Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը յայտնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի նախագահի գրասենեակը:
Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու, շրջանային, համաշխարհային, ինչպէս նաեւ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին վերաբերող հարցեր:
«Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յետհակամարտային հոլովոյթը», կը նշէ գործակալութիւնը:
Երեւան երէկ լաւատեսութիւն յայտնած է, որ մօտիկ ապագային Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման հոլովոյթին մէջ, առնուազն նախկին համաձայնութիւններու մասով, թերեւս լաւ նորութիւն տեղի կ՛ունենայ: Այդ մասին երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ, 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծի քննարկման ժամանակ յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ խօսքը, մասնաւորաբար, այս փուլին Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումն է 3-րդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցողներու համար:


