3 նոյեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն պիտի հասնի Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքը:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը, որուն աւարտին տեղի պիտի ունենայ անոնց մամլոյ միացեալ ասուլիսը:


