Դեմոկրատական քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած է բանաձեւ մը, որ Պաքուէն կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել հայ պատերազմական գերիները, գերեվարուած քաղաքայիններն ու քաղաքական բանտարկեալները, ներառեալ Արցախի կառավարութեան պաշտօնատարները, որոնք ապօրինաբար կալանաւորուած են անցեալ ամիս Ազրպէյճանի ցեղային զտումներուն ժամանակ: Այս մասին հաղորդեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Բանաձեւը, մասնաւորաբար, Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղէ` պատժամիջոցներ հաստատելու Ազրպէյճանի պետական պաշտօնեաներուն նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են հայ պատերազմական գերիներու անօրինական կալանաւորման, խոշտանգումներու եւ արտադատական սպանութիւններու համար: Անիկա կը կրկնէ նաեւ Ազրպէյճանին Միացեալ Նահանգներու զինուորական եւ անվտանգութեան աջակցութեան վերաբերեալ 907-րդ յօդուածի կիրարկումը սահմանափակելու մասին Քոնկրեսի կոչերը:
«Ազրպէյճանը պէտք է անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակէ ապօրինի պահուող Արցախի բոլոր պաշտօնատարները, պատերազմական գերիները եւ այլ կալանաւորները` ոչ թէ փոխանակման եղանակով, իբրեւ Պաքուի կողմէ մարդոց տառապանքի դաժան ապրանքափոխման մաս, այլ աւելի` միջազգային օրէնքով ստանձնած իր պարտաւորութիւններուն համապատասխան», կը նշուի Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ:


