Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Կը Շեշտէ Հայ-Սինկափուրեան Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Անհրաժեշտութիւնը

March 29, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր պետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Սինկափուր:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Սինկափուրի բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահ Թոնի Տամ Քեն Եամի եւ վարչապետ Լի Սիան Լունի հետ, ինչպէս նաեւ մասնակցեցաւ Սինկափուրի գործարարական համադաշնակցութեան անունով ի պատիւ Հայաստանի նախագահին տրուած ճաշկերոյթին, որուն ներկայ էին այդ երկրին մեծ գործարարները եւ ամէնէն ազդեցիկ ընկերութիւններու ղեկավարները:

Սինկափուրի եւ Հայաստանի նախագահները քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութիւն զարգացնելու, հայ-սինկափուրեան քաղաքական երկխօսութիւնը աշխուժացնելու ուղղութեամբ հաւանական քայլերը:

Սինկափուրի նախագահը ընդգծեց, որ թէեւ երկու երկիրները դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեցին քսան տարի առաջ, սակայն հայ-սինկափուրեան կապերը գոյութիւն ունին 150 տարիէ ի վեր. հայերը Սինկափուրի մէջ հրապարակած են առաջին թերթը եւ հիմնած են առաջին քրիստոնէական եկեղեցին:

Երկու երկիրներու նախագահները խօսեցան կրթութեան, գիտութեան, քաղաքացիական ծառայութեան մարզերուն մէջ համագործակցութեան եւ  սինկափուրեան փորձառութիւնը Հայաստանի մէջ ներդնելու մասին:

Սինկափուրի վարչապետին հետ նախագահ Սարգսեանի հանդիպման ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերու ամրապնդման: Երկու կողմերը ընդգծեցին Սինկափուրի պատմութեան մէջ հայ համայնքի ունեցած նշանակալի դերակատարութիւնը: Յատկապէս նշելով հայ գործարարներու բարի համբաւը եւ Սինկափուրի մէջ 19-րդ դարու աւարտին առեւտրական յարաբերութիւնները զարգացնելու գործին մէջ անոնց ունեցած իւրայատուկ առաքելութիւնը` Սինկափուրի  վարչապետը ցանկութիւն յայտնեց վերականգնուած տեսնել հայ-սինկափուրեան տնտեսական սերտ կապերը:

Սինկափուրի «Իսթանա» նստավայրին մէջ պաշտօնական բանակցութիւնները եզրափակուեցան փաստաթուղթերու ստորագրումով: Մասնաւորաբար ստորագրուեցան փոխադարձ ըմբռնումի  յուշագիր Հայաստանի եւ Սինկափուրի կառավարութիւններուն միջեւ մշակոյթի մարզին մէջ համագործակցութեան մասին եւ համաձայնագիր Հայաստանի եւ Սինկափուրի կառավարութիւններուն միջեւ դիւանագիտական եւ ծառայողական անձնագիրներ ունեցող անձերու համար մուտքի արտօնագիրի պահանջի փոխադարձաբար վերացման մասին:

Հայաստանի նախագահը երէկ այցելեց նաեւ Սինկափուրի բուսաբանական այգի, ուր տեղի ունեցաւ այդ երկրին ազգային խորհրդանիշը նկատուող ծաղիկին` Սինկափուրեան խոլորձի անուանակոչութեան արարողութիւնը: Այսպիսի նախաձեռնութիւններ Սինկափուրի մէջ տեղի կ՛ունենան ի պատիւ երկրի բարձրաստիճան հիւրերուն եւ անուանի գործիչներուն: Վերոնշեալ արարողակարգին Հայաստանի նախագահին մասնակցութիւնը այլ խորհուրդներ եւս ունէր. «Վանտա Միսս Ճոաքիմ» անունը կրող խոլորձի տեսակը, որ յայտնի է նաեւ իբրեւ Սինկափուրեան խոլորձ կամ Ալոհա արքայադստեր խոլորձ, իր անունը ստացած է ի պատիւ Սինկափուրի մէջ բնակող հայազգի ծաղկաբոյծ Ագնես Ճոաքիմի (Աշխէն Յովակիմեան), որ յայտնաբերած է այս ծաղկատեսակը:

Նախագահ Սարգսեան Սինկափուրի ամէնէն ազդեցիկ ընկերութիւններուն եւ երկրին մեծագոյն գործարարական ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ քննարկեց Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու հեռանկարները: Սինկափուրի գործարարական շրջանակներու ներկայացուցիչները հետաքրքրուած են յատկապէս տեղեկատուական արհեստագիտութեան, հեռահաղորդակցութեան, առողջապահութեան, քաղաքաշինութեան եւ քաղաքաշինական ծրագրաւորման, հիւլէական կայաններու շինարարութեան, աղբահանութեան եւ ջրային աղբիւրներու կառավարման մարզերուն մէջ Հայաստանի հետ համագործակցութեան կարելիութիւններով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման ժամանակ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ, որ յառաջիկային Սինկափուր այցելեն նաեւ հայ գործարարները` բանակցութիւնները եւ մտադրութիւնները աւելի որոշակի ծրագիրներու վերածելու նպատակով:

 

Նախորդը

Պրիւքսէլի Մէջ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Հանդիպումը Վրաստանի Դեսպանին Հետ

Յաջորդը

Սուրիական Հարցադրումներ Հայաստանի Քաղաքական Սեղանին

RelatedPosts

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.