Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

November 16, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի պատերազմին վերաբերող զարգացումները:

Ժահժահ շեշտեց, որ կարելի չէ պաղեստինցիները պահել առանց պետութեան մը, որ ստանձնէ անոնց շահերուն ապահովումը եւ հոգատարութիւնը:

Ան հաստատեց, որ պէտք է գործադրել զոյգ պետութիւն հիմնելու լուծումը` 2002-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած Արաբական լիկայի վեհաժողովէն բխած Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան հիման վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորել:

Ժահժահ շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ պատահածը ոչ ոքի, յատկապէս` Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն, կը ծառայէ:

Ան ընդգծեց, որ պէտք է պահպանել հարաւային Լիբանանի սահմանային կայունութիւնը եւ գործադրել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը, գործակցութեամբ` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն:

«Այդ պարագային միայն երաշխաւորած կ՛ըլլանք լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը, ապահոված կ՛ըլլանք անոնց շահերը, ինչպէս նաեւ զանոնք փրկած կ՛ըլլանք հարաւային Լիբանանի հրդեհէն», ըսաւ ան:

Ժահժահ շեշտեց նաեւ լիբանանեան բանակին դերակատարութեան կարեւորութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութեան մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ պէտք է կառչած մնալ բանակին եւ զայն հեռու պահել ներկայ գերզգայնութիւններէն:

Ժահժահ նշեց, որ այս առումով Հզօր հանրապետութիւն համախմբումը պատրաստած է բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու օրինագիծ մը եւ այդ ուղղութեամբ հանդիպումներ կ՛ունենայ քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ` պաշտպանելու համար Լիբանանի շահերը, երկրին կայունութիւնը, քաղաքացիներուն անվտանգութիւնն ու լիբանանեան բանակը:

Նախորդը

Թինընթի. «Քաուզահի Մեր Դիրքին Վրայ Կրակոցին Աղբիւրը Անյստակ Է»

Յաջորդը

Միքաթի Զոյգ Խալիլներուն Հետ Քննարկեց Բանակի Հրամանատարութեան Հարցը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.