Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու գործերով 14-րդ դատարանին մէջ սկսած են Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով յատուկ դատական նիստերը:
«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Վճռաբեկը Հրանդ Տինքի գործով որոշ մեղադրեալներու համար պատիժի չափերը մեղմ նկատած էր եւ անոնց համար նոր դատավարութիւն նշանակած, ուստի Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու գործերով 14-րդ դատարանին մէջ սկսած է տուեալ մեղադրեալներու նոր դատավարութիւնը:
Դատավարութեան դատարանին արտօնութեամբ կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ նախագահի փաստաբանը` «Սահմանադրական կարգը խախտելու» հաւանական խնդիրներու պատճառաբանութեամբ:
Դատական լսումներու վերջաւորութեան դատական նիստը յետաձգուած է 10 յունուար 2024-ի:


