«Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն ու խաղաղութիւնը այլընտրանք չունին», ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Ան նշած է, որ հայկական կողմը տակաւին չէ արձագանգած Ազրպէյճանի վերջին առաջարկներուն:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարն ալ նշած է. «Ես յստակ ըսած եմ, որ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի տարածքն է, եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը միշտ պաշտպանուած է Գերմանիոյ կողմէ»:
«Ես հանդիպած եմ Ղարաբաղէն տեղափոխուած մարդոց հետ: Կը կարծեմ, որ արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք չէ բաղկացած ըլլայ միայն դիւանագէտներու հանդիպումէն: Մենք պէտք է հանդիպինք հասարակ մարդոց հետ, իմանանք անոնց պատմութիւնը», ըսած է Պերպոք:
Մամլոյ ասուլիսին նախորդած հանդիպումի ընթացքին Ազրպէյճանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի յարաբերութիւնները:
«Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսած է. «Մեզի շրջանին մէջ խաղաղութիւն պէտք է, ատիկա կը բխի թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Հայաստանի շահերէն: Գերմանիան եւ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ են աջակցելու երկու կողմերուն յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ»:
Աննալենա Պերպոքի համաձայն, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին հետ առնչուած Ազրպէյճանի կողմէ նկատելի են «շատ դրական ազդակներ»:
Պերպոք հանդիպում ունեցած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Ան Ազրպէյճան մեկնած է Հայաստանէն: Պերպոք 3 նոյեմբերին հանդիպումներ ունեցած էր Հայաստանի վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ:


