«Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն աստղերէն Լեպրոն Ճէյմս 2023-2024 տարեշրջանին պիտի հագուի թիւ 23 շապիկը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հետ:
Լեպրոնի «թիւ փոխելը որոշում մըն էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմական մարզիկներէն Պիլ Ռասըլին` անոր կրած թիւ 6-ը պատուելու համար:
Մարզիկներ, որոնք արդէն կը հագուէին թիւ 6, իրաւունք ունէին կրելու զայն, սակայն Ռասըլի մահուան թուականէն` 2022-էն` ետք, նոր կրելու պարագային «Էն. Պի. Էյ.»-ի վարչութիւնը արգիլած էր, որ նոր մարզիկներ որոշեն այդ թիւը հագուիլը: Սակայն Ճէյմս իբր յարգանք նախընտրեց փոխել իր թիւը եւ կրել 23-ը` 2023-2024 տարեշրջանին համար:
Ռասըլ, որ իր ամբողջ ասպարէզի ընթացքին եղած էր Պոսթըն Սելթիքսի սենթըրը, 11 անգամ շահած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի տիտղոսը, ինչպէս նաեւ 5 անգամ եղած էր «Էմ. Վի. Փի.»-ի (լաւագոյն մարզիկը):
Ասիկա 4-րդ անգամն է, որ Լեպրըն Ճէյմս կը փոխէ իր թիւը, եւ կը վերադառնայ իր առաջին տարեշրջանի հագած թիւին` 23:
Ճէյմս համալսարանի իր օրերուն ալ նոյն թիւը` 23 կը հագուէր, եւ շարունակեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ` Քլիվլէնտ Քեւելիրզի հետ: 2010-ին, երբ ան միացաւ Մայեմի Հիթին, իր թիւը փոխեց թիւ 6-ի, որովհետեւ Հիթ թիւ 23-ը մեկուսացուցած` էր` իբրեւ յարգանք Մայքըլ Ճորտընի:
2014-ին, երբ Ճէյմս Քլիվլենտ վերադարձաւ, վերստին թիւ 23 հագուեցաւ մինչեւ 2021` Լէյքըրզ ժամանումը, երբ թիւ 6 հագուեցաւ, որպէսզի խմբակից Էնթընի Տէյվիս հագուի թիւ 23, սակայն Տէյվիս մերժեց առնել այդ թիւը:
Ճէյմս, որ թիւ 6 կը հագուէր, երբ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մրցանիշը բարելաւեց` կէտեր նշանակելու առումով, յայտարարեց, թէ իր 21-րդ տարեշրջանը պիտի խաղայ եւ չի մտածեր լքել պասքեթպոլը:
Դեկտեմբերին 39 տարեկան պիտի դառնայ Ճէյմս եւ կը փափաքի «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ խաղալ յառաջիկայ տարեշրջանին, երբ իր զաւակը` Պրոնի Ճէյմս սկսի «Էն. Պի. Էյ.» խաղալ: