Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատմած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան վերաբերեալ իր ու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի զրոյցի մասին:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ անդրադառնալով Փութինի հետ հաւանական նոր հանդիպումի մասին լրագրողի հարցումին` Թրամփ ըսած է, թէ ժամանակը վատնելու չի պատրաստուիր:
Սպիտակ տան ղեկավարը ընդգծած է, թէ միշտ հիանալի յարաբերութիւններ ունեցած է Փութինի հետ, սակայն հիասթափուած է, որովհետեւ կը կարծէր, որ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հասնիլը շատ աւելի կանուխ պիտի ըլլար, քան Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը: Այս ծիրին մէջ Թրամփ յիշած է նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են Ուաշինկթընի մէջ իր միջնորդութեամբ, եւ ներկայացուցած է, թէ ատոր մասին Ռուսիոյ նախագահը իրեն ի՛նչ ըսած է:
«Մենք ունինք Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը: Ատիկա շատ բարդ էր: Փաստացի Փութինը հետս հեռաձայնային հարզազրոյցի ժամանակ ինծի ըսաւ. «Ատիկա հրաշալի է, որովհետեւ բոլորը կը փորձէին ատոր հասնիլ, սակայն չկրցան, իսկ դուն կրցար»: Ես յաջողեցայ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Թրամփ նաեւ յիշեցուցած է իր միջնորդութեամբ այլ տագնապներու դադրեցման մասին` շեշտելով, որ բոլոր այդ պարագաներուն ինք մտածած է, որ զանոնք աւարտելը աւելի բարդ է, քան տագնապը Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ: «Սակայն ամէն ինչ այլ կերպ դասաւորուեցաւ: Անոնց միջեւ կուտակուած շատ ատելութիւն կայ: Փութինի եւ Զելենսքիի միջեւ իրարու հանդէպ շատ մեծ ատելութիւն կայ», ըսած է Թրամփ:


