Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հրաժարած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն, որ պէտք էր տեղի ունենար Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ` Եւրոպական Միութեան, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներուն մասնակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` յղում կատարելով իրենց աղբիւրներուն:
Կը նշուի, որ Ազրպէյճանի ղեկավարի մերժման պատճառը Ֆրանսայի «ապակառուցողական դիրքորոշումն է», ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` հանդիպումին մասնակցելուն Փարիզի եւ Պերլինի անհամաձայնութիւնը: Ազրպէյճան նման պայմաններու մէջ մերժած է բանակցիլ: