Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 17, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանքի քաղաքական խորհուրդը խստիւ մերժեց վերջին օրերուն Լիբանանի մէջ շրջանառութեան մէջ դրուող քաղաքական, տեղեկատուական ծրագրուած արշաւը, որ կոչ կ՛ուղղէ բանակի հրամանատարի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու: «Նման քայլի կարիք չկայ, որովհետեւ բանակի հրամանատարութեան մէջ դատարկութիւնը անկարելի է, եթէ օրէնքը գործադրուի: Հետեւաբար պէտք չէ ուղղուիլ հակասահմանադրական եւ հակաօրինական լուծումներ գտնելու», կը նշէ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամը, որուն հետ քննարկեց տնտեսական իրադարձութիւնները: Սալամ հաստատեց, որ Լիբանանի ունեցած ցորենն ու ալիւրը մինչեւ յառաջիկայ տարուան համար կը բաւարարեն երկրին կարիքները: Պըրրիի այցելեցին նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին եւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որոնք քննարկեցին կրթութեան եւ տեղեկատուութեան մարզերուն վերաբերող հարցեր:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքներն ու անոր տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութիւնները:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին տակաւին պաշտօնական կեցուածք չկայ: Ան նկատել տուաւ, որ այդ հարցը երկխօսութեան կարիք ունի:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ու շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ Ժեմայէլի հետ քննարկած են երկրին քաղաքական իրավիճակը եւ անոր վրայ հարաւային Լիբանանի բախումներուն ունեցած հետեւանքները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուած է երկրին քաղաքական իրավիճակը ամրապնդելու եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը ջնջած է 2024-ի պետական ամավարկին բովանդակած յաւելեալ տուգանքները եւ մերժած է նոր տուրքերու պարտադրումը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նատա Պուսթանի յայտնեց, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը հակաօրինական է եւ անձնական շահեր հետապնդող որոշում:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ ապահովական կառոյցներու պետերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելը խիստ անհրաժեշտ է, որպէսզի երկիրը ապահովական դատարկութեան փուլ չթեւակոխէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումները:

 

 

Նախորդը

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Կազայի Մէջ Մարդասիրական Զինադադարներ Հաստատելու

Յաջորդը

Պու Հապիպ. «Աշխարհը Հրաւիրուած Է Կասեցնելու Իսրայէլի Կողմէ Միջազգային Օրէնքի Եւ Մարդկային Իրաւունքներու Դէմ Ոտնձգութիւնները»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.