Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Դուրս Մնաց Լեռնալիբանանի Բաժակի Մրցաշարքէն

Հոկտեմբեր 23, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի ֆութպոլի նորակազմ խումբը պարտութիւն մը կրեց իր առաջին պաշտօնական մրցումին` Լեռնալիբանանի բաժակի մրցաշարքին, Ռապիթաթ Ուարտանիէի դէմ:

Արդարեւ, խումբը դաշտ ներկայացաւ քիչ մը «փոխուած» կազմով մը, թերեւս մարզիչ Սամի Շում բան մը ուզեց փորձել, բայց ըստ երեւոյթին սխալ էր որոշումը, որովհետեւ առաջին վայրկեաններէն քիչ մը կորսուած վիճակ կար, մանաւանդ դաշտի կեդրոնը, ուր արձանագրուած բացթողումներուն պատճառով ճնշումը մեծ եղաւ պաշտպաններուն վրայ, եւ ՀՄԸՄ արագ կոլեր ստացաւ:

2-0 ետ մնալէ ետք, Սամի Շում 4 փոփոխութիւններ կատարեց` դուրս բերելով Ալի Ամմարը, Աւիկ Յարութիւնեանը, Օմար Մատին եւ Իպրահիմ Մուսաուին, որոնց փոխարինեցին Ալեք Ալճեան, Էլի Փիլաւճեան, Հիւսէյն Պազզի եւ Հասան Զաայթեր:

Պէտք է ըսել, որ մինչեւ այս փոփոխութիւնը մրցակիցը 5 անգամ կրնար գրաւել ՀՄԸՄ-ի բերդը, բայց բերդապահ Ահմետ Նասեր «Սայետ» կրցաւ բերդը փրկել 3 վտանգաւոր առիթներէ:

Այս փոխանցումներէն ետք, սակայն, մեր տղաքը տիրապետեցին, եւ կոլ մըն ալ նշանակեցին` շնորհիւ Սերժ Օսքեանի: Սակայն այլ առիթներ ալ ստեղծուեցան, բայց կոլի չվերածուեցան, շատ անգամ չար բախտի բերմամբ, երբեմն ալ քիչ մը կեդրոնացումի պակասին պատճառով:

Յամենայն դէպս, պէտք են երբեմն այսպիսի արդիւնքներ տարեշրջանի սկիզբը, որպէսզի մարզիչն ալ տեսնէ, թէ ո՛ր կէտերուն վրայ աւելի պէտք է աշխատիլ:

Ի վերջոյ, պէտք չէ մոռնանք, որ խումբը նորակազմ է եւ քիչ մը աւելի իրարու հասկնալը եւ հասկցուիլը ժամանակ կ՛ուզէ:

Երէկուան մրցումին, Պուրճ Համուտի տղաքը դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով.

Ահմետ Նասեր «Սայետ»- Ալի Ամմար, Հասան Սարհան «Տունկա», Նայեֆ Քալութ, Տիգրան Վարդան – Աւիկ Յարութիւնեան, Յակոբ Նաճարեան, Ալի Ֆահս, Օմար Մատի, Սերժ Օսքեան-Իպրահիմ Մուսաուի: Ինչպէս նշեցինք, 31-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած Ալեք Ալճեան, Էլի Փիլաւճեան, Հիւսէյն Պազզի եւ Հասան Զաայթեր, իսկ 2-րդ կիսախաղին Յովիկ Տիշչեքենեան փոխարինեց Ալի Ֆահսը:

 

Նախորդը

Հրակ Պօղոսեան 2-րդ Դիրքը Գրաւեց Պասքեթպոլի «Սքիլզ Էնտ Շութինկ» Մրցաշարքին

Յաջորդը

Գահիրէի «Խաղաղութեան Վեհաժողով»-ի Ընթացքին Կազայի Բնակչութեան Տեղահանումը Մերժող Եւ Յարձակումը Դադրեցնել Պահանջող Կեցուածքներ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?