Յաջորդաբար հրատարակութեան տուինք մեր յօդուածագրին` Միհրան Քիւրտօղլեանի քաղած հարեւանցի տեղեկանքը` Եւրոպայի հայագաղութներու մասին: Վերջին բաժնով կու տանք նաեւ իր կատարած ընդհանուր դիտարկումները: Ընթերցողները նկատած պիտի ըլլան անշուշտ, որ զանց առնուած են նախկին Խորհրդային Միութեան մաս կազմող եւրոպական երկիրները` անոնց վերաբերեալ տեղեկատուութիւններ հաւաքել չկարենալուն պատճառով եւ այլն:
1.- Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Պալթեան երկիրներու հայութիւնն ալ համարելով շուրջ երկու միլիոն` ընդհանուրը կ՛ունենանք երեք միլիոնի շուրջ տարուբերող թիւ մը: Այս թիւը ԵՆԹԱԴՐԱԿԱՆ է, եւ ոչ մէկ հիմք կայ զայն հաստատելու, քանի որ ոչ մէկ տեղ ճիգ կատարուած է հայահամարի, թէկուզ` անկատար: Նոյնիսկ պետական սպասարկութեանց մէջ հայահամարի հետազօտութեամբ մը կարելի չէ արդիւնքի հասնիլ` տրուած ըլլալով, որ հոն ալ արձանագրութիւնները կատարուած են ըստ անձնաթուղթի եւ ոչ թէ` ըստ ազգութեան: Թերեւս նշումներ եղած ըլլան կրօնի ու դաւանանքի մասին (քրիստոնեայ, իսլամ կամ այլ): Որով, սփիւռքը վերակազմակերպելու Արամ Ա. կաթողիկոսի կոչ-հրամայականին առաջին պայմանը հայահամարի ձեռնարկելն է, որ ըստ ինծի, մասամբ կրնայ ձեւ ու մարմին առնել հոգեւոր ծառայողներու կողմէ, որոնք առիթներով կամ առանց առիթի լաւ է, որ հայկական ընտանիքներու այցելութիւններ տան… Կարեւոր է հայահամարը, թէկուզ` անկատար արձանագրութիւններով: Նախ գիտնանք, թէ ի՛նչ ատաղձ ունինք:
2.- Բացի Յունաստանէն եւ որոշ չափով Կիպրոսէն` ոչ մէկ շրջանի մէջ հայկական կեանքին տիրութիւն ընողը մեր կուսակցութիւնն է: Եւրոպական բոլոր երկիրներու մէջ մեր կազմակերպութիւնը իր համակիրներով մէկ մասն է հայագաղութին, թերեւս` ամէնէն բարձրաձայնը, գործունն ու կազմակերպը, բայց տիրութիւնը իրեն չի պատկանիր` բացի Յունաստանի շրջանէն, նաեւ որոշ չափով` Կիպրոսէն: Հակառակ այս նշումին` պէտք է արձանագրել սակայն, որ այդ երկիրներու մէջ Հայ դատ հետապնդողները Դաշնակցութեան կորիզներն են, կամ անհատ կուսակցականները: Նոյնպէս անոնք են, որոնք հետեւողական աշխատանքի լծուած են նորակազմ հայագաղութները կազմակերպ վիճակի հասցնելու եւ զանոնք ազգային նպատակներուն առնչելու համար:
3.- Այնպէս կը թուի, թէ հակառակ 30 տարուան փորձառութեան` տակաւին շփոթ մը կայ Հայաստանի դեսպանատուներու հանգամանքին նկատմամբ: Շփոթը կը յառաջանայ քաղաքական ընտրանքներէ եւ ներհայաստանեան քաղաքական կեանքի նախասիրութիւններէ, որոնց պատճառով դեսպանատուներու նկատմամբ յաճախ կը նախաձեռնուին այնպիսի շարժուձեւեր, որոնք վիրաւոր կը դարձնեն «պետականութիւն» եւ «կառավարութիւն» հասկացութեանց միջեւ արդէն իսկ շփոթալի շատ նուրբ տարբերութիւնը: Նման պարագաներու բնական է, որ առնուած նախաձեռնութեանց նկատմամբ վերապահ դառնան ազգայիններ, նաեւ` քաղաքական կազմաւորում ունեցող համակիր անձեր:
4.- Տարիներու փորձառութիւնը կը թելադրէ, որ երկրի մը մէջ որքան փոքր է գաղութը, աւելի ու աւելի մեծ ու ամուր պիտի ըլլայ կազմակերպուածութիւնը, նոյնքան ու աւելի` համադրուած աշխատանքը, որպէսզի գաղութը նկատուի քաղաքական ազդակ կամ առնուազն` քաղաքական ներկայութիւն: Այսպէս թէ այնպէս, 5-6 հարիւր հազար Ֆրանսայի հայութիւնը բաւական մեծ թիւ է, որ նկատի առնուի եւ ըստ այնմ պետական-կառավարական վերաբերում ճշդուի հայկական խնդիրներու նկատմամբ, մինչդեռ, օրինակ, Յունաստանի 12-15 հազարը այնքան աննշան թիւ է, որ նկատի պիտի չառնուէր, եթէ գաղութը չըլլար այնքան կուռ ու կազմակերպ, որ կարենար տալ գաղութի թուային ուժականութենէն տասնապատիկ աւելիի տպաւորութիւն…
5.- Նկատելի է, որ բացի Կիպրոսէն` մնացեալ հայագաղութներու մէջ ազգայիններ տակաւին բանտուած կը մնան «անթիլիասական-էջմիածնական» անհեթեթութեան թակարդին մէջ: Կարծէք` անգիր օրէնք կայ, որ մէկ «ճակատ»-ին համակիր ազգայիններ չմասնակցին միւս «ճակատ»-ի թեմական ընտրութիւններուն եւ չմասնակցին թեմի վարչական, տնտեսական, ուսումնական, հոգաբարձական եւ այլ աշխատանքներուն: Մինչդեռ, իբրեւ անբաժանելի մասնիկը հայագաղութին, ոչ միայն բոլորիս իրաւունքն է, այլ մանաւանդ պարտականութիւնն է քրտինքի մեր բաժինը բերելու ընդհանրական գործին: Զարմանալի է տակաւին յամեցող այս անգիր օրէնքը` հակառակ այն իրողութեան, որ սփիւռքահայ այսօրուան սերունդը եւ ղեկավարութիւնը բացարձակ անտեղեակ են հին ժամանակներու պատկանող եկեղեցական վէճերուն: Անոնց մեծամասնութիւնը նոյնիսկ ծնած չէր այդ տխուր օրերուն: Օրինակուինք Արամ Ա. կաթողիկոսէն, որ իր կաթողիկոսութեան առաջին օրերէն իր շուրջ կը բոլորէ երկու «ճակատ»-ներէն մարդեր եւ կարեւոր գործեր կը վստահի անոնց: Ազգային գործերու մասնակցութեան իրաւունքն ու պարտականութիւնը ամէն ազգայինի կը պատկանի, ինչ որ արդէն հրահանգն է Ազգային սահմանադրութեան, որուն վաւերացման 160-րդ տարեդարձն է այս տարի:
Ըստ Հայ եկեղեցւոյ թեմական կանոնակարգին եւ հայ մարդու ներկայ ժամանակի ընկալումին, թեմի վարչական գործերու տնօրինման մէջ որոշումներ կայացնելու աշխարհականներու դերակատարութիւնը հիմնական է թէ՛ իբրեւ պարտականութիւն եւ թէ՛ իբրեւ իրաւունք: Ասոր համար ալ արդէն նախատեսուած է Կրօնական ժողովի կառոյցը, ուր գործ չունին աշխարհական մարդիկ: Այս իրականութիւնը ժխտողները կղերապետական հակում ունեցողները միայն կրնան ըլլալ, ինչ որ այսօրուան հայ մարդուն համար անտեղիտալի հաստատամտութեամբ մերժելի է ըստ ամենայնի:
Առ այս կ՛առաջարկուի քանդել «անթիլիասական-էջմիածնական» պիտակին տակ քարացած մտայնութիւնը եւ մասնակից դառնալ թեմական բոլոր գործերուն` ընտրութիւններէն մինչեւ վարչարարական պարտականութիւնները:
(Շար. 5 եւ վերջ)
Աթէնք, յուլիս 2023