Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Պրիւքսելի մէջ, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիս ունեցած է:
Ռոպերթա Մեցոլա նշեց, որ իրենք անվերապահ աջակցութիւն կը յայտնեն Հայաստանի անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմանային անխախտելիութեան:
«Մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնենք ազնիւ եւ արդար խաղաղութեան բանակցութիւններու վրայ, կոչ կ՛ուղղենք յարգելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը:
Միջազգային ընտանիքի գործօն մասնակցութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն համար միջազգային երաշխիքները կրնան օգնել խաղաղութեան եւ հաշտեցման: Մենք հաւատարիմ կը մնանք բոլոր այն ջանքերուն, որոնց նպատակն է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը` հիմ ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի անկախութեան, սահմաններու անխախտելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը», ըսաւ Մեցոլա:


