«Մենք կ՛իրականացնենք «Մեծ վերադարձ ծրագիրը»: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ասթանայի մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովի ժամանակ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Ըստ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, Ազրպէյճանի նախագահին համաձայն, «նախկին ներքին տեղահանուածները` այս հողերու իսկական տէրերը, արդէն վերադարձած են Լաչին եւ Ֆիզուլի քաղաքներ, ինչպէս նաեւ երեք գիւղ: Մինչեւ 2026 թուականի վերջ կը նախատեսուի աւելի քան 140 հազար մարդ վերադարձնել Ղարաբաղ եւ Արեւելեան Զանգեզուր»:
Ալիեւ հոկտեմբերի վերջաւորութեան այս յայտարարութիւնը կատարած էր նաեւ Ֆիզուլիի մէջ:


