Հայաստանը միշտ չէ, որ գործընկերոջ պէս կը վարուի: Այս մասին ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու հաւաքին ժամանակ յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ:
«Վրաստանը առաջինը լքեց մեր միաւորումը, տէ ֆաքթօ Ուքրանիան մեզի հետ չէ: Մոլտովայի հետ առնչուած մեծ հարցեր կան: Ցաւօք, Հայաստանը միշտ չէ, որ գործընկերոջ պէս կը վարուի», Լուքաշենքոյի խօսքերը կը մէջբերէ «ՊելԹԱ» գործակալութիւնը:
«ԱՊՀ տարածքին մէջ երկարամեայ շարք մը տագնապներ յաջողութեամբ լուծուած են, միւսներու պարագային` լուծման ուղիներ ուրուագծուած են», յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահը:
Ան չէ յստակացուցած, թէ ո՛ր տագնապները «յաջողութեամբ լուծուած» են: