Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Թեկնածուներ Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Հայերու Ցեղային Զտումը

November 20, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի հանրապետական թեկնածուներ Ռոն Տեսանթիս, Նիքի Հէյլի եւ Վիւեք Ռամասվամի վճռականօրէն դատապարտած են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բնիկ քրիստոնեայ հայերու ցեղային զտումը: Ինչպէս նշուած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, անոնք այս յայտարարութիւնները կատարած են «Տը Ֆամիլի Լիտըր» խորհրդաժողովի ընթացքին, որ վարած է խորհրդաժողովի նախագահ Պապ Վանտեր Փլացը:

Նշելով, որ հայերը առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդն են, եւ վկայակոչելով Ազրպէյճանի կողմէ հայ քրիստոնեաներու ցեղային զտումները, Վանտեր Փլաց երեք թեկնածուներուն հարցուցած է, թէ ինչպէ՞ս  պիտի ապահովեն, որ քրիստոնէութեան այս հին ամրոցը պահպանուի:

Տեսանթիս պատասխանած է. «Կը կարծեմ, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է կանգնին Հայաստանի քրիստոնեաներուն կողքին: Կը կարծեմ, որ ատիկա վեհ գործ է»:

Նիքի Հէյլի իր պատասխանին մէջ ընդգծած է, որ այն, ինչ որ Ազրպէյճանի մէջ տեղի կ՛ունենայ, զաւեշտալի է` աւելցնելով. «Մենք պէտք է ատոր մասին յայտարարենք Ազրպէյճանին»:

Վիւեք Ռամասվամի տուած է առաւել մանրամասն պատասխան:

«Աշխարհի հնագոյն քրիստոնեայ ազգը նկատուող 120 հազար հայերը ստիպուած եղած են լքելու իրենց տուները: Եւ ատոր հիմքին մէջ աւելի կեղտոտ գաղտնիք կայ: Մենք` Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, կը վճարենք ատոր համար», ըսած է Ռամասվամի:

Ռամասվամի քննադատած է նաեւ Պայտընի վարչակազմը` 907-րդ յօդուածի սահմանափակումները վերացնելու, Ազրպէյճանը զինելու եւ հայերու ցեղային զտումները հրահրելու համար:

 

Նախորդը

Փեսքով. «Մինչեւ ՀԱՊԿ-ի Վեհաժողովը Փութին-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Չի Նախատեսուիր»

Յաջորդը

Ըստ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան. Կը Պահպանուի Պաքուի Հետ Շարունակական Փոխադարձ Գործակցութիւնը` Ուղղուած Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղ Բնակչութեան Անվտանգութեան Ապահովման

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.