Ռուպինա Արթինեանի «Լիբանանահայ Խմբերգային Արուեստը.
1920-2020» Մենագրութեան Առիթով
Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Այս տարի լոյս տեսաւ Ռուպինա Արթինեանի հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքով պատրաստուած «Լիբանանահայ խմբերգային արուեստը, 1920-2020» խորագրեալ մենագրութիւնը, որ յատկանշական եւ աննախընթաց է, որովհետեւ մէկ ծածկի տակ կը համախմբէ լիբանանահայ կեանքին մէջ գործած, երբեմն տակաւին գործող երախտաշատ երգչախումբերն ու խմբավարները, կը խմբաւորէ զանոնք, լուսարձակի տակ կը բերէ անոնց երաժշտական գործունէութիւնն ու իրագործումները:
Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան լոյսին բերած այս 576 էջ հաշուող մենագրութիւնը արժէքաւոր աշխատութիւն մըն է, արդարեւ, վաւերագրական մեծ շտեմարան մը կը հանդիսանայ` անուններու, թուականներու, վայրերու եւ տեղեկութիւններու:
Նման գործի մը սկիզբին ու աւարտին մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւն ունենալու համար «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց հեղինակին` Ռուպինա Արթինեանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Ուշագրաւ, իւրայատուկ եւ մեծ գնահատանքի արժանի մենագրութիւն: Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ յառաջացաւ լիբանանահայ խմբերգային արուեստին մասին գիրք պատրաստելու գաղափարը:
ՌՈՒՊԻՆԱ ԱՐԹԻՆԵԱՆ.- 1981-1982 տարեշրջանին Հայկազեան համալսարանի Հայագիտութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստիցի աւարտաճառի նիւթս էր` «Լիբանանահայ խմբերգային արուեստ»-ը, որ օրին բարձր գնահատականով` 95-ով արժեւորուեցաւ:
Հայկազեան համալսարանի խորհրդատուս` փրոֆեսէօր Երուանդ Քասունի, թելադրեց ինծի իբրեւ աւարտաճառիս նիւթ` լիբանանահայ երգչախումբերու պատմութիւնը, որուն մասին նախապէս երբեք չէր գրուած: Մտածեցի, որ իսկապէս լաւ եւ հետաքրքրական է, որովհետեւ, հակառակ անոր որ դաշնակի մասնագիտութիւն աւարտած եմ Լիբանանի պետական երաժշտանոցէն, բայց եւ այնպէս միայն Բարսեղ Կանաչեանի խմբավարած «Գուսան» երգչախումբէն տեղեակ էի. Նշան Փալանճեան ճեմարանի մէջ աշակերտական տարիներուս դպրոցին երգչախումբին մաս կազմած էի, սակայն գաղափար չունէի, թէ ուրիշ երգչախումբեր կա՞ն, թէ՞ չկան: Ուստի հետաքրքրական թուեցաւ առաջարկը, մանաւանդ որ երաժշտական ընտանիքի մէջ ապրած ու սնանած էի: Հիմնականօրէն այսպէս յառաջացաւ գաղափարին առաջին քայլը:
Համալսարանը աւարտելէս տարիներ ետք, ամէն անգամ որ խորհրդատուիս հանդիպէի, կ՛ըսէր, որ աւարտաճառդ պէտք է գիրքի վերածես, սակայն այդ օրերուն իրագործելը անկարելի կը թուէր, որովհետեւ բազմազբաղ էի:
2005-ին Հայկազեան համալսարանի 50-ամեակը նշուեցաւ, եւ այդ առիթով խորհրդաժողով մը եղաւ «Հայերը Լիբանանի մէջ» խորագրով: Համաժողովին` իբրեւ զեկուցող, ստանձնեցի երաժշտական բաժինը եւ ներկայացուցի վեց խմբավարներ, ինչպէս նաեւ նոյն նիւթով գիրքի համահեղինակ դարձայ, բայց ետքը վերստին զբաղեցայ առօրեայ բազմազան աշխատանքներովս` ուսուցչական ասպարէզով, ազգային, համայնքային պարտաւորութիւններով:
Հետագային, 2017-ին, երբ հանգստեան կոչուեցայ, այլեւս բաւականաչափ ազատ ժամանակ ունէի եւ զգացի, որ ժամանակը հասած է այս գործին նուիրուելու, մանաւանդ որ խորհրդատուս` Քասունին, խթանող էր ինծի եւ միշտ կը յուշէր. «Գիրքի՛ վերածէ աւարտաճառդ»:
«Ա.».- Գիրքին մէջ ներկայացուցած էք լիբանանահայ խմբերգային արուեստին (1920-2020) հարիւր տարուան պատմութիւնը: Խօսեցէք մանրամասնութեամբ, թէ ինչպէ՞ս ընթացան աշխատանքները: Ի՞նչ խոչընդոտներու եւ ի՞նչ անսպասելի կամ հետաքրքրական տեղեկութիւններու հանդիպեցաք:
Ռ. Ա.- Աշխատանքս հիմնուած է ժամանակագրական տուեալներու վրայ` 1920-էն հասնելով մինչեւ 2020: Նոյնիսկ նկատի առած եմ համայնքային երգչախմբային կեանքի առաջնահերթութիւնը, թէ ո՛ր համայնքը առաջին անգամ կազմած է երգչախումբ եւ` երգ սորվեցուցած: Հիները մեծ արժէք ունին, որովհետեւ իրենք արդէն երաժիշտներ, երգահաններ էին, երբ ջարդէն ճողոպրած եկան ու հաստատուեցան Լիբանան: Մենք երախտապարտ պէտք է ըլլանք, որ այդ մեծերը` Յակոբ Իւվէզեանը, Բարսեղ Կանաչեանը, Համբարձում Պէրպէրեանը, Տիգրան Քասունին, Էլմաճեանը, Աշոտ Պատմագրեանը եկան եւ հոս` Լիբանան հաստատուեցան եւ երգչախումբեր կազմեցին ու հարստացուցին մեր մշակութային կեանքը, ասոր համար շատ երախտապարտ պէտք է ըլլանք մեր առաջին մեծերուն, յատկապէս` Կոմիտասի աշակերտ Բարսեղ Կանաչեանին, որ կազմեց Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը եւ 25 տարի անդադար խմբավարեց ու սորվեցուց հայերէն երգը երաժշտասէրներուն, այս մէկը մեծ բախտաւորութիւն է:
Աշխատանքը դիւրին չեղաւ, որովհետեւ հսկայական գործ էր, ուրկէ սկսիլ, ուր վերջացնել, ինչպէս ընել: Ամէն օր կ՛երթայի Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարան եւ հոն կը թերթատէի, նոթ կ՛առնէի ու կը պատճէնահանէի այն նիւթերը, որոնք գտեր եմ: Իբրեւ աղբիւր` օգտագործեցի մեր մամուլը` «Ազդակ» օրաթերթը, «Զարթօնք»-ը, «Արարատ»-ը, «Հասկ»-ը, «Յառաջ»-ը, «Ջանասէր»-ը… բոլորը եւ անոնց տարիներու թիւերը, մինչեւ որ բաւարար տեղեկութիւն հաւաքեցի, ունէի նաեւ ուսանողական աւարտաճառիս առիթով պատրաստած հարցարաններէս ալ բաւարար լուրեր եւ այդ բոլորը օգտագործեցի գտնելու համար, թէ ի՛նչ երգչախումբեր եղած են եւ ինչպէ՛ս սկսած է լիբանանահայ երգչախմբային կեանքի պատմութիւնը, երբ որ հայերը եկած ու հաստատուած են Պէյրութի մէջ:
Դպրոցներու կողքին, երգչախումբեր հիմնելը շատ կարեւոր դեր կատարած է լիբանանահայութեան հայապահպանման աշխատանքին մէջ: Եկեղեցիներու, դպրոցներու կողքին, որբանոցներուն մէջ սկսած են երաժշտութիւն եւ հայկական աւանդական երգեր սորվեցնել հանրութեան, եւ այդ մէկը նոյնիսկ նպաստած է, որ հայոց լեզուն ուրախութեամբ սորվին սերունդները, որովհետեւ երաժշտութիւնը անմիջական, ընկերային, սփոփիչ արուեստ է եւ այդ օրերէն ի վեր առաջին արուեստը հանդիսացած է, որ ծաղկած է Լիբանանի հայ բեկորներուն մէջ, եւ այդ պատճառով առաջինը եղած է Յակոբ Իւվէզեանը, որ Ճիւնիի որբանոցէն սկսած եւ շարունակած է միւս բոլոր որբանոցներուն մէջ եւ սորվեցուցած է երգ, երաժշտութիւն, ֆանֆար նուագել… եւ այնուհետեւ` կամաց-կամաց զարգացած: Այս պատճառով է, որ բոլոր արուեստներէն ամէնէն տարածուածն է, եթէ ոչ` առաջինը, որ զարգացած է Լիբանանի մէջ տեղաւորուած հայ զանգուածին մէջ:
Գիրքին աշխատանքը աւարտելէս ետք միայն անդրադարձայ, որ վիթխարի աշխատանք կատարած եւ հարիւր տարուան կեանք ներկայացուցած եմ: Սկիզբը զբաղած էի տեղեկութիւններու պրպտումներով, երբեմն նոյնիսկ «Տէրեան» գրադարանին մէջ, օրինակ, 1976-ի «Ազդակ» մը պէտք ունէի եւ չկրցայ գտնել, չկար ո՛չ հոն եւ նոյնիսկ ո՛չ ալ «Ազդակ»-ի խմբագրատունը: Օր մը հօրենական տունս գացի, հայրս շատ ընթերցող էր, դիզուած թերթեր ունէր, սկսայ պրպտել «Ազդակ»-ի թիւերը եւ «Ազդակ»-ի այդ թիւը հոնկէ գտայ: Կարծէք` Աստուծոյ հրաշքն ու խթանն էր: Ամէն անգամ որ յուսահատէի կամ որեւէ դժուարութեան մը հանդիպէի, կարծէք` Աստուծոյ հրաշքն ու առաջնորդութիւնը կը վայելէի:
Նկարներու փնտռտուքի աշխատանքը նոյնպէս դիւրին չէր: Կային մարդիկ, որոնց նկարը չունէի: Ամուսինիս դարմանատան նկարներուն մէջէն գտայ, օրինակ, Օննիկ Ասատուրեանի նկարը, որ լիբանանահայ խմբավարներէն մէկն էր: Վերջինս ամուսնոյս նուիրած էր Պեթհովենի նկարներ եւ այլն, տեսայ, որ պահարան մը կայ եւ մէջը` իր նկարներ, եւ ես ճիշդ այդ նկարները պէտք ունէի:
Քրոջս դուստրը` Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեան, որ հաստատուած էր Միացեալ Նահանգներ, եղած էր առաջին աշակերտուհիս, ան նաեւ նշանաւոր երաժիշտ էր: Ծովիկը եղբօրս` Պետրոս Ալահայտոյեանի հետ միասին Բարսեղ Կանաչեանի նուիրուած երկու մեծ հատորները պատրաստեց, ան այդ հատորներուն համակարգչային աշխատանքը սիրով կատարեց: Ծովիկը եւս զիս խթանեց, յաճախ կ՛ըսէր` մի՛ յուսահատիր, շարունակէ՛, հսկայական գործ է ըրածդ, որովհետեւ առանձին կ՛աշխատէի, մէկը չկար ինծի օգնական, սակայն Ծովիկը Միացեալ Նահանգներէն կը քաջալերէր զիս, նոյնիսկ առաջարկեց, որ այն անունները, որոնց մասին տեղեկութիւններ չեմ գտներ, ըսեմ իրեն, թերեւս Միացեալ Նահանգներէն կը կարողանայ գտնել, եւ իրապէս ալ այդպէս եղաւ, քանի մը խմբավարներու մասին տեղեկութիւններ գտաւ եւ ուղարկեց ինծի:
Ուրիշ ընկերուհի մը եւս, որ Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանը կ՛աշխատի, նոյնպէս օգտակար եղաւ, մանաւանդ երբ կարգ մը խմբավարներու կենսագրականներու որոշ տեղեկութիւններուն մէջ, օրինակ, ծնունդի կամ մահուան թուականներուն երկուութիւններու հանդիպէի:
Հաղորդակցական բոլոր միջոցներուն եւ թուային բոլոր հարթակներուն դիմած եմ դիւրացնելու եւ ամբողջացնելու համար աշխատանքս: Պահ մը կը մտածեմ, թէ ինչպէ՛ս կրցայ համբերանքով, կորովով, հաւատքով եւ մեծ ջանքով ու մարտնչումով համակարգիչին գրաշարական աշխատանքները յաղթահարել ու գլուխ հանել այդ բոլորը:
Հոս կ՛ուզեմ շատ կարեւոր մատնանշում մը կատարել, թէ մենք` հայերս, արխիւ չունինք, անոր բացակայութիւնը ակներեւ է, այս գծով շատ դժուարութիւն ունեցայ: Փափաքս է, որ մեր նորահաս սերունդը, երիտասարդութիւնը, որոնք համալսարանական շրջանաւարտներ կը դառնան, կատարեն արխիւային աշխատանքներ: Ես լիբանանահայ երգչախմբային կեանքին մենագրութիւնը կատարեցի, ուրիշ մը կրնայ լիբանանահայութեան թատերական աշխատանքը կատարել, ուրիշ մը լիբանանահայութեան նկարչութեան կեանքը ներկայացնել եւ այլ մարզեր: Անշուշտ նաեւ փափաքս է, որ կարդացուի այս աշխատանքը, եւ ոչ թէ գիրքը մէկդի նետուի: Անհրաժեշտ է գիրքին ընթերցուիլը, որպէսզի մեր նորահաս սերունդները իմանան, թէ մենք ինչե՜ր ըրած ենք, ոչ թէ միայն հայկական գաղութին համար լաւ աշխատանք տարած ենք, այլ նաեւ` Լիբանանին համար: Այս իմաստով օրինակ մը տամ. ատամնաբուժ Էմանուէլ Էլմաճեանի նման երգիչ մը մեներգող եղած է ո՛չ միայն Կանաչեանին, ո՛չ միայն Պէրպէրեանին, ո՛չ միայն Տիգրան Քասունիին, այլ նաեւ` Լիբանանի բոլոր անուանի ու մեծ ո՛չ հայկական երգչախումբերուն մէջ: Գիրքին մէջ այսպէս ուրախանալի եւ հպարտանալի շատ տեղեկութիւններ կան:
Տեղեկացնեմ նաեւ, որ ապագային կը մտադրենք այս գիրքը թարգմանել անգլերէնի` փեսայիս Հրաչ Թոքաթլեանի առաջարկով եւ աղջկաս թարգմանութեամբ: Յուսամ աղջիկս, որ ինքն ալ երաժիշտ, թաւջութակահար է, ժամանակն ու յարմարութիւնը ունենայ, եւ իրականանայ այս թարգմանութիւնը:
«Ա.».- Նման աշխատանք մը ժամանակի, նեցուկի եւ օգնութեան կը կարօտի: Որքա՞ն ժամանակ խլեց ձեզմէ այս գործը, որո՞նք նեցուկ ու ապաւէն էին, որ անիկա իր աւարտին հասնի:
Ռ. Ա.- Քառասուներկու տարուան աշխատանք ըսելը քիչ մը շատ է, որովհետեւ ճիշդ է, որ 1982-ին սկսայ, բայց հոն կեցաւ, սառեցաւ աշխատանքը, չկրցայ շարունակել, կրնանք ըսել, որ տասը տարուան աշխատանք է: 2020-ին աւարտեցի աշխատանքը, իսկ 2021-ին յանձնեցի գիրքին խմբագիրին` Նորա Բարսեղեանին, որուն շատ բծախնդիր աշխատանքին համար շնորհակալ եւ երախտապարտ եմ: Այս ուղղութեամբ նշած եմ նաեւ գիրքիս շնորհակալութիւններու ցանկին մէջ: Իսկ գիրքին խմբագրական աշխատանքը աւարտեցաւ 2023-ին, գիրքը կը ներկայացնէ 1920-2020 ժամանակաշրջանը, որովհետեւ աշխատանքը աւարտեցաւ 2020-ին: Հազիւ գիրքին աշխատանքը աւարտեցի, «Քորոնա»-ն սկսաւ եւ ամէն ձեռնարկ դադրեցաւ:
Բոլոր անոնք, որոնք հեռուէն թէ մօտէն ինծի օգնեցին, կ՛ուզեմ կրկին շնորհակալութիւն յայտնել, յատկապէս` պարոն Զաքար Քէշիշեանին, որ գիրքս հարստացուց իր սքանչելի յառաջաբանով:
Նաեւ երախտապարտ եմ, որ խորհրդատուիս քաջալերանքով կրցայ աւարտին հասցնել այս մեծ աշխատանքը, հոգ չէ թէ ուշ եղաւ, բայց յաջողեցայ աւարտել զայն, մեծ խոչընդոտներու հանդիպելով հանդերձ: Այդ խոչընդոտներէն ծանրագոյնն էր գիրքը պատրաստած օրերուս քրոջս աղջկան` Ծովիկին կորուստը յիսուն տարեկանին: Տակաւին, քանի խմբավարներ մահացան` Գէորգ Հաճեան հերոսացաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, հայր Մեղրիկը «Քորոնա»-ի զոհերէն մէկը դարձաւ, ուրիշներ այլ պատճառներով կորսնցուցինք:
Ուրեմն կրկին շեշտեմ, որ փափաքս է լիբանանահայ երգչախմբային կեանքը բովանդակող գիրքս կարդացուի, որպէսզի միշտ յիշուին մեր մեծերը, մեր հին ու նոր մեծերը, նոյնիսկ անոնք, որոնք տակաւին կը խմբավարեն ու կը ծառայեն մշակոյթին, որովհետեւ այս «մեքենայացած» բջիջայինով եւ այլազան ելեկտրոնային թէ համացանցային միջոցներով լեցուն այս օրերուն շատ դժուար է խումբ կազմելը, անդամահաւաք կատարելը, յարատեւելը: Ուստի թէ՛ ժողովուրդը պէտք է նեցուկ կանգնի, թէ՛ խմբավարը պէտք է լաւ եւ իմաստուն կերպով սիրաշահի իր խումբի անդամները եւ կազմէ լաւ երգչախումբ` տանելով մանրամասն եւ բծախնդիր աշխատանք, որպէսզի մեր գանձերը չմոռցուին, մեր աւանդական հայ երաժշտութիւնը, որ հայ ժողովուրդին հոգին է, լաւ ձեւով փոխանցուի ապագայ սերունդներուն:
Կ՛ուզեմ հաղորդել նաեւ, որ զաւակներս, ընտանիքիս բոլոր անդամները իրենց անվերապահ նեցուկը տրամադրեցին ինծի` գիրքի բոլոր եւ բազմազան աշխատանքներուն, եւ ես երախտապարտ ու շնորհակալ եմ իրենց:
«Ա.».- Այս աշխատանքը Լիբանանի հայ գաղութին համար հարստութիւն կը համարուի, յատկապէս հետագայ սերունդներուն համար պիտի հանդիսանայ Լիբանանի հայ գաղութի մշակութային կեանքին մէկ մասնիկը ներկայացնող` լիբանանահայ երգչախմբային կեանքին մասին լաւագոյն եւ ամբողջական արխիւը: Ձեր կարծիքով, ինչո՞ւ համար անհրաժեշտ են այսպիսի աշխատութիւններու կայացումը: Կարեւո՞ր է մեր ապագայի սերունդներուն համար լիբանանահայ երգարուեստին արխիւացումը:
Ռ. Ա.- Այո՛, շատ կարեւոր է: Հայաստանի երգչախումբերու նախագահը գրած էր գնահատագիր մը, որ կարդացուեցաւ շնորհահանդէսին, նշած էր, որ շա՜տ շա՛տ կարեւոր աշխատանք մըն է, եւ ես արդէն կարդացի զայն գնահատագիրս գրելէ ետք եւ ուղարկեցի «Կոմիտաս» թանգարան, որպէսզի հոն բոլոր յաճախողները, ուսանողները, վարպետները, խմբավարները կարենան կարդալ եւ օգտուիլ այս բծախնդիր, վիթխարի եւ աննախընթաց աշխատանքէն:
Կը փափաքիմ մտահոգութիւնս կրկին բաժնեկցիլ ձեզի հետ եւ շեշտել, որ անհրաժեշտ է արխիւային աշխատանքը, բոլոր միութիւնները, բոլոր համայնքները, բոլոր դպրոցները, բոլորը անխտիր պէտք է իրենց արխիւները ունենան, շատ կարեւոր է: Պատահեցաւ, որ միութենէ մը մէկուկէս էջ եկաւ ինծի եւ նոյնիսկ տեղեկութիւնները` անունները, թուականները սխալ էին: Այս մէկը իսկապէս մեծ ցաւ պատճառեց ինծի եւ մտածեցի, որ այսպէ՞ս պէտք է պահուի հարիւր տարուան պատմութեան մէկ մասնիկը ներկայացնող այս կարեւոր փուլը կամ տեղեկութիւնը: Եթէ մենք մեր արխիւները պիտի չպահենք, հապա ո՞վ պիտի պահէ: Անհրաժեշտ է, որ թուականներով, նկարներով, մանրամասն տեղեկութիւններով պահուի, արխիւացուի ամէն բան, որպէսզի ամբողջական ձեւով փոխանցուի յաջորդող սերունդներուն:
«Ա.».- Մեծ շուքով կատարուեցաւ ձեր այս գիրքին շնորհահանդէսը, մամուլը արդէն մանրամասնութիւններ հրապարակեց, բայց մեր խնդրանքն է ընթերցողին հետ բաժնեկցիլ ձեր ապրումները, մտածումները եւ տպաւորութիւնները, զորս ունեցաք ձեռնարկի ընթացքին:
Ռ. Ա.- Շատ յուզիչ եւ զգացական էր ձեռնարկը: Հանդիսութեան մեծ շուքով մասնակցեցան երկու երգչախումբեր` Համազգայինի «Գուսան»-ը եւ աւետարանական «Արմիս»-ը: Անոնք շատ գեղեցիկ երգերով ներկայացան: Խմբավարները շատ լաւ աշխատանք տարած ու պատրաստուած էին յատուկ այս շնորհահանդէսին համար: Անոնք արդէն բաւական ժամանակէ ի վեր կը սպասէին այս գիրքի հրատարակութեան եւ շնորհահանդէսին ու յաճախ կը հետաքրքրուէին, թէ գիրքը ե՞րբ լոյս պիտի տեսնէ, որպէսզի երգեն շնորհահանդէսին:
Շատ երախտապարտ եմ Հայկազեան համալսարանին, որովհետեւ ինծի ընծայեց ուսումս շարունակելու, հետագային գիրքիս նիւթը պրպտելու առիթը, գիրքիս մէջ համալսարանին կողմէ լոյս տեսաւ յառաջաբան մը, ինչպէս նաեւ յանձն առաւ տպագրական բոլոր ծախսերը, եւ ես իրենց նուիրեցի իմ այս գիրքս:
Շնորհակալութիւն, շնորհահանդէսը կազմակերպողներուն կողքին, նաեւ ներկաներուն, որոնք ո՛չ միայն հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան, այլ նաեւ քաջալերեցին գիրքս եւ մօտեցան ու փափաքեցան, որ մակագրեմ զայն` իբրեւ յիշատակ: