Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան-Ասատով Հանդիպում` Ղարիպաշվիլիի Միջնորդութեամբ

October 28, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի վարչապետներ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի եւ Ալի Ասատովի հետ մասնակցած է 26 հոկտեմբերին Թիֆլիսի մէջ կայացած «Մետաքսի ճանապարհ» համաժողովի շրջանակներուն մէջ Վրաստանի վարչապետին անունով տրուած պաշտօնական ճաշին: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն` մանրամասնելով.

«Ճաշի ընթացքին երեք վարչապետները նստած եղած են նոյն սեղանին շուրջ: Նոյն սեղանի շուրջ նստած եղած են նաեւ ճաշէն առաջ եւ ետք` բարձրաստիճան հիւրերու ընդունելութեան եւ ճանապարհումի սրահին մէջ:

Պաշտօնական ճաշի, դիմաւորման, ճանապարհումի ընթացքին անոնք միասին եղած են քանի մը ժամ (պաշտօնական ճաշին այլ վարչապետներ ներկայ չեն եղած):

Այս շփումներու ընթացքին քննարկուած են տարբեր հարցեր, որոնց կարգին` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ»:

Շփումները կրած են ոչ պաշտօնական, չծրագրուած բնոյթ: Հայկական կողմը Ազրպէյճանի վարչապետի հետ տեղի ունեցած շփումը օգտակար կը նկատէ` առնուազն շարք մը հարցերու մէջ կողմերու դիրքորոշումներու նրբութիւնները պարզաբանելու իմաստով:

Վրացական կողմը «Մետաքսի ճանապարհ» համաժողովի պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական բոլոր միջոցառումները կազմակերպած է բարձր մակարդակով, որուն համար վարչապետ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիին:

Նախորդը

Միլլըր. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Կը Բխի Կողմերու, Շրջանի Եւ Աշխարհի Շահերէն»

Յաջորդը

Զախարովա. «Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Առաքելութիւնը Մշտադիտարկման Անուան Տակ Իրականութեան Մէջ Հետախուզական Տուեալներ Կը Հաւաքէ Ռուսիոյ Եւ Իրանի Դէմ»

RelatedPosts

Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի  Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ  Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»

October 7, 2026
Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ  Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը  Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները
Հայկական

Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.