեսներ: Ա՛յս է մարդուն բնութիւնը. բայց պէտք է անյապաղ շրջանցել այս անշահախնդրական հոգեվիճակը, որովհետեւ ատիկա պարզապէս թռիչք կու տայ մարդասպանին:

Արեւմուտքի պետութիւնները, այսպէս կոչուած «յառաջադէմ», «զարգացած» պետութիւնները նաեւ անուանակիր մեծ տիտղոսներու, իբրեւ «պաշտպան մարդկային իրաւունքներու» եւ «մարդկայնութեան», չեն ուզեր նկատի առնել պաղեստինցի ժողովուրդին օրինական եւ արդար իրաւունքը` ապրելու ապահով եւ խաղաղ պայմաններու մէջ: Միւս կողմէ, անոնք յարակարծօրէն կը պաշտպանեն եւ զօրավիգ կը կանգնին անարդար նուաճողներուն, որ գործադրեն ինչ որ Մաքիավելլի փիլիսոփան ըսած էր «Իշխանը» գրութեան մէջ, թէ` «Նպատակը կ՛արդարացնէ միջոցները», այսինքն` ամէն միջոց արտօնուած է իրենց նպատակին հասնելու, որն է` մաքրել շրջանը անհաւատ «Կոյ»-երէն, ինչպէս իրենք` հրեաները պիտի ըսէին:

Վախկոտութիւնը կը կայանայ լռելու եւ դիտելու մէջ: Այս պահուս աշխարհը կարիքը չունի վախկոտներու: Երբ վաղը կը տեղեկանաք, թէ նորանոր անմեղ պաղեստինցիներ մահացած են` ճզմուած ըլլալով իսրայէլեան զրահապատներու շղթաներուն տակ, կա՛մ ալ իրենց շէնքերու փլատակներու տակ, վստահ եղէ՛ք, թէ այդ օրը մարդկութեան համար պարծանքի եւ փառքի օր մը պիտի չըլլայ:

Ինչ ալ ըլլայ ձեր դաւանած կրօնքը, միայն մէկ տեղ կայ յատկացուած մեղաւորներուն, եւ այդ տեղը դժո՛խքն է:

 

 

Նախորդը

ՖԻՖԱ Պատանիներու Մոնտիալ. Գերմանիա` Աշխարհի Ախոյեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մըթայլեպ 68-54

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?