Ռուսիան ջանքեր կը գործադրէ օգնելու Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու: Այս մասին երէկ յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքովը:
«Ջանքերը, փորձերը` օգնելու Պաքուին եւ Երեւանին վերջապէս խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու, կը շարունակուին: Ատիկա անհրաժեշտ է կացութիւնը կայունացնելու եւ ամբողջ շրջանին մէջ դրական վիճակի հասնելու համար», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է ան:
Փեսքով նաեւ նշած է. «Ռուսիան յոյս ունի Հայաստանի հետ հաղորդակցութիւններուն մէջ պարզաբանել անվտանգութեան ոլորտին մէջ բազմազանացման մասին Փաշինեանի խօսքերը»:
Փաշինեան մէկ օր առաջ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած էր, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները Հայաստանին յանգեցուցած են անվտանգութեան ոլորտին մէջ յարաբերութիւններու բազմազանացման անհրաժեշտութեան որոշումին:


