Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Հայաստան Համաձայնութիւն Տայ, Անմիջապէս Պիտի Սկսինք Վրաստանի Մէջ Հանդիպումներ Կատարել» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Հոկտեմբեր 9, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի վարչապետ Ղարիպաշվիլին յոյս ունի, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը շուտով խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի ստորագրեն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է Վրաստանի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին:

Ղարիպաշվիլի նաեւ անգամ մը եւս Թիֆլիսը առաջարկած է իբրեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու հարթակ:

Ան նշած է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի արտօնէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատել, ինչ որ բարգաւաճում պիտի բերէ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն:

«Թիֆլիսը միշտ պատրաստ է մասնակցելու այդ հոլովոյթին: Մեր ապագան պէտք է ըլլայ խաղաղ եւ կայուն: Անդրկովկասի երեք երկիրները պէտք է իրենք լուծեն շրջանի եւ զարգացման հարցերը», կ՛ըսէ Ղարիպաշվիլի:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր կարգին յայտարարած է, որ եկած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի վրայ աշխատելու ժամանակը:

«Մենք պէտք է աշխուժօրէն սկսինք աշխատիլ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի վրայ: Յոյսով եմ` մենք պիտի կարենանք ատոր հասնիլ, եւ այս ձեւով այնպիսի քաղաքական միջավայր եւ կացութիւն պիտի ստեղծենք Հարաւային Կովկասի մէջ, ուր պիտի ներկայացուի եռակողմ համագործակցութիւն` Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մասնակցութեամբ», ըսած է Ալիեւ` Թիֆլիսի մէջ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ բանակցութիւններէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Ազրպէյճանի ղեկավարը չէ բացառած Վրաստանի մէջ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ հանդիպում կատարելը, եթէ հայկական կողմը ատոր համաձայնի:

«Եթէ Հայաստան համաձայնութիւն տայ, մենք անմիջապէս համապատասխան գերատեսչութիւններուն օգնութեամբ պիտի սկսինք երկկողմ եւ եռակողմ հանդիպումներ կատարել այստեղ` Վրաստանի մէջ», աւելցուցած է ան:

Ալիեւի կարծիքով` Վրաստանը պէտք է ներառուի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ:

«Իմ պատկերացումս այն է, որ թէ՛ պատմական, թէ՛ աշխարհագրական առումով ամէնէն ճիշդը պիտի ըլլայ Վրաստանը ներգրաւել այս հարցին մէջ: Շնորհակալ եմ պարոն վարչապետին այս հարցին վերաբերեալ մեզի օգնելու պատրաստակամութեան եւ միջնորդի դերը առաջարկելուն համար», ըսած է Ալիեւ:

Ալիեւ աշխատանքային այցելութեամբ Վրաստան մեկնած է Ղարիպաշվիլիի հրաւէրով:

«Ազրպէյճանական 8 Գիւղեր Տակաւին Կը Գտնուին
Հայաստանի Բռնագրաւման Տակ» Միշելին Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ «Ազրպէյճանական 8 գիւղեր տակաւին կը գտնուին Հայաստանի բռնագրաւման տակ»` ընդգծելով զանոնք «ազատագրելու» կարեւորութիւնը:

Յայտնենք, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս Ֆրանսան դատապարտող իր յայտարարութեան մէջ նման պնդում կատարելով նշած էր. «Ֆրանսան ներկայիս աչք կը փակէ ազրպէյճանական 8 գիւղի բռնագրաւման վրայ: Ազրպէյճանը ոչ ոքի հողերը բռնագրաւած է, եւ այն պնդումը, որ սահմանի չսահմանազատուած հատուածի տարածքները, ուր տեղակայուած են ազրպէյճանական ուժերը, կը պատկանին Հայաստանին, կը հակասէ որեւէ տրամաբանութեան»:

Ալիեւ նաեւ յայտնած է. «Եթէ շրջանին մէջ դարձեալ տագնապ սկսի, մեղաւորը Ֆրանսան պիտի ըլլայ»:

Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ Ազրպէյճանը Կրանատայի մէջ հանդիպումին չէ մասնակցած Ֆրանսայի «կողմնակալ» դիրքորոշումին պատճառով:

Միշել իր կարգին «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Պրիւքսելեան հանդիպումին ընդառաջ հեռաձայնեցի Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւին, անոր փոխանցեցի Եւրոպական Միութեան հաւատարմութիւնը Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին:

«Վերահաստատեցի տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան փոխադարձ յարգանքի, ինչպէս նաեւ սահմաններու սահմանազատման ուղղութեամբ յառաջընթացի անհրաժեշտութիւնը:

«Ընդգծեցի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը նաեւ երկարաժամկէտ ապագային», գրած է Միշել:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կը Փափաքի, Որ Հայաստանը Ներգրաւուի Ազրպէյճանի Մասնակցութեամբ Նախագիծին

Յաջորդը

Թուրքիա Կը Դատապարտէ Արցախի Հարցով Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը

RelatedPosts

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
Քոնկրեսին Մէջ Արցախի  Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում
Հայկական

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում

Մայիս 3, 2025
Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին`  Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով
Հայկական

Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին` Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով

Մայիս 3, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?