Հայաստանը չէ յանձնած «բռնագրաւուած ազրպէյճանական 8 գիւղ»: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Հայաստանը ընտրած է խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները խոչընդոտելու ճամբան` շարունակելով ռազմաքաղաքական սադրանքներն ու ականապատումը` ատով իսկ վտանգելով խաղաղ հոլովոյթը, մեր քաղաքացիներու կեանքը, խոչընդոտելով շրջանի մէջ վերականգնման եւ վերակառուցման աշխատանքները», նշած է Պաքուն:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ «Հայաստանը Ազրպէյճանին չէ յանձնածk ազրպէյճանական 8 գիւղեր, որոնք մինչեւ օրս բռնագրաւումի տակ են»: